«Մանկական Եւրոտեսիլ 2021» երգի միջազգային մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, առաջին հանդիսացաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալենան «Քամի-Քամի» երգով, ուր վաստակեցաւ 224 միաւոր, իսկ Լեհաստանի մասնակիցը երկրորդ հորիզոնական էր եւ Ֆրանսան՝ երրորդը։
Ըստ մրցոյթի քուէարկութեան օրէնքին, մասնակից երկիրը առ ցանց քուէարկութեան միջոցով կրնար ձայն տալ նաեւ իր պատուիրակին: Քուէարկութիւնը սկսած էր 17 Դեկտեմբերին jesc.tv կայքին վրայ, ուր կարելի էր դիտել բոլոր մասնակիցներուն ելոյթներուն նախնական տարբերակները:
Քուէարկութիւնը աւարտեցաւ մրցոյթի օրը՝ ելոյթէն անմիջապէս առաջ: Ապա վերսկսաւ մրցոյթի ընթացքին բոլոր ելոյթներէն վերջ: Քուէարկութիւնը տեւեց 15 վայրկեան: Պատկերասփիւռ դիտողի քուէն վերածուեցաւ կէտերու՝ դառնալով մրցոյթի արդիւնքին մէկ մասը, միւս մասը ճշդուեցաւ դատական կազմին տուած արժեւորումին համաձայն:
Դատական կազմի քուէարկութեամբ Հայաստան 10-ական կէտ ստացաւ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, 5-ական կէտ՝ Վրաստանէն, Մալթայէն, 12 կէտ՝ Լեհաստանէն, Փորթուկալէն, 2-ական կէտ՝ Պուլկարիայէն, Հիւսիսային Մակեդոնիայէն, 6-ական կէտ՝ Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Ալպանիայէն, 7-ական կէտ՝ Իռլանտիայէն, Ուքրանիայէն, Հոլանտայէն, 8 կէտ՝ Սերպիայէն:
Յիշենք, որ Հայաստան 12 կէտ տուաւ Վրաստանի մասնակիցին:
Պատկերասփիւռ դիտողին քուէարկութեամբ Մալենան շահած էր 109 կէտ: