Յատուկ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին
Մտահոգիչ օրեր են հերոսական Արցախին համար։ Մինչ հայ-թրքական «բանակցութեանց» ընթացակարգ մը գոյացած է, (որուն հիմնական «աքորտներ»ը լսելի են բացառապէս փակ սենեակներու ետին), անդին Պաքու երեւելի ճիգեր կը գործադրէ Արցախը հայաթափելու համար։
Կազի եւ վառելիքի տագնապ, ելեկտրական հոսանքի խնդիր, վաղը հաւանաբար ըմպելի ջուրի հարց եւ նոյնանման խնդիրները աւելիով կը ծանրացնեն խաղաղ (իր լեռներուն պէս) արցախցիի առօրեան։
Հաւանաբար այս զարգացումները (կամ շինծու օրակարգ ձեւաւորելու Պաքուի միտումները) ինչ որ տեղ առնչութիւն ունին Ուքրանիոյ մէջ ծաւալած աղէտալի պատերազմին հետ, բայց այդ ալ երկրորդական խնդիր կարող ենք համարել, որովհետեւ, ինչպէս երէկ այսօր ու վաղն ալ Արցախի անվտանգութեան, անոր խաղաղ բնակչութեան ապահովութիւնը ամրացնելու եւ ապահովելու հիմնահարցը կը շարունակէ մնալ հայութեան թիւ մէկ գերխնդիր։
Ամէն պարագայի Արցախի մասին աւելի յստակ եւ ճշմարիտ պատկեր մ’ունենալու համար օրերս՝ «ԱՊԱԳԱՅ»-ի համար զրուցեցի հմուտ եւ արդարացի ատրպէյճանագէտ՝ Տարօն Յովհաննիսեանին հետ։
Ստորեւ հարցազրոյցն ամբողջութեամբ։
– Արցախը դարձեալ անապահով վիճակի մէջ է։ Հայկական սահմանային գիւղերը թշնամիի կրակներուն թիրախ սկսած են դառնալ աւելի յաճախակի կերպով։ Ի՞նչով կը բացատրէք իրավիճակի գերլարումը: Պատճառներ կա՞ն ըստ ձեզի։
Ատրպէյճան Արցախի մէջ իր սադրանքները ուժեղացնել սկսած է մասնաւորապէս 2022-ի 20-23 Փետրուարին, որ կը համընկնի Ռուսաստան-Ուքրանիա պատերազմին նախորդող գերլարուած շրջանին։ Զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսած էր իր գործողութիւնները «արդարացնող» տեղեկատուական աշխոյժ արշաւ։ Այս ակնյայտ է ատրպէյճանական կողմի տարածած հաղորդագրութիւններէն։ Եթէ այս շրջանին նախորդող 4 ամսուայ ընթացքին ատրպէյճանական կողմը յայտնած էր Արցախին մէջ իբր թէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կողմէ 4-5 խախտման դէպքի մասին, միայն 20-23 Փետրուարին յայտնած է 7 դէպքի մասին։ Այս կեղծ յայտարարութիւններուն զուգահեռ Ատրպէյճան կը նախապատրաստէր նոր սադրանքներ, որոնք աշխուժացան մասնաւորապէս Ռուսաստանի Դաշնութիւն-Ուքրանիա պատերազմի սկսելուն զուգահեռ։
Այսպէս, 24-25 Փետրուարէն սկսեալ, Ատրպէյճան բարձրախօսով կը պահանջէր Արցախի Խրամորթ գիւղի բնակիչներէն դադրեցնել գիւղատնտեսական աշխատանքները եւ լքել գիւղը։ Մարտէն սկսեալ Ատրպէյճան արդէն կը կրակէր գիւղի ուղղութեամբ ականանետով եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով։
Մարտէն սկսեալ Ատրպէյճան նաեւ ուժգին կերպով կը կրակէ Արցախի այլ բնակավայրերու ուղղութեամբ, անոնց կարգին՝ Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկա, Թաղավար, Ասկերանի շրջանի Խնապատ, Փառուխ եւ շրջաններու ուղղութեամբ։ Ատրպէյճանական կողմի յարձակողական գործողութիւններու հետեւանքով վիրաւորուած է խաղաղ բնակիչ, վնասուած է բնակիչներէն մէկուն գիւղատնտեսական մեքենան եւ վնասուած են քաղաքացիական շէնքեր։
Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան յարձակողական այս նոր ալիքը սկսած է օգտուելով Ուքրանիոյ մէջ ընթացող պատերազմի հանգամանքէն։ Այստեղ կարեւոր գործօնը այն է, որ Արցախի, Ատրպէյճանի կողմէ չբռնագրաւուած հատուածին մէջ տեղակայուած են Ռուսաստանի խաղաղապահական ուժեր։ Ռուսաստան 2020-ի պատերազմէն յետոյ հիմնական միջնորդն է։ Ատրպէյճան այս սադրանքներուն դիմելու ատեն հաշուի առած է այն հանգամանքը, որ ներկայիս ՌԴ-ի ողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ ուղղութեամբ, հետեւաբար Մոսկուան չունի Արցախի մէջ Ատրպէյճանի յարձակողականին միջամտելու բաւարար միջոցներ եւ հնարաւորութիւն։ Օգտուելով ստեղծուած առիթէն՝ Ատրպէյճան կը փորձէ Արցախի մէջ նոր ունեցած իր մարտական դիրքերը բարելաւել, ինչպէս նաեւ իր գործողութիւններով Արցախի խաղաղ բնակչութեան ստիպել արտագաղթել։ Սա, ըստ Պաքուի, կը հեշտացնէ Արցախը վերջնական իրենց կցելու ծրագրի իրականացումը։
Ասոր ապացոյցն է նաեւ այն, որ յարձակողական գործողութիւններուն զուգահեռ Ատրպէյճան ըստ էութեան կազէն զրկած է Արցախի բնակչութիւնը։ Հայաստանէն Արցախ գացող կազատարի մէկ հատուածը պատերազմէն յետոյ կը գտնուի Շուշիի շրջանի Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքին մէջ։ Եւ այդ հատուածին մէջ կազատարը անյայտ հանգամանքներով վնասուած է։ Այս ամէնէն պարզ կը դառնայ, որ Ատրպէյճան միտումնաւոր կերպով վնասած է կազատարը։ Սա կը վնասէ ինչպէս Արցախի տնտեսութեան, այնպէս ալ՝ անմիջապէս բնակիչներուն։ Կազի բացակայութիւնը կը յանգեցնէ մարդկային աղէտի մասնաւորաբար Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտի մէջ, ուր բնակիչները տուները կը տաքցնեն հիմնականապէս կազով։
– Մենք նաեւ կը նկատենք, որ 2020 թուականին տեղի ունեցած պատերազմէն ասդին Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի մօտ յարձակողական ոճը աւելիով սրուեցաւ: Ի՞նչ է ուզուածը, արդեօք ներքին օրակարգի սպառման համար է եղածը, կամ թէ իրօք կան հեռահար նպատակներ։
Ինչ կը վերաբերի Ալիեւի հայատեաց յայտարարութիւններուն ու առհասարակ Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւններուն, ապա, անշուշտ, անոնք նաեւ ներքաղաքական օրակարգի կը սպասարկեն։ Սակայն այս ամէնը միայն ներքաղաքական օրակարգով չէ որ կը բացատրուի։ Ատրպէյճանի եւ անձամբ Ալիեւի գործողութիւններու հիմքը իրենց իսկ կողմէ առաջ տարուող հայատեացութեան քաղաքականութիւնն է, որ տասնամեակներու պատմութիւն ունի։ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու քաղաքականութեամբ է, որ Ատրպէյճանի հասարակութեան բոլոր շերտերուն մէջ Հայատեացութեան մակարդակը անընդհատ կը խորանայ եւ անիկա կը կարեւորուի ներքաղաքական օրակարգով։
Պատերազմէն ետք Ատրպէյճան կը փորձէ բոլոր մակարդակներով ճնշում բանեցնել Հայաստանին եւ Արցախին վրայ փորձելով հասնիլ առաւելագոյն զիջումներու, քանի դեռ հայկական երկու պետութիւնները չեն վերականգնուած պատերազմի աղէտալի հետեւանքներէն եւ ունին հակազդելու սահմանափակ հնարաւորութիւններ։
– Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի մէջ առկայ քաղաքական իրադրութեան, ապա ձեր ունեցած թարմ տուեալները ինչ կ’ըսեն այդ մասին։ Ալիեւ, որ նախքան պատերազմը կը հանդիսանար ընդդիմութեան քննադատութեան հիմնաւոր թիրախ, կարծես թէ շրջանցա՞ծ է այդ փուլը։
2020-ի Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի ղեկավարը շատ լուրջ խաղաքարտեր ստացած է նաեւ ներքաղաքական դաշտին վրայ։ Այո՛, մինչեւ պատերազմը Իլհամ Ալիեւի հեղինակութիւնը անկում կ’ապրէր։ Պատերազմին նախորդող 5 տարուայ ընթացքին երկու անգամ բնական կազի եւ նաւթի գինը կտրուկ անկում արձանագրած էր, ինչ որ զգալիօրէն հարուածած էր Ատրպէյճանի տնտեսութեան։ Առաջացած էին բազմաթիւ ընկերային խնդիրներ։ Պատերազմի արդիւնքը զգալիօրէն բարձրացուց Ալիեւի հեղինակութիւնը եւ ամրապնդեց անոր իշխանութիւնը։ Այս պահուն, Ատրպէյճանի ընդդիմադիր ուժերը Ատրպէյճանի մէջ աւելի քան թոյլ են։ Այստեղ պէտք է հաշուի առնել նաեւ այն հանգամանքը, որ ընդդիմադիր ուժերը Հայաստանին եւ Արցախին վերաբերող հարցերուն ունէին եւ ունին նոյնպէս ցեղապաշտական եւ յարձակողական դիրքորոշում։ Այս խաղաթուղթը այժմ Ալիեւի դէմ պայքարին խաղացնել չեն կրնար։
– Ինչպիսի վտանգ կը տեսնէք կապուած «Շուշիի հռչակագիր»ին։ Եւ այդ առումով, ինչո՞ւ լուր են ՀՀ իշխանութիւնները։
«Շուշիի հռչակագիրը» պատերազմէն յետոյ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրադրութեան արտացոլումն է։ Ակնյայտ է, որ պատերազմին Ատրպէյճանի յաղթանակը զգալիօրէն պայմանաւորուած էր Թուրքիոյ ռազմական եւ քաղաքական աջակցութեամբ։ Պատերազմի արդիւնքները զգալիօրէն աւելցուցին տարածաշրջանի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը, եւ մասնաւորապէս Անգարայի ազդեցութիւնը շեշտակիօրէն աւելցուցած են Ատրպէյճանի մէջ։ Ակներեւ է, որ Ատրպէյճան-Թուրքիա ռազմական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին խորանալ։
Բնականաբար սա լուրջ սպառնալիքներ կը պարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի համար։ Այդ հռչակագիրը Շուշիին մէջ ստորագրելու փաստը արդէն իսկ ցոյց կու տայ, որ անիկա առաջին հերթին մեր դէմ ուղղուած է։ Ըստ էութեան պատերազմի ընթացքին այդ հռչակագիրը իր բոլոր կէտերով արդէն իսկ «Տէ ֆաքթօ» գործի դրուած էր։ Շուշիին մէջ եղածը միայն իրաւական հաստատումն էր։ Այսպիսով այս համագործակցութեան սպառնալիքները արդէն իսկ ակնյայտ կերպով յայտնուած են։
– Այս բոլորը հաշուի առնելով, իրապէս վտանգուած է՞ Արցախի հայութեան վիճակը, եւ հայաթափութեան նոր վտանգներ կը տեսնէ՞ք։
Այսպիսի պայմաններուն վտանգը իրապէս շատ մեծ է։ Իրավիճակը կրնայ քիչ մը շտկուիլ միայն այն պարագային, եթէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ետ քաշեն անմիջապէս հայկական բնակավայրերու հարեւանութեամբ տեղակայած իրենց մարտական դիրքերը։ Միւս կողմէ, պէտք է ջանքեր գործադրել Արցախի պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ, ինչ որ Ատրպէյճանի յարձակողականը զսպելու շատ կարեւոր մեքենականութիւն է՝ ՌԴ խաղաղապահներու ներկայութեան զուգահեռ։
Սագօ Արեան