Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեան 24 Յունուարին ընդունեց իրանահայ յօրինող, խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանը։
«Երաժշտական արուեստին մէջ ձեր հեղինակած ժառանգութիւնն ու աւանդը անգնահատելի են բոլորիս համար: Ուրախ եմ հայրենիքի մէջ ձեզ կրկին տեսնելու համար: Յոյս ունիմ` պիտի կարենանք համատեղ ծրագրեր նախաձեռնել»,- ըսաւ Վահրամ Տումանեան:
Նախարարը հետաքրքրուեցաւ Ճգնաւորեանի գործունէութեամբ, ընթացիկ աշխատանքներով: «Աշխատանքը կը քաղցրացնէ կեանքը»,- յայտնեց ան՝ տեղեկացնելով, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին հեղինակեց առաւելի քան 40 գործ. երկու մեծ ստեղծագործութիւն նուիրեց Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին, իսկ վերջին գործը ռեքուիեմ է` ի յիշատակ «Քորոնա»-ի զոհերուն: Լորիս Ճգնաւորեան նշեց, որ ամէն անգամ մեծ սիրով եւ սպասումով կու գայ Հայաստան։ «Հայրենիքի հետ զիս կը կապեն նաեւ ամենախենթ յիշողութիւնները»,- ըսաւ ան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համատեղ նախաձեռնութիւններու, ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման, Լորիս Ճգնաւորեանի նոր ստեղծագործութիւնները հայրենիքի մէջ ներկայացնելու կարելիութիւնները եւ հեռանկարները:
Վահրամ Տումանեան Ճգնաւորեանը հրաւիրեց «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունենալիք «Հերոսներին. 44» խորագիրով համերգին, որ նուիրուած է 44-օրեայ պատերազմի հերոսներու յիշատակին: