Ամերիկահայ երաժիշտը Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած երաժշտական եռապատում ստեղծած է

Ամերիկահայ երաժիշտ, երգահան Տան Եսայեան յօրինած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած երաժշտական նոր ստեղծագործութիւն մը, որ կը կոչուի «Հայկական եռապատում», կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

Michigan Radio-ի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշած է, որ այս նախագիծը չափազանց հարազատ է իրեն:

«Հայկական եռապատում»-ը բաղկացած է երեք հատուածէ դաշնամուրի եւ ջութակի համար: Անոնց միջոցով Եսայեան, որ Ցեղասպանութեան արհաւիրքներու մասին իմացած է իր պապէն եւ տատիկէն, որոնք անմիջական ականատես եղած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած եղեռնագործութեան, կը պատմէ խաղաղասէր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, որ վերապրեցաւ մեծ ողբերգութիւն` կառչած մնալով յոյսի փոքր կաթիլէ մը:

«Միայն այն, որ ես հայ եմ, չի նշանակեր, թէ խնդիրը այսքանով կը սահմանափակուի: Խնդիրը այսօր ալ կը շարունակուի: Ամբողջ աշխարհի մէջ այժմ կան խնդիրներ: Ես կ՛ուզեմ ըսել` ե՞րբ  մենք ի վերջոյ պիտի սորվինք եւ արդեօք պիտի սորվի՞նք երբեւէ: Անհաւատալի է այն, ինչ մարդկութիւնը կ՛ընէ մարդկութեան»,- նշած է Եսայեան:

«Հայկական եռապատում»-ի համաշխարհային անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 29-ին Macomb կեդրոնին մէջ: Անիկա պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած եւ «յոյսը վերջինը կը մահանայ» խորագիրը կրող ծրագրին մէկ մասը: