Գործն է անմահ, լա’ւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարէդար,
Երնէ’կ նրան որ իր գործով
Կ’ապրի անվերջ, անդադար:
Յովհաննէս Թումանեան
Սրտի խոր կսկիծով տեղեկացանք Թորոնթոյի հայ համայնքային կեանքէն ներս տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւնը մատուցած, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Նուիրեալ եւ հաւատաւոր զաւակ, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի երկարամեայ վաստակաշատ պատուոյ ուսուցիչ, Հ.Բ.Ը. Միութեան թորոնթոյի մասնաճիւղի գործօն անդամ ազգային գործիչ: Ողբ. Անդրանիկ Չիլինկիրեանի, անժամանակ մահուան լուրը, որ պատահեցաւ Յունուար 27, 2022-ին, որ ցաւ պատճառեց, ընտանիքին, հարազատներուն եւ բարեկամներու լայն շրջանակին:
Ազնիւ ու համեստ բնաւորութեան տէր, դաստիարակ սերունդներու: Ազգասէր ու հայրենասէր անձ մըն էր հանգուցեալ Անդրանիկ Չիլինկիրեանը:
Ան ծնած էր Օգոստոս 25, 1945-ին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, Զաքր եւ Մարի Չիլինկիրեաններու վեց զաւակներէն հինգերորդն էր, ան ունէր 2 քոյր եւ 3 եղբայրներ, իր աշխատասիրութիւնը ժառանգած իր հօրմէն իսկ հաւատքը մօրմէն, նախնական կրթութիւնը ստացած էր Հ.Բ.Ը. Միութեան Լազար Նազարեան վարժարանէն ներս, ընտանեօք կը տեղափոխուին Լիբանան եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հ.Բ.Ը. Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն ներս, ապա կը յաճախէ Լիբանանի պետական համալսարանը մասնագիտանալով պատմութեան ճիւղին մէջ, սակայն ուսուցչութիւնը միշտ գրաուած է զինք աւելի քան 50 տարիներ զայն ասպարէզ դարձուցած է դասաւանդելով մայրենի լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը 1978-ին հաստատուած է Թորոնթօ, փոքր տարիքէն անդամակցած է Հ.Բ.Ը. Միութեան եւ երկար տարիներ ծառայած է, եւ արժանացած է «Պատուոյ Անդամ»ի վկայագրի: Թորոնթօ հաստատուիլը նախախնամութիւն եղաւ, այդ շրջաններուն կը սաղմնաւորուէր, «Ալեք Մանուկեան Մշակութային Կեդրոնի ծրագիրը, մաս ու բաժին դարձաւ անոր իրականացման աշխատանքներուն, եւ եղաւ Միութեան վարիչ քարտուղարը, իր տեսլականին հաւատացողներու խումբով հիմը դրին Հ.Բ.Ը. Միութեան ամենօրեայ վարժարանին, եղաւ հիմնադիր տնօրէնը եւ ուսուցիչը:
Յունիս 2, 1996-ին այդ օրերու թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ ստացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. հոգելոյս Կաթողիկոսի Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակ ու «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին, ան արժանացած է նաեւ բազմաթիւ յուշատախտակներ: 1999 ամրան իրականացաւ իր երազը առաջին անգամ ըլլալով Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի, շրջանաւարտ աշակերտները առաջնորդեց մայր հայրենիք եւ այդ աւանդութիւնը կը շարունակուի մինչեւ օրս:
Ողբացեալի յաւերժաերթը ամբողջացած պիտի չ’ըլլար եթէ վերջին անգամ ըլլալով կանգ չառնէր իր սիրած ու պաշտած «Ալեք Մանուկեան» Կեդրոնի առջեւ:
Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Փետրուար 1, 2022-ին առաւօտեան ժամը 11.00-ին Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի եւ մասնակցութեամբ, հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի, Միսիսոկայի Ս. Վարդան Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանի, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեանի:
Արժ. Տ. Հայարի Քահանան ընթերցեց թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի ցաւակցական գիրը, Տ. Միւռոն քահանան ընթերցեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ցաւակցական գիրը ուղարկուած էր նաեւ Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի, ողբ Անդրանիկի դասընկերներու կողմէ ցաւակցական գիր մը, յանուն ողբացեալի աշակերտներուն շնորհակալական կուռ խօսքերով ելոյթ ունեցաւ բարեշ. Տարօն Սրկ. Հալլաճեան: Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի փոխ տնօրէն Պրն. Արա Տէր Յարութիւնեան ելոյթ ունեցաւ մխիթարական խօսքերուն, ինչպէս նաեւ Տ. Զարեհ Ա. Քահանան ելոյթ ունեցաւ ցաւակցական խօսքերով:
Ընտանիքի անունով ելոյթ ունեցան Տիկ. Թալին Չիլինկիրեան եւ Տիկ. Շողիկ Տարագճեան-Չիլինկիրեան (ողբացեալի եղբօր հարսն ու դուստրը) բոլորն ալ յիշեցին ողբացեալի ապրած առաքինի եւ օգտաշատ կեանքի օրերը:
Ի յարգանս վաստակաշատ ուսուցիչին յիշատակին Անի Պապայեան մեներգեց «Սիրելի Ուսուցիչ» երգը եւ Արա Տէր Յարութիւնեան ու Բրշ. Տարօն Սրկ. Հալլաճեան արտասանեցին վարժարանի «Սահակ Մեսրոպեան» քայլերգը եւ կարգախօսքեր:
Ապա հանգուցեալի մարմինը ամփոփուեցաւ «Եօրք» գերեզմանատան մէջ:
Անոր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ, բոլոր անոնց որոնք զինք ճանչցած էին կամ հետը գործակցած էին:
Թող բարին Աստուած իր երկնային լոյսերու մէջ ընդունէ Անդրանիկ Չիլինկիրեանի հոգին եւ Ս. Հոգիով մխիթարէ Չիլինկիրեան ընտանիքը:
Սգակիր բարեկամդ
Մատաթ Բ. Մամուրեան
Փետրուար 4, 2022