Յատուկ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին
–Ռուս–ուքրանական պատերազմը արդէն իրականութիւն է։ Ըստ ձեզի՝ Թուրքիան ի՞նչ դերակատարում կը ստանձնէ հակամարտութեան մէջ, յայտնի է, որ Ուքրանիան աջակցութեան ակնկալիքով արդէն պաշտօնապէս դիմած է Թուրքիոյ։
Թուրքիան բաւականին բարդ իրավիճակի մէջ յայտնուած է։ Մէկ կողմէն՝ Էրտողանին ձեռնտու չէ Ռուսաստանի դէմ դուրս գալը. անոնք բաւականին համագործակցական յարաբերութիւններ հաստատած են իրարու հետ, միւս կողմէ՝ Թուրքիան բարեկամական, ռազմական, քաղաքական, տնտեսական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ եւ հեռաւոր նպատակներ ունի Ուքրանիոյ հետ։ Մենք գիտենք, որ Թուրքիոյ ռազմավարական, քաղաքական մեծ նշանակութիւն ձեռքբերած «Պայրաքտարներ»ու հարցով ինչպիսի համագործակցութիւն կայ Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, եւ այս առումով յառաջիկային համաձայնութիւն պիտի կնքուի Ուքրանիոյ մէջ «Պայրաքտարներ»ու արտադրութեան գործարան մը հիմնելու վերաբերեալ։ Այս առումով Թուրքիոյ համար դժուար է Ուքրանիոյ օգնութիւն տալէ հրաժարիլը։ Այսպիսով՝ իրավիճակի աւելի սրումը Էրտողանի համար շատ տհաճ է, քանի որ վատ սենարի պարագային Թուրքիան արեւմտեան երկիրներու յորդորով հնարաւոր է փակէ նեղուցները Ռուսաստանի համար, իսկ այդ իր հերթին կը յանգեցնէ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու լարուածութեան։ Ատիկա ձեռնտու չէ ո´չ Թուրքիոյ, եւ բնականաբար ո´չ Ռուսաստանին։ Յոյսով ենք, որ չի հասնիր այդ մակարդակի սրման, քանի որ կը կարծեմ, որ Մոսկուան բոլոր վտանգները եւ անոնց դէմ հակաքայլերը հաշուարկած է։ Բացի այդ՝ տեղի ունեցած է Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյց եւ վերջինս հասկցուցած է իր քայլերուն մասին։ Հաշուի առնելով, որ Ուքրանիան արդէն պաշտօնապէս օգնութիւն խնդրած է Թուրքիայէն ի պատասխան Էրտողան, իմ կարծիքով, կը փորձէ հանդէս գալ իրավիճակի լիցքաթափման եւ թեթեւացման նպաստելու միջնորդութեամբ եւ կոչ կ’ընէ կողմերուն դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները։
– Մեր տարածաշրջանին մէջ ի՞նչ դիրքաւորում կ’ունենայ Թուրքիան։ Վտանգները ինչպէս կը գնահատէք եւ ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ մեր վրայ։ Ընդհանրապէս մենք ինչպէ՞ս պէտք է դիրքաւորուինք այս իրավիճակին մէջ՝ հաշուի առնելով մեր մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները։ Այս շրջածիրէն ներս պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի այցը Մոսկուա ինչպէս կը գնահատէք։
Աշխարհը այսօր հիմնականին մէջ երկբեւեռ դարձած է Ռուսաստան-ՆԱԹՕ-ի միջեւ։ Մենք գիտենք, որ տէ եուրէ, եւ տէ ֆաքթօ մեր անվտանգութեան աջակիցն ու պաշտպանողը, խաղաղապահական առաքելութեամբ Արցախի ժողովուրդը եւ սահմանները պաշտպանողը եւ իրականացնողը մեր ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանն է։ Աստուած չընէ, լուրջ պատերազմի պարագային մեր տարածքին իրավիճակը կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ, խախտուիլ յարաբերական եւ փխրուն կայունութիւնը եւ մեր սահմանները անմիջական յարձակման վտանգի տակ յայտնուին, որու հաւանականութիւնը բարձր է։ Այս առումով Ալիեւը Մոսկուա կանչելը, իմ կարծիքով, նպատակ հետապնդած էր ապահովագրել ինքզինք, Հայաստանի վրայ յարձակման վտանգը չէզոքացնելով, որ գոնէ այս ժամանակներուն Հարաւային Կովկասի խաղաքարտերը իրար չխառնուին։ Եթէ հաշուարկներէն ոչինչ դուրս գայ, այստեղ բացասական մեծ զարգացումներ չեն ըլլար, կը սահմանափակուի որոշակի լարուածութեամբ։ Այս առումով Պաշտպանութեան Նախարար՝ Սուրէն Պապիկեան եւս Մոսկուա կանչելը կ’ենթադրէ տարածաշրջանի անվտանգային հարցերու շուրջ քննարկումներ եւ պայմանաւորուածութիւններ ապահովել։ Ստեղծուած իրավիճակը, թէեւ տարբեր է նախորդ երկու համաշխարհային պատերազմներէն, բայց վտանգաւորութեամբ չի զիջիր, իսկ մենք լաւ գիտենք, եւ մեր մաշկի վրայ դառնօրէն զգացած ենք, թէ ինչ աղէտալի հետեւանքներ ունեցած են մեզի համար։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, ինչպէս գիտենք, մենք Ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք՝ ամենամեծ ու անմարդկային զրկանքները կրելով գերտէրութիւններու բախումէն։ Երկրորդ համաշխարհայինի ժամանակ ստեղծուած է իրավիճակ մը, երբ մեր ամբողջ սահմանի երկայնքով մեծաքանակ թրքական զօրք կուտակուած է եւ յարմար առիթի պարագային պատրաստուած է յարձակելու մեր վրայ, սակայն բարեբախտաբար Գերմանիան պարտուած է եւ այդ առիթը չէ ստեղծուած։ Հիմա ալ նմանատիպ իրավիճակ է, գրեթէ, եւ մենք նորէն գերտէրութիւններու շահերու բախման մէջ ենք, ուստի պէտք է հնարաւորինս չէզոք դիրք բռնենք, զերծ մնանք ինչ որ դերակատարումէ՝ յոյս ունենալով, որ իրավիճակը արագ կը լիցքաթափուի: Շեշտեմ, որ մենք պիտի տուժենք լարուածութենէն ու պատերազմէն՝ անկախ թէ որուն կողմն ենք այս պահուն։ Մեզի ձեռնտու ու շահաւէտ է միմիայն խաղաղութիւնը. որեւէ կողմի յաղթանակ եւ առաւելութիւն մեզի պէտք չէ եւ չի կրնար օգնել։ Ինչքան ալ որ Ուքրանիան միշտ աշխուժօրէն աջակցած է Ատրպէյճանին, ընդ որում ե´ւ առաջին, ե´ւ այս վերջին պատերազմի ժամանակ, հակահայ քայլեր միշտ ձեռնարկած է, իսկ Նոյեմբեր 10-ին իրենց տարբեր քաղաքներուն մէջ մեծ պաստառներով շնորհաւորած էին Ատրպէյճանին յաղթանակի կապակցութեամբ, միեւնոյն է՝ մեզի եւ բոլորին համար վնասակար է պատերազմը, որու ժամանակ յաղթողներ չկան, եւ մենք կարող ենք տուժել։ Ինչ կը վերաբերի մեր դիրքաւորման, քայլերուն, այժմ ամենակարեւորը պէտք է կարողանանք հնարաւոր վտանգները ճիշդ հաշուարկել եւ ամենայն զգօնութեամբ Հայաստանի շահերն ու յատկապէս անվտանգութիւնը պաշտպանել։ Այս պահուն դեռ լուրջ վտանգներ չկան, եթէ անկանխատեսելի զարգացումներ չըլլան ռուս-ուքրանական ճակատին, յոյս ունինք, որ մեր մօտ այսպէս ալ կ’աւարտի։
– Հայաստան-Թուրքիա առանց նախապայմաններու բանակցութիւնները ինչ ազդեցութիւն կ’ունենան մեր տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու առումով։ Յայտնի է, որ հայ եւ թուրք բանագնացներու երկրորդ հանդիպման ժամանակ կողմերը վերահաստատած են առանց նախապայմաններու հասնիլ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման։
Ես միայն կրնամ ըսել, որ Թուրքիան վստահելի գործընկեր չէ, ընդ որում՝ այնպիսի գերտէրութիւններու հետ, ինչպիսին են Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը։ Իսկ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ այդ վստահելիութիւնն ու կանխատեսելիութիւնը նուազագոյնին կը հասնին, ինչքան ալ փորձենք դրական տրամադրուիլ եւ բարի կամք դրսեւորել։ Թուրքիան ունի թիկունքէն հարուածելու սովորութիւն, եթէ նոյնիսկ բարեկամ է քեզի։ Եթէ փոքր հնարաւորութիւն ունեցաւ, յարմար առիթ ստեղծուեցաւ, առանց պահը կորսնցնելու՝ կը դիմէ յարձակման։ Միշտ պէտք է հաշուի առնել ու զգօն ըլլալ։ Ես, սակայն, կողմ եմ հայ-թրքական բանակցութիւններուն, դրական կը վերաբերիմ, յատկապէս եթէ շարունակական եւ իրական ըլլայ հաւասարը հաւասարի, առանց նախապայմաններու սկզբունքներուն։
– Ըսիք, որ ամէն պարագային Թուրքիան վստահելի գործընկեր չէ, սակայն կայ նաեւ կարծիք, որ այս փուլին Թուրքիոյ հետ Հայաստանի ունեցած երկխօսութիւնը միտում ունի մեր սահմաններու երկայնքով առկայ լարուածութիւնը ինչ որ կերպ լիցքաթափելու, կա՞յ այդպիսի բան ձեր տեսակէտով ու ամենակարեւորը, Թուրք-Հայկական երկխօսութեան օրակարգը կարող է՞ փոփոխութեան ենթարկուի ազդուելով պատերազմէն ետք ստեղծուելիք (հաւանաբար) Ռուս-Թրքական լարուածութենէն։
Այո, պատմութեան մէջ բազմաթիւ դրուագներ կան, որոնք հիմք կու տան պնդելու, որ Թուրքիան վստահելի գործընկեր չէ։ Թուրքիոյ հետ սկսած երկխօսութիւնը որեւէ կերպ չի խանգարեր Թուրքիոյ, որ յարմար առիթին վտանգ ներկայացնէ Հայաստանի ու հայութեան համար։
Այո, հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման թեման ռուս–ուքրանական այս հակամարտութեան պայմաններուն կը կորսնցնէ իր այժմէութիւնը եւ ռուս–ուքրանական հակամարտութեան մէջ որոշակի կայունութեան պարագային հնարաւոր է կարգաւորման բանակցութիւններու շարունակութիւնը։ Այսինքն, այս պահուն Թուրքիան կը գերադասէ փոքր ինչ սպասել հետագայ զարգացումները տեսնելու համար։
Սագօ Արեան