Դեկտեմբեր 25, 2021-ին Հայց. Առաք. եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան օրը : Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագ եւ առաջին մարտիրոսին տօնի առթիւ, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 26, Դեկտեմբեր 2021-ին Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցեց գանատահայոց փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան:
Ս. Պատարագի ներկայ էին, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան ազնուափայլ Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան, Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Տիար Վարուժան Լափոյեան, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հոգ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, օգնական, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան, Թորոնթոյի մէջ գործող, հայկական եկեղեցիներու, կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, Թորոնթոյահայ նահատակ Քրիստափոր Արթինի ընտանիքը եւ Ղարիպեան ընտանիքը:
Ս. Սեղանին սպասարկեցին բրշ. Սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ, այս առթիւ կը շնորհաւորենք սուրբ եկեղեցւոյ ծառայող բոլր Սարկաւագներուն տօնը:
Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քահանան, իր քարոզին ընդմէջէն անդրադարձաւ օրուայ խորհուրդին եւ մեր նահատակներու անձնուրացութիւնը նոյնացուց Նախավկայ եւ նախամարտիրոս Ս. Ստեփանոսի վարքին եւ զոհաբերման հետ:
Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախի Անկախութեան եւ անոր ժողովուրդի ազատութեան համար նահատակուած բոլոր հերոսներուն հոգիներուն ի հանգիստ: Ապա այս առթիւ եկեղեցւոյս դպրաց դասը ղեկավարութեամբ պրն. Շահէ Ալթունեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ տիկ. Սօնա Արթինեանի խմբերգեց խմբերգեց «Ով Հայոց Աշխարհ»ը, յաջորդաբար իրենց սրտի ջերմ խօսքերով հանդէս եկան, Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, իր հայկական արմատները վերագ տած Թորոնթոյահայ օրդ. Այտա Գրիգորեան, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Ճանպազեանը հոգ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեանը եւ Հ. Հ. լիազօր եւ արտակարգ դեսպան՝ ազնուափայլ Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանը հոգեւորաց դասը, պատուոյ հիւրերը եւ ներկայ հաւատացեալները թափօրով ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ նախամուտքը, ծաղկեպսակներու զետեղումէն, եւ հանգստեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ Յուշակոթողի Քօղազերկումը, Հայաստանի քայլերգի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ սոյն հանդիսութիւնը:
Յուշակոթողի արուեստագէտն է Թորոնթոյաբնակ Բոլիշչուկ Միկոլան, իսկ բարերարներն են Սէր եւ Տիկ. Լեւոն եւ Կարինէ Ղարիպեան եւ ընտանիք:
Խունկ եւ աղօթք բոլոր նահատակներու՝ հոգիներուն ի հանգիստ, յիշատակը վառ պիտի մնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերուն մէջ: