Նախագահ Սահակեան մօտէն ծանօթացաւ Արցախի մատենադարանի շէնքի կառուցման աշխատանքներուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 19 Հոկտեմբերին այցելած է Գանձասարի վանական համալիրին կից կառուցուող Մատենադարանի շէնք եւ ծանօթացած տարուած աշխատանքներուն:

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ՝ երկրին ղեկավարը հանդիպում ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի` Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի եւ հաստատութեան խումբ մը գիտաշխատողներու ու մասնագէտներու հետ:

Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ աշխատանքները արդէն թեւակոխած են վերջնական հանգրուան, եւ շուտով աշխատելու պիտի սկսի այս կարեւոր գիտամշակութային կեդրոնը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէնին եւ աշխատակիցներուն` մնայուն աջակցութեան համար` նշելով, որ առանց անոնց բարձր մասնագիտական եւ հայրենանուէր գործունէութեան  անկարելի պիտի ըլլար յաջողութեամբ իրականացնել Արցախի մէջ Մատենադարանի հիմնադրութեան աշխատանքները: