Արցախի Ա. Գ. Նախարար Դաւիթ Պապայեանի Հետ. Տպաւորիչ եւ Բովանդակալից Առցանց Լսարանը

Չորեքշաբթի՝ 2 Փետրուար 2022-ին, ժամը GMT 17:00-ին (Արցախի ժամով 21.00ին) տեղի ունեցաւ բացառիկ առցանց հանդիպումը Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար Դաւիթ Պապայեանին հետ, նիւթ ունենալով Արցախի ներկան եւ ապագայի տեսլականը:

Հանդիպումը կազմակերպուած էր Ռ.Ա.Կ.-ի համադրուած մամուլի կողմէ եւ հարթակը կը վարէր Պէյրութէն Զարթօնք թերթի խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը:

Լսարանին ներկայ էին աշխարհի տարբեր շրջաններէն մեծ թիւով լուրջ եւ հետաքրքիր, քաղաքական եւ մտաւորական տարբեր բնագաւառներէ մասնակիցներ, որոնք մօտէն հետաքրքրուած են Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններով:

Լսարանին արձանագրուած մօտ 100 հոգիներէն որոշ թիւ մը դժուարութիւն ունեցած էին մասնակցելու, ժամերու եւ այլ գործնական պատճառներով:

Պրն. Սեւակի բացման խօսքէն ետք խօսքը տրուեցաւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար Տիար Դաւիթ Պապայեանին: Ան համապարփակ եւ տրամաբանական լուրջ տուեալներով մանրամասն կերպով ներկաներուն ներկայացուց Արցախի այսօրուայ քաղաքական, պաշտպանական եւ դիւանագիտական նրբութիւնները եւ տուեալները: Պրն. նախարարը ստորագծեց յատկապէս Արցախի կարեւորութիւնը ամբողջ հայ ժողովուրդին՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, եւ զայն որակեց իսկական սրբութիւն ամբողջ մեր ազգին համար:

Լսարանին մասնակիցները կեդրոնացած ուշադրութեամբ հետեւեցան Նախարար Պապայեանին ծանրախոհ այս ներկայացման որուն յաջորդեց աւելի քան մէկ ու կէս ժամ տեւող բուռն հետաքրքրութեամբ կատարուող հարց եւ պատասխան բաժին մը: Հարցումները ուղղուած էին Արցախի քաղաքական եւ այլ լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու կարողութեան մասին, Ռուս խաղաղապահ ոյժերու կատարած դերին եւ անոնց ներկայութեան երկարաձգման մասին, Սփիւռքի կողմէ տնտեսական թէ քաղաքական գետնի վրայ կանոնաւոր ձեւով Արցախին օժանդակելու կարելիութեանց մասին եւ այլն: Պրն. Պապայեան կատարեալ յստակ տուեալներով եւ պատճառաբանութիւններով տուաւ խորքային եւ ամբողջական պատասխաններ:

Մօտ երկու ժամ տեւող այս բացառաբար այժմէական եւ բովանդակալից լսարանին վերջաւորութեան, պրն. Սեւակ Յակոբեան թարգմանը հանդիսանալով բոլոր մասնակիցներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Պապայեանին այս կարեւոր հարցազրոյցին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց Արցախի իշխանութեանց եւ ժողովուրդին իրենց դիմագրաւած եւ յաղթահարելիք մեծ մարտահրաւէրներուն մէջ:

Նախարար Պապայեան իր կարգին, բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սփիւռքահայութեան Արցախի նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ գուրգուրանքին համար եւ բարձրօրէն գնահատեց յատկապէս Ռ.Ա.Կ. մամուլին պատրաստակամութեան համար, տեղ տալու եւ խօսափողը դառնալու անոր պահանջներուն, դժուարութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն արտայայտութեանց:

*******************************************

Հետաքրքրուողները կրնան ստորեւ նշեալ կապը սեղմելով դիտել լսարանը:

https://www.youtube.com/watch?v=9WQna73I4zg