Սպանիոյ Վալենսիա մարզի Ատալիա քաղաքը Հոկտեմբեր 27-ին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` դառնալով թագաւորութեան 11-րդ քաղաքը, որ պաշտօնապէս ոճիրը կը կոչէ իր անունով: Այս մասին կը հաղորդէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:
Վալենսիոյ «Արարատ հայկական միութեան» ներկայացուցած բանաձեւը քաղաքական խորհուրդի նիստին քննարկման դրած է ՁԱԽ ՄԻՈՒԹԵԱՆ խօսնակ Խուանխօ Եորէնտեն: Խորհուրդի բոլոր 4 կուսակցութիւնները միաձայն ընդունած են բանաձեւը ` դատապարտելով ոճրագործ Թուրքիան եւ քննադատելով անոր ժխտողականութիւնը:
Նիստին ներկայ էին «Արարատ հայկական միութեան» անդամները, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի բարեկամ, արդարութեան անխոնջ մարտիկ Սալվատոր Կարսիա տէ լա Մօտան, որ, ի նշան երախտիքի, «Անմոռուկ» կրծքանշան նուիրեց քաղաքապետին:
Քաղաքային խորհուրդի նիստին ներկայ էին Վալենսիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ սպանացի հասարակական-քաղաքական գործիչներ: Ներկաները, ի նշան երախտիքի, անմոռուկ կրծքանշան նուիրեցին քաղաքապետին: