Ապրիլ 9 ին Կոկանեան Սրահի վարչութիւնը երախտագիտական այցելութիւն մը տուաւ սրահի ցկեանս պատուոյ նախագահ տիար Կարպիս Եազըճեանին։
Տիար Եազըճեանը մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց տարիներ շարունակ անսակարկ ծառայած իր սրահի վարչութեան անդամները, որոնք միշտ ալ առիթը չեն փախցուցած զինք յիշելու անոր երախտիք յայտնելու, անով քաջալերուելու, օրինակ առնելու եւ առաջնորդուելու….
Այս հանդիպումն ալ այդպիսին էր. սիրոյ, դրուատիքի, հին-նոր սերունդներու, միտքերու եւ փորձառութիւններու փոխանակում մը։
Տիար Կարպիսին ճանչցողները քաջ գիտեն որ ան զարմանալի՜ ճշգրտութեամբ ու հաճելի պատկերաւորութեամբ կրնայ պատմել որեւէ ատեն պատահած դէպքի մը մասին՝ անոր ամենանուրբ մանրամասնութիւններով. ակումբ, ժողով, վարչութիւն, կազմ, անդամներ, երբ, ուր, թուական, սրահ, թատրոն, բեմ, դեր, դերասան, միջոցառում, յոբելենական հանդիսութիւն, բացման խօսք, ականաւոր հիւրի մը այցելութիւն եւ եւ….
Հարուստ ու յորդառատ բաբախող արխիւ մըն է Տիար Եազըճեանը։ Եգիպտահայ գաղութի մասին ե՛ւ ընդհանուր ե՛ւ մանրամասն տեղեկանալ ու պատկերազարդ տպաւորութիւն ունենալ փափաքողի մը համար ճշգրիտ հասցէ է երկարատեւ տարիներու իր նուիրումին անգնահատելիօրէն արժէքաւոր յուշերը վայելող ու ջերմօրէն կիսուող միութենականը։
Թանկարժէք այս յուշերուն հետ, այս հանդիպման ընթացքին ան Կոկանեան Սրահի վարչութեան յանձնեց Սրահի հիմնադրութեան սկզբնական շրջանի պատմութեան վերաբերող պատկերագիրք մը։ Հոն, սեւ ու սպիտակ բայց՝ իսկութեան մէջ խայտաբղէտ նկարներու մէջ յամեցած են Սրահի առաջին վարչական կազմերը, այդ վարչութեանց անդամները, կարեւոր հանդիսութիւնները, վայրերը եւ թուականները….
Փառաւոր գաղութի մը պատմութենէն գեղեցիկ էջեր ժառանգուեցան, պիտի ըսենք, եւ ոչ՝ յանձնուեցան կամ փոխանցուեցան։ Կամուրջ մը կտրեցին անոնք հինէ՜ն մինչեւ նոր….
Կոկանեան Սրահի վարչութեան ատենապետ՝ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեանն ու բոլոր անդամները առողջութեան ու արեւշատութեան իրենց անկեղծ բարեմաղթանքները յայտնեցին յարգարժան տիար Կարպիսին։
Միանալով Կոկանեան Սրահի վարչութեան, Արեւը կը բազմապատկէ անոնց բարեմաղթանքները, սէր, խորին յարգանք ու երախտիք կը յղէ իր երկարամեայ գործակից, աջակից ու հաւատաւոր ընկեր Կարպիս Եազըճեանին։
Մինչ նոր հանդիպում։
Սեւան Սեմէրճեան