Իտալիոյ Ապրուցցօ (Abruzzo) Մարզի խորհուրդը 27 Հոկտեմբեր 2015-ին, ի շարս իտալական այլ քաղաքներու եւ մարզերու, միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ Հայ Ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւ մը։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱԳՆ մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:
Վերոնշեալ բանաձեւը որդեգրուեցաւ ընդառաջելով Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի խնդրանքին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի 100-րդ ամեակի առթիւ կազմակերպած զանազան ձեռնարկներէն ծիրէն ներս, բաց նամակ յղած էր իտալական բազմաթիւ քաղաքներու քաղաքական իշխանութիւններուն, որուն մէջ կոչ ուղղած էր Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ` բանաձեւեր որդեգրել ի զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին ու Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներուն։
Ապրուցցօ Մարզի բանաձեւը ներկայացնող իտալացի ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Տիար Լուչիանօ Մոնթիչելլի այս առթիւ յայտարարեց ”Այսօր գեղեցիկ էջ մը գրեցինք մեր Մարզի քաղաքական պատմութեան մէջ։ Միաձայնութեամբ որդեգրուած այս բանաձեւը կը հաստատէ քաղաքական իշխանութիւններու հասունութիւնը։ Մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի այրեր, կիներ, մանուկներ եւ ծերունիներ 1915 թուականին թիրախ դարձան Օսմանեան Կայսրութեան կիրարկած ցեղային մաքրագործումին որ ապա հանդիսացաւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը”։
Ապրուցցոյի նահանգային խորհուրդը Իտալիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 99-րդ խորհուրդն է: