Եւրոպական խորհրդարանի անդամները կ’ահազանգեն Ատրպէյճանի Կողմէ Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման վտանգին մասին՝ դատապարտելով հայկական եկեղեցիները իբրեւ «աղուանական» ներկայացնելու եւ անոնցմէ հայկական հետքերը վերացնելու Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Եւրոպացի պատգամաւորները Twitter-ի վրայ կոչ ըրած են միջազգային հանրութեան գործի անցնելու եւ դատապարտելու Ատրպէյճանի այդ գործողութիւնները:
«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է գործի անցնի հիմա: Մենք պէտք է դատապարտենք եւ կասեցնենք Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան խեղաթիւրման, աղաւաղման եւ ոչնչացման ցանկացած փորձ»,- գրած է Եւրոխորհրդարանի կիպրացի պատգամաւոր Տեմեդրիս Փափատագիսը:
Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան աղմկայարոյց նախաձեռնութեան անդրադարձած է նաեւ հոլանտացի պատգամաւոր Փեդեր վան Տալենը՝ գրելով, որ Ալիեւի յանցագործութիւնները սահմաններ չունին: «Ատրպէյճանը յայտարարած է, թէ կը ծրագրէ ջնջել հայկական հետքերը եկեղեցիներէն: Եւրոպական խորհրդարանը, Ֆրանսուա Ալֆոնսին (Եւրոխորհրդարանի անդամ), Սիլվի Կիյոմը (Եւրոխորհրդարանի անդամ) պէտք է դատապարտեն այս մշակութային ցեղասպանութիւնը»,- յայտարարած է Փեդեր վան Տալենը:
Աւարտին յիշենք, որ Փետրուար 3-ին ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները հաղորդած էին, թէ Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է «տեղի եւ արտերկրեայ մասնագէտներ»է կազմուած «աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որուն նպատակն է այսպէս կոչուած «աղուանական տաճարներ»էն հեռացնել «հայերուն ձգած կեղծ հետքերը»: