Այն որ ճակատագրական փուլի մտած է Արցախը իբրեւ հայկական միաւոր կամ ինչպէս Հայոց մօտ ընդունուած է ըսել «Արցախի Հանրապետութիւն» փաստ է։
Փաստ է, ոչ միայն անոր համար որ վերջին շրջանին նկատելի սկսած են դառնալ ռազմական բնոյթ ունեցող գործողութիւնները, այլ նաեւ եւ մանաւանդ մարդկային ամենատարրական պէտքերու ցանցերուն դէմ երեւցած սեղմումները։
Խօսքը մանաւանդ կազի, ելեկտրականութեան կամ նոյնիսկ ջուրի ցանցերու խնդիրներու մասին է, որ անցնող օրերուն ալ դարձան Արցախի բոլոր խաւերուն համար մտահոգութեան առանցքներ։
Պաքու փաստօրէն կարիք ունեցաւ «բաց» պատգամներ նետել ու նաեւ հայկական կողմին «հասկցնել», որ մեծ հաշուով իր ձեռքին կը պահէ Արցախի ժողովուրդին բնական պայմաններու մէջ գոյութիւնը ապահովագրող գործօններու մեծ «բանալի»ն։
Այդ «բանալի»ն անշուշտ Պաքուն ստացած էր իբրեւ հետեւանք օր տեւող պատերազմին, որ բոլոր առումներով ալ եղաւ աղէտալի հայկական կողմին համար։
Այս բոլորը հաշուառելէ ետք գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումները ցոյց կու տան, որ Արցախեան խնդիրը մտած է բեկումնային փուլ ու մանաւանդ մինչեւ այժմ հայկական կողմին (յատկապէս Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած) համար «փրկօղակ» համարուող «ժամանակ շահել»ու մօտեցումը այլեւս կորսնցուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը։
Անշուշտ այս վիճակներուն վրայ պէտք է աւելցնել ու հաշուի նստիլ այն բնական փաստարկին հետ, ըստ որուն, ցանկացած երկրամասի խաղաղ բնակչութեան համար, տուեալ տարածքը, (խօսքը այս պարագային Արցախի մասին է անշուշտ) կը կորսնցնէ իր «սրբութեան օրրան» կոչումը, եթէ հաշուի առնենք վերջին պատերազմէն մնացած մեծ հարցադրումները, ժողովուրդին կողմէ գործող իշխանութիւններուն հանդէպ առկայ անվստահութիւնը ու նաեւ մի քանի այլ տուեալներ, որոնք ուղղակիօրէն կը փոխառնչուին «ժամանակ շահել»ու կամ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան «ժամանակ»ը ի սպառ փճացնելու խնդիրը։ Այլ խօսքով այսօրուայ Արցախի բնակչութեան համար, վստահութեան մեծ կորուստէն, ահէն ու վաղուան հանդէպ ուղղուած հարցադրումներէն ետք բոլորին դիմաց կրնայ բացուիլ Հայոց «մեծ փորձութեան» Արցախի հայաթափման օրակարգը։ Ճիշդ է, որ կան ու պիտի ըլլան նուիրեալներ, որոնք ինչ-ինչ զոհողութիւններու գնով պիտի շարունակեն ապրիլ Արցախի մէջ, բայց այդ չի վերաբերիր մեծ զանգուածներուն, որոնք նոյնպէս ամենայարգելի պատճառներով կրնան լքել ու հեռանալ հերոսական Արցախէն։
Այս բոլորէն անդին, առկայ վտանգները մէկդի դնելով ու նաեւ լաւատեսօրէն դիտարկելով այսօրուան ընդհանուր պատկերը պէտք է նաեւ շեշտել, որ գաղթի, ճնշումներու, ատրպէյճանական ճնշումներուն թիրախ դառնալ դրոյթը նորութիւն մը չէ արցախցիներուն համար։ Անոնք, մեր հայրենակիցները վարժ են այդ վիճակներուն, ինչքան ալ դժուարին ըլլան ճանապարհները, եւ ինչքան ալ ճնշումներու օղակները աւելիով սեղմուին, մէկ է արցախցիք կը պաշտեն իրենց հողը, եւ անոնց ամենափոքր ատաղձը, որ դարերու գոյութեան պատմութիւն ունի կարող է այսօր ալ դիմակայել եւ յաղթանակած դուրս գալ այս բոլորէն։
Ռուսական դերին մասին
Երբ Արցախի մասին կը խօսինք անշուշտ արագօրէն մեր մտքերուն մէջ հարկաւոր ենք տեղաւորել այն գաղափարը, որ Արցախը միայն հայկական մեծ օրակարգի ամենակարեւոր դրոյթը չէ։ Արցախի պարագային մեծ իմաստներ ունին Հարաւային Կովկասի մեծ խորապատկերը, Ռուսաստանի դերը ու այսօր Ռուսական խաղաղապահ զօրքերու ներկայութիւնը այդ հողերուն վրայ։
Ու եթէ այս բոլորը լաւ ընկալենք, նոյնպէս պիտի հասկնանք ու «մարսենք», որ այսօր Արցախի մէջ եղող ցանկացած նկրտում, կամ թշնամական արարք, ուղղուած է նախ եւ առաջ Մոսկուայի դէմ։ Ուրեմն եւ հակառակ Թուրքիոյ Հարաւային Կովկասի մէջ ունեցած նոր դերին (Հայոց համար ոչ բախտորոշ, բայց եւ այնպէս այնքան կենսականօրէն քննելի եւ վերլուծութեան արժանի նոր դեր), պէտք է անպայման շեշտադրել, որ այսօր Արցախի հայկական ուժերուն դէմ կրակուած իւրաքանչիւր փամփուշտ ուղղուած է նախ եւ առաջ ռուս խաղաղապահին դէմ։
Ու եթէ ռազմական գործողութիւնները բազմանան, կամ վերածուին ընդհանուր բախումներու, ապա այդ կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պատերազմի մէջ կը մտնեն Ռուսաստանի դէմ, բան մը, որ շատ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ ոչ միայն Արցախի ու Հայաստանի, այլ ամբողջ Կովկասի համար։
Ռուսաստան, որ մեծ ճիգեր կ’ընէ ու ասկէ առաջ ալ Արցախեան պատերազմի ընթացքին ըրած է, խուսափելու համար նոր պատերազմէ, այսօր ալ կը գիտակցի, որ մասնաւորապէս այս հանգրուանին, երբ իր ողջ ներուժով ներգրաւուած է Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ, որ շատ աւելի բարդ վիճակներու կրնայ մատնուիլ, երբ ռազմի երթայ Թուրք-Ատրպէյճանական «տանդէմ»ին դէմ, իսկ այսօր նոր ճակատի մը բացումը, աւելիով պիտի «յոգնեցնէ» Ռուսական թաթը ու նաեւ ինչ որ չափով նոր մակարդակի բարդութիւններ բերէ Մոսկուային։
Ճիշդ է, որ Թուրքիայէն բացի կան անշուշտ կողմեր, որոնք շահագրգռուած են նոր-Արցախեան ճակատի մը բացումով, բայց այդ կողմերը դժուար թէ որոշիչ ըլլան մասնաւորապէս այս փուլին։
Հետեւաբար ինչ որ չափով պէտք է մեծապէս արժեւորել ռուսական դերը ու նաեւ հասկնալ, որ այդ դերին մասին խօսած պահուն, չպէտք է աճապարել այլ պէտք է խնդիրներուն մօտենալ շատ աւելի ամուր, շատ աւելի ուժեղ եւ շատ աւելի հայկական շահեր պարունակող մօտեցումներով, որոնց ծայրը անշուշտ հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութեան հիմնարար կէտերն են։
Ներքին կայունութեան բացակայութիւնը .. խոցելի կը դարձնէ մեր վիճակը
Յառաջիկայ օրերը կարեւոր օրեր պիտի ըլլան Արցախի համար։ Ու այս առումով ալ շատ հաւանական է, երկու կողմերը՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան քով-քովի գան ու նստին բանակցութիւններու սեղանին։ Այստեղ բացայայտ է արդէն, որ Պաքու ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի օգտուի Հայաստանի թուլացած դիրքերէն ու հոս է նաեւ, որ կը կարեւորուի այն կէտը, որ հայկական տեսադաշտին մէջ առկայ է մեծ երկփեղկուածութիւն, որ մեծ հաշուով կը բխի միայն ու միայն հայ ժողովուրդի թշնամիներու շահերէն։
Էական հարցումը կը շարունակէ մնալ նոյնը, որ արդեօք հայկական կողմը պիտի միաւորո՞ւի, կամ բազմակողմանիօրէն դժուար եւ նոյնիսկ դժխեմ այս օրերուն պաշտօնական Երեւան պիտի դադրեցնէ իր «իշխանական մօտեցումները», եւ այդ մօտեցումներուն փոխարէն որդեգրէ ամբողջ հայութեան շահերը պաշտպանելու միտուած հզօր քաղաքականութիւն։ Մեծ է այս սպասումը ու նոյնքան կասկածներու դուռ բացող, որովհետեւ այսօր ստեղծուած քաղաքական տեսադաշտին մէջ տիրական է մեր երազանքները խորտակող անվստահութեան մեծ մթնոլորտ մը։
Մտահոգիչ են անշուշտ Փառուխի դէպքերը, մտահոգիչ է տակաւին, որ Ատրպէյճանական ուժեր կարողացան իրենց տիրապետութեան տակ առնել Քարագլուխ անունով ռազմավարական բարձունքի կարեւոր հատուածը, սակայն այս բոլորը չպէտք է առնել, չպէտք է ընդունիլ, որպէս վերջնական-ճակատագրական ընկալումներ կամ դրոյթներ։
Հայութեան համար բաւականին բարդ այս օրերուն, կարեւոր յենարան է իր սեփական դաշնակիցի իրական ուժը ճիշդ գնահատելէ անդին, ունենալ նաեւ ներքին դիմադրողականութիւն, որուն հիմնական ատաղձը պէտք է նշանաւորուի ներ-ազգային միասնութեան մը գաղափարը, որ այս օրերուն դժբախտաբար մեծաւ մասամբ թուլացած է, բայց անշուշտ այդ չի նշանակեր, որ ի սպառ վերացած է։
Սագօ Արեան