Հանրածանօթ երգահան Մաժակ Թօշիկեանի՝ մեզի անյայտ իր ինքնութիւնն ու ստեղծագործութիւնները

Հանդիպում «Ապագայ»ի հետ Պատրաստեց Պերճ Գոգորեան

Կ’ըսուի թէ արուեստագէտներ արտակեդրոն կեանք մը կունենան՝ իրենց խօսակցութեամբ, մտածելակերպով կամ պոռթկումներով: Սակայն բացառութիւններ մի’շտ կան. եւ այդ բացառութիւններէն մին է ան՝ որուն «Ապագայ»ն հաճոյքն ունեցաւ հանդիպելու ու աւելի մօտէն ծանօթանալու, հետեւաբար եւ հաճոյքն ունեցաւ երեւան բերելու այն իրականութիւնները, որոնք, մինչեւ վերջերս, թաքուն մնացած էին բոլորէս:

Վերջերս լոյս տեսաւ «Beni Benimle Birak» անունով գիրք մը, Մաժակ Թօշիկեանի մասին՝ թրքերէն լեզուով: Հեղինակն է հանրածանօթ Vercihan Ziflioglu: Սակայն Թօշիկեանի անունին կողքին արձանագրուած էր երկրորդ անուն մը՝ «Cenk Taskan»: Այդ երկրորդ անունն էր որ մեր հետաքրքրութիւնը քրքրեց: Մաժակ Թօշիկեան, իրեն համար կը գործածէր երկու անուն՝

Մաժակ Թօշիկեան՝ հայերուն ծանօթ, կամ՝  Cenk Taska՝ թուրքերուն ծանօթ:

*  *  *

Մաժակ Թօշիկեան ծնած է 1947-ին Պոլիս, «Գընալը» կղզի:

Իր կեանքը կ’ըլլայ փոթորկալի, ասպարէզի ճամբան կ’ըլլայ քարոտ, սակայն զարիվեր:

Քաղաքական ու ապահովութեան անկայունութիւնը մղիչ պատճառ կը դառնան, որ Cenk Taskan (Թօշիկեան) հեռանայ Պոլիսէն ու 1981-ին կը հաստատուի Մոնթրէալ Մաժակ Թօշիկեանի անունով ուր իր ուշադրութիւնը կը կենդրոնացնէ ազգային երաժշտութեան վրայ՝ մասնաւորաբար Յովհ. Շիրազի, Դանիէլ Վարուժանի, Համօ Սահեանի եւ Գէորգ Էմինի բանաստեղծութիւններուն:

Պոլսոյ ասպարէզի բարձունքէն ետք, ան՝ Մոնթրէալ, անգամ մը եւս պիտի սկսէր «զերօ»էն:

Տքնաջան աշխատանքով կրցած է 2-րդ անգամ ըլլալով… գտնել իր ճամբան:

Եւ ահա յանկարծ դէպք մը՝ կը դառնայ անկիւնադարձը իր հայկական երաժշտական ասպարէզին:

Հանդիսութեան մը առիթով՝ Դոկտ. եւ Տիկ. Արշաւիր Կէօնճեաններու դուստրը, օր. Լորի, շնորհալի ու թափանցող յուզականութեամբ, կ’ասմունքէ Յովհ. Շիրազէն: Մեծ երգահանը կ’ազդուի ու կը յօրինէ եղանակը՝ այդ քերթուածին, որ հետագային պիտի դառնար սփիւռքահայածանօթ «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնիմ»ը:

Վրայ հասան երկրաշարժի սոսկալի օրերը (1988 Դեկտ. 7-ին), որոնց յաջորդեց Արցախեան առաջին պատերազմը (1991):

Հայրենիքի հանդէպ Մաժակի ունեցած սէրն ու ցաւը կը կտցահարեն իր սիրտը եւ ան ալ իր կարգին, ինչպէս համայն սփիւռքը, կ’որոշէ իր օժանդակութիւնը բերել՝ (CD) -ի վրայ արձանագրելով այդ երգը: Եւ ահա օր մը հայրենիքի հեռատեսիլէն, զինուորական տողանցքի մը ցուցադրութեան ժամանակ, կը լսէ «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնիմ»ը:Այդ կ’ըլլայ իր անձնագիրը բոլոր հայերու սրտերուն:

Երաժշտագէտը կրկին կ’այցելէ Պոլիս 1996-ին, դարձեալ Cenk Taskan-ի անունին տակ:

Այդ շրջանին արժանացած է Ֆեթհիյէ ի Միջերկրականեան փառատօնի (Festival) Life Time Achievement պարգեւին2005-ին Պետական Օփերայի սրահին մէջ  կազմակերպուած են երկու համերգներ, ի նպաստ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին: Յայտնի երգչուհի Նիւքհէթ Տուրու, Վարդանանց երգչախումբ եւ Պարթեւ Կարեան, ընկերակցութեամբ սէնֆօնիք նուագախումբի, Cenk Taskan (Մաժակ Թօշիկեան) մականին տակ, մեկնաբանած են, բոլորովին իր յօրինումներէն բաղկացած երգացանկ մը:

Պաշտօնական հանդիպումներ («Լուսաւորիչ երգչախումբ»ի ղեկավար՝ Յակոբ Մամիկոնեան), նուագահանդէսներ ու մանաւանդ նորանոր երաժշտական ներշնչումներ, այցելութիւններ ու ելոյթներ՝ Մոնթրէալ-Նիւ-Եորք, Լոս Անճելըս եւ հայրենիք կը յաջորդեն իրարու եւ իր անթիւ ստեղծագործական ձեռագործները կրկին յորդիլ կը սկսին:

Գունագեղ նուաճումներու շարքը կը սահի իր արուեստի յիշատակներուն ընդմէջէն՝

* Դարեդար Ախթամար (Մարմարա թերթին 70 ամեակին առթիւ բանաստեղծ տօքթ. Իգնա Սարըասլան’ի քերթուածով, մասնակցութեամբ՝ Լուսաւորիչ երգչախումբի, սէնֆօնիք նուագախումբի եւ Այլին Աթէշ եւ Գէորգ Դաւիթեան’ի նման մեներգիչներու, խմբավարութեամբ՝ Յակոբ Մամիկոնեան’ի) Պոլիս:

* Սասունցիներու Պարը՝ Գէորգ Էմինի: Առաջին ներկայացումը  (24 Սեպտ.) Երեւանի (Գաբրիէլ Սունդուկեան թատերասրահին մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան: Նոյն ելոյթը կրկնուեցաւ Կիւմրիի մէջ (13 Հոկտ.): Անգամ մը եւս Պոլսոյ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175 ամեայ հանդիսութիւններու առիթով (7 Մայիս 2019) Պաքըր գիւղի Լէյլա Կէնճէր համերգասրահին մէջ: Պոլիս:

* Frankestein (musical Theatre):

* Casa Blanca (ժապաւէն musical Theatre-ի ոճով ներկայացուած):

* Կոմիտասի պատարագը  սէմֆօնիի վերածուած (խմբավարութեամբ Ստեփան Կէօզիւմեանի), հովանաւորութեամբ Տ. Յովնան Արք.-ի, Լոս Անճելըս:

* Եւ որիշ հարիւրաւոր յօրինումներ:

Մաժակ Թօշիկեանի ունեցած սէրն ու յարգանքը՝ հանդէպ Հրանդ Տինքի, մղեց զինք ստեղծագործելու իր գլուխ-գործոցներէն մին «Հրանդ Տինքի Oratorium»ը: Խօսք՝ Պոլսահայ գրող՝ Պերճուհի Պէրպէրեանի, ներկայացուած Սեպտ. 24 – 2015-ին, վայրը՝ Երեւանի «Արամ Խաչատուրեան» սրահ, մասնակցութեամբ Լուսաւորիչ երգչախումբի, հայրենի սէնֆօնիք նուագախումբի ղեկավարութեամբ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի, սոյն ելոյթը յաջողութեամբ կրկնուած Պոլիս, Նիւ Եորք, Լոսանճելըս եւ Մոնթրէալ (2 անգամ):

 

Հարցում.- Յարգելի պրն. Թօշիկեան, կրնայիք գաղափար մը տալ յառաջիկայ Ձեր ծրագիրներուն մասին:

Պատասխան.- Գիտէ՞ք, ամերիկեան կինօ-արուեստին մէջ երբ յաջող շարժանկար մը ներկայացուի, մի քանի տարիներ ետք կը պատրաստուի նոյն շարժանկարին շարունակութիւնը՝ թիւ 2-ը: Հետեւելով այդ բանաձեւին (Formula) կը փափաքիմ պատրաստել Յովհ. Թումանեանի «Ախթամար»ի թիւ 2-ը. այսինք՝ եթէ «Ախթամար»ը կը վերջանայ ողբերգութեամբ մը, պիտի փափաքէի յօրինել առաջին մասը. «Ախթամար»ին: Թէ Ո՞վ էր Թամարը, ո՞վ էր իր քաջարի սիրահարը, արդեօք մանկութեան բարեկամնե՞ր էին ձկնորսի մը զաւակներ, թէ տարբեր ընկերային խաւերէ ծնունդ առած…: Այս բոլորով հետաքրքրական ու դասականը «Musical Theater» կարելի է ստեղծել:

Ահաւասիկ յարմար առիթ մը ուր Թօշիկեան իր խորին շնորհակալութիւնը պիտի յայտնէր հանրահռչակ հեղինակին՝ Vercihan Ziflioglu -ին: Այսպէսով վերջ կը գտնէր «Ապագայ»ի ջերմ հանդիպումը, սակայն վերջ չէր գտներ մեր յարգանքն ու հիացմունքը հանդէպ՝ երգահանին, խմբավարին եւ երաժշտագէտին:

Նորանոր յաջողութեան մաղթանքներով՝

«Ապագայ» շաբաթաթերթ

Վերջապէս ահաւասիկ Հա’յ մը մէկ կամ երկու անունով՝ հարց չէ’: Պոլիսէն, Մոնթրէալէն կամ Հայաստանէն՝ հարց չէ’: Հա’յ մը որ իր հմտութիւնը ծաւալելով դարձած է հպարտութեան արժանի արուեստագէտ մը, ծառայելով թէ’ թրքական թէ’ հայկական մշակոյթին… ինչպէս շատե՜ր… ինչպէս մի’շտ…: