Պաշտօնական Երեւանը խստօրէն կը դատապարտէ Պաքուի վերահսկողութեան ներքոյ յայտնուած հայկական կրօնական եւ պատմամշակութային կոթողներու ինքնութիւնը փոխելու նպատակով աշխատանքային խումբ ստեղծելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն որոշումը:
Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանի խօսքով` «այն եւս մէկ անգամ վկայում է, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում եւ յաջորդած ժամանակաշրջանում Լեռնային Ղարաբաղում հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան նկատմամբ վանտալիզմի եւ ոչնչացման դէպքերը կրում են միտումնաւոր ու ծրագրուած բնոյթ եւ Լեռնային Ղարաբաղն իր բնիկ հայ բնակչութիւնից զրկելու քաղաքականութեան մաս են կազմում»:
Ընդգծելով, որ հրատապ է միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անյապաղ միջամտութիւնը, ԱԳՆ ներկայացուցիչը կ’եզրափակէ` նման քաղաքականութիւնը կը հակասէ հաշտութեան հասնելու Ատրպէյճանի յայտարարութիւններուն եւ լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար:
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Պաքուի նպատակը ակնյայտ է` հայկական պատմական հողերը ներկայացնել որպէս այլ ժողովուրդներու տարածք:
Սրբազանը դժգոհ էր Հայաստանի իշխանութիւններու քայլերէն. «Կրաւորական կեցուածք, որը ըստ իս` շատ դատապարտելի է, եւ եթէ մենք` որպէս եկեղեցի, անշուշտ, մեր ձայնն ունենք, մեր ձայնը բարձրացնում ենք, բայց մենք տեսնում ենք, որ դա քիչ է, մենք միայն խօսում ենք, բայց գործ չենք անում: Եկեղեցուն թողել են մենակ, միայն լրատուական այց բարձունքից են խօսում, լուրջ մօտեցում չկայ պետական լուրջ խողովակներով, դիւանագիտական, կամ լուրջ պետական մակարդակով պահանջատիրական ոչ մի կեցուածք չկայ»:
Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով, Փետրուար 3-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ տեղի ու միջազգային փորձագէտներէ աշխատանքային խումբ պիտի ստեղծուի, որ պիտի այցելէ հայացուած աղուանական յուշարձաններ, ընդգծելով. «Հայերը հետքեր թողած են մեր յուշարձաններուն վրայ, որուն վերաբերեալ այժմ մենք ապացոյցներ կը հաւաքենք»:
Քերիմովի ջանքերուն նախորդած էր Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը: Անցեալ տարուայ Մարտին այցելելով Հատրութի շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի` Իլհամ Ալիեւ ըսած էր. «Հայերը ինչպէս պղծած են մեր մզկիթները, այնպէս ալ հին աղուանական տաճարները պղծած են: Բայց մենք պիտի վերականգնենք: Այս բոլոր գրութիւնները կեղծ են, աւելի ուշ աւելցուած գրութիւններ են»:
Ատրպէյճանի նախաձեռնութեան անդրադարձած է նաեւ պաշտօնական Ուաշինկթընը: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մաս հանդիսացող Կրօնական Ազատութիւններու Հարցերով Յանձնաժողովի ղեկավար Նատին Մայենզան Թուիթըրի մէջ գրած է. «Մենք խորապէս մտահոգուած ենք եկեղեցիներէն Հայ Առաքելական արձանագրութիւնները հեռացնելու Ատրպէյճանի ծրագրերով: Կոչ կ’ընենք կառավարութեան՝ պահպանելու եւ պաշտպանելու պաշտամունքի վայրերն ու այլ կրօնական, մշակութային կառոյցները»:
44-օրեայ պատերազմին յաջորդած ամիսներու ընթացքին արդէն հաղորդուած է Թալիշի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցիէն հայկական հետքը վերացնելու, իսկ Հատրութի Սպիտակ խաչ եկեղեցիէն խաչը հանելու մասին: