«Կազփրոմ» Ռուսիայէն Չինաստան Տարեկան 50 Միլիառ Խորանարդ Մեթր Կազի Փոխադրման Խողովակաշարի Ծրագրման Համաձայնութիւն Ստորագրեց

Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը Մոնկոլիոյ ճամբով Ռուսիայէն Չինաստան տարեկան 50 միլիառ խորանարդ մեթր, այսինքն` Ռուսիայէն Գերմանիա խողովակաշարին համազօր կազի փոխադրման խողովակաշարի ծրագրման համաձայնութիւն ստորագրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:

«Կազփրոմ» նշեց, որ իրեն պատկանող ընկերութիւններէն մէկը` «Սոյուզ Վոսթոք», խողովակաշարի կառուցման համար ծրագրման աշխատանքներու գործադրման համաձայնութիւնը կնքած է «Կազփրովոտ Սոյուզ Վոսթոք» ընկերութեան հետ: