Ըստ իրանական աղբիւրներու՝ որոշուած է Թաւրիզի մէջ ստեղծել հայկական թանգարան։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թաւրիզը Իրանի՝ հայերով բնակեցուած քաղաքներէն է, որոնց մեծ մասը կը համարուին արուեստագէտներ եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունին Իրանի կառավարութեան հետ՝ սկսած Սեֆեաններու ժամանակաշրջանէն։
Այսօր Թաւրիզի մէջ մեծ հայկական համայնք կայ։ Քաղաքին մէջ կը գործէ «Արարատ» հայկական կրթական, մշակութային, մարզական եւ կրօնական կեդրոնը, որուն տարածքին մէջ հայերը իրենց կը զգան ինչպէս իրենց հայրենիքին մէջ։
Իրանը այս տեղեկատւութիւնը տարածեց, Շուշիի մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուող այսպէս կոչուած «աշխարհի ատրպէյճանցիներ»ու համագումարի մասին յայտարարութենէն ետք։
Նշենք, որ Պաքուի իշխանութիւնը կը նախատեսէ հակահայկական եւ հակաիրանական համաժողով իրականացնել Շուշի քաղաքին մէջ։ Ըստ հրապարակուած լուրերու՝ Շուշիի մէջ կը նախատեսուի իրականացնել այսպէս կոչուած «աշխարհի ատրպէյճանցիներ»ու համագումարը։