«100 Կեանք»-ը Մերձաւոր Արեւելքէն 100 ուսանողներու կրթանպաստ պիտի տրամադրէ

«100 կեանք» («100Lives») նախաձեռնութիւնն ու Near East Foundation-ը յայտարարած են $ 7 միլիոն կազմող նոր ութամեայ կրթաթոշակային ֆոնտի ստեղծման մասին: Բարեգործական կրթաթոշակային այս ծրագրի ծիրէն ներս աջակցութիւն կը տրուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բնակող 100 ուսանողներու, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

«100 կեանք» նախաձեռնութիւնը նոր ծրագրի մասին յայտարարած է Near East Foundation-ի (Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամ) հարիւրամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին, որուն ներկայ եղած են մարդասիրական օգնութեան ոլորտին մէջ գործող միջազգային խոշորագոյն կազմակերպութիւններու ղեկավարներն ու հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

Ծրագիրը մշակուած է «100 կեանք»-ի եւ Near East Foundation-ի համատեղ ջանքերով` որպէս աշխարհասփիւռ հայութեան երախտագիտութեան հաւաստիք Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդին, որ մէկ դար առաջ ապաստան ու սնունդ տրամադրեց Եղեռնէն փրկուած հայ փախստականներուն:

Կազմելով մօտ $ 7 միլիոն` «100 կեանք» նախաձեռնութեան եւ Near East Foundation-ի  համատեղ այս կրթաթոշակային ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ հակամարտութիւններու գօտիներու մէջ յայտնուած, տեղահանման ենթարկուած եւ չքաւորութեան մէջ գոյութիւն պահպանող երեխաներուն ուսում առնել UWC Դիլիջան քոլէճին` համատեղ ուսուցման միջազգային գիշերօթիկ դպրոցին մէջ, ուր այսօր կ՛ուսանին աւելի քան 60 երկիրներէ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր մասերու մէջ գործող UWC ցանցի այլ քոլէճներու մէջ:

Ծրագրի կառավարումը պիտի իրականացուի «Scholae Mundi» հիմնադրամի միջոցով:

«Մենք կը հպարտանանք, որ ի վիճակի ենք օգնելու ծանր պայմաններու մէջ եւ ապագայի նկատմամբ անորոշութեան մէջ յայտնուած ծնողներուն` աւելի լաւ ապագայ կերտելու իրենց զաւակներուն համար, ինչպէս մեզի համար ատիկա ըրած են մեր հայրերն ու պապերը: Մեծ հպարտութեամբ կը յայտնենք Near East Foundation-ի հետ մեր գործընկերութեան մեկնարկի մասին եւ լի ենք առաջին կրթաթոշակակիրներու հետ ծանօթանալու ակնկալիքներով»,- ըսած է «100 կեանք» նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:

Կրթաթոշակային ծրագրի մեկնարկին մասին Near East Foundation-ի հարիւրամեակին նուիրուած բազմամարդ հանդիսութեան ժամանակ յայտարարած է «100 կեանք» նախաձեռնութեան միւս համահիմնադիր Նուպար Աֆէյեանի դուստրը` Արմինէ Աֆէյեանը:

«Յուսով ենք, որ այդ երեխաներուն կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ընձեռելով` մենք կ՛ընձեռենք անոնց յաջող ապագայ կերտելու հնարաւորութիւն, որուն անոնք, անշուշտ, արժանի են: Արդէն հարիւր տարիէ Near East Foundation-ը նուիրումով կ՛իրականացնէ այդ բացառիկ աշխատանքը»,- ըսած է ան:

Near East Foundation-ը կրթաթոշակային այս ծրագրին կը մասնակցի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ կրթական համակարգի, հանրային կառոյցներու կազմակերպման եւ տնտեսական զարգացման ուղղուած իր աւելի ընդարձակ առաքելութեան ծիրէն ներս: Հիմնադրուած ըլլալով 1915-ին որպէս «Հայ-սուրիական ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէ», որ ապա ԱՄՆ Քոնկրէսի որոշումով պետական կարգավիճակ ստացած է «Near East Relief» անուան տակ՝ Near East Foundation-ը վճռորոշ դեր խաղցած է վերջին 100 տարուան ընթացքին աշխարհի տարբեր մասերու մէջ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած մարդոց օգնութեան ձեռք մեկնելու գործին:

«Near East Foundation-ը հպարտութեամբ կը բոլորէ իր գործունէութեան հարիւր տարին` թիւով հարիւր տեղահանուած եւ կարիքի մէջ յայտնուած երեխաներուն ընձեռելով միջազգային կարգի կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն: Մենք մեծ ոգեւորութեամբ կը միանանք «100 Lives» նախաձեռնութեան` տաղանդաշատ երիտասարդներուն եւ ապագայ առաջնորդներուն օգնելով զարգանալ եւ յաջողութիւններու հասնիլ իրենց կեանքին մէջ»,- ըսած է հիմնադրամի նախագահ Չարլզ Պենճամին:

Առաջին կրթաթոշակակիրները UWC համակարգի դպրոցներուն մէջ պիտի ուսանին 2016 թուականին: