Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէի եւ UNESCO World Heritage Review-ի համագործակցութեամբ, յայտնի «Google Arts and Culture» հարթակին վրայ ստեղծուած է եւ արդէն կը ցուցադրուի UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Հայաստանի երեք մշակութային արժէքներէն մէկը՝ «Էջմիածնի Մայր տաճար եւ եկեղեցիներ (Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Գայեանէ, Ս. Շողակաթ) եւ Զուարթնոցի տաճարի հնավայր»:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի՝ UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած յաւելեալ երկու մշակութային արժէքներ նաեւ շուտով պիտի տեղադրուին հարթակին վրայ: