Միացեալ Նահանգներ եւ Ղարաբաղեան խնդիրը. Ի՞նչ զարգացումներու սպասել

Միացեալ Նահանգներ, որ մինչեւ այս պահը ուշի-ուշով կը հետեւէր Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն եւ մեծ հաշուով ալ կը պահէր «խորհրդաւոր» լռութիւն մը նոր որակի «կենդանութեան» նշաններ սկսած է  ցոյց  տալ։

Անշուշտ սա երբեք չի նշանակեր, որ Արցախեան պատերազմի ժամանակ բազմաթիւ անգամներ Արցախեան Հիմնախնդիրը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու վերաբերեալ հաստատակամ կոչեր հնչեցուցած այդ օրերու Թրամփի Ամերիկան հեռացած էր շրջանէն, բայց եւ այնպէս վերջին օրերու յայտարարութիւնները սկսած են ցոյց տալ, որ մասնաւորապէս Եւրոպական եւ յատկապէս Ռուսական կեցուածքներուն կողքին կան նաեւ կարեւոր առանցքներ, որոնց հեղինակութիւնը պիտի պատկանի, կամ կրնայ պատկանիլ Միացեալ Նահանգներուն։

Սկսինք ԱՄՆ Արտաքին Գործոց նախարար, կամ ինչպէս ամերիկացիներուն համար ընդունուած է ըսել պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընի բերնով եղած յայտարարութիւններէն եւ հասնելով ԱՄՆ վաթսունէ աւելի քոնկրէսակններու կողմէ ստորագրուած կոչ-նախագիծին (որ կառաջարկէր  զրկել Ատրպէյճանը  ռազմական աջակցութիւնէ եւ ատոր փոխարէն յատկացումներ կատարել Հայաստանին եւ Արցախին), սեւով ճերմակի վրայ պարզ կը դառնայ, որ այս փուլին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ըլլալիք ցանկացած բանակցութեան պարագային իր խօսքը պիտի ունենայ ԱՄՆ-ը։ Սա նաեւ չի բացառեր, որ Արցախեան Հիմնախնդրի վերաբերեալ նոյնինքն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ լսելի դարձած խօսքերը, որոնք «կ’ազդարարեն» (Հայոց համար) Ղարաբաղեան Հիմնահարցի լուծումը, կրնան ջուրը իյնալ պարզ այն պատճառով, որ ամերիկացիք կուզեն անպայմանօրէն առաջ քաշել եւ կեանքի կոչել Մինսքեան խումբի ձեւաչափը, որուն մէջ իրենք, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի կողքին կը համարուին որոշիչ եւ ազդեցիկ կողմ։

Բաց աստի ամերիկեան վերջին յայտարարութիւնները տեղ մըն ալ մեզի հայերուս համար ունին «մխիթարիչ» կողմ, այն իմաստով, որ այդ կերպ պարզ կը դառնայ, որ ամերիկացիք այդքան ալ ուրախ չեն Թուրքիոյ «նուիրուած» եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ամէն ժամ բարձրացում կրող թրքական նոր դերէն։

Գուցէ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու ոչ այնքան բարեացակամ պատկերը, բայց եւ այնպէս Անգարա-Մոսկուա «սիրալիր» յարաբերութիւններն են այդ վրդովմունքին պատճառը, սակայն ամէն պարագայի տակ, Թուրքիոյ մօտեցումը եւ այս տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան դերը անտեսման ենթարկելու փորձերը անմարսելի են ՆԱԹՕ-ին հայր համարուող՝ Ուաշինկթընին համար։

Ի վերջոյ այս զուգահեռները արդեօք պիտի կասեցնե՞ն Եւրոպայի կողմէ բանակցութիւններու, հետեւաբար նաեւ Ատրպէյճան-Հայաստան խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու փորձերը, կամ թէ այս ճնշումները պիտի միտի՞ն Ամերիկային տալ, կամ վերադարձնել իր նախկին «իրաւարար» դերին։ Այս բոլորը երեւելի կրնայ դառնալ յառաջիկայ ամիսներուն, սակայն  ասոնց  զուգահեռ հայկական կողմը պարտաւոր է հաշուի նստիլ այս մօտեցումներուն եւ ձեւաչափերուն հետ, անշուշտ լաւագոյն օգտուիլ նոր շեշտեր պարունակող ամերիկեան մօտեցումներէն։

 

Այս հատուածի աւարտին «ԱՊԱԳԱՅ»-ի ընթերցողներուս պիտի առաջարկեմ կարդալ (արեւմտահայերէնի վերածուած անշուշտ) ԵԱՀԿ Մինսքեան խումբի ամերիկացի  նախկին նախագահ ՝Ճէյմս Ուորլիքի վերջերս հայրենի ԶԼՄ-ներէն ՝«Նիւզ.ամ» կայքին տուած հարցազրոյցը, ուր ամերիկացի դիւանագէտը մեծ ճարտարութեամբ կը խօսի իր ղեկավարած մարմնի (Մինսքեան Խումբի) կարեւորութեան ու միեւնոյն ժամանակ «բաց թեքստ»-ով հանրութեան հետ կը կիսէ Ղարաբաղեան խնդրի բարդութեան, բայց եւ այնպէս խնդրի լուծման տեսակէտէն հայկական շահերէն բխող որոշ ձեւակերպումներու մասին։

– Պրն. Ուորլիք դուք դադրեցուցած էք ձեր գործունէութիւնը Մինսքի խումբէն ներս 6 տարի առաջ։ Ձեր կարծիքով՝ որքանո՞վ փոխուած է Մինսքի խումբը իր ունեցած դերի եւ արդիւնաւէտութեան տեսանկիւնէն։

Ստեղծուած օրէն ի վեր ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը եւ համանախագահները չափազանց կարեւոր դեր խաղցած են կողմերու երկխօսութիւնը կազմակերպելու հարցով։ Այն նաեւ եղած է բացառիկ ձեւաչափ, որպէս ԵԱՀԿ-ի մաս, որպէս համանախագահող երկիրներ համախմբելով Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսաստանը։ Նոյնիսկ այն պարագային, երբ Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները տարբեր խնդիրներու բերումով լարուած էին, Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը այն հարցերէն մէկն էր, որու պարագային կը կարողանայինք համատեղ աշխատիլ։ Ես շատ լաւ յարաբերութիւններ ունէի իմ ռուսաստանցի գործընկերոջ հետ եւ հպարտութեամբ կ’ըսեմ, որ մենք շատ լաւ, գործընկերային եւ համագործակցային միջավայրի մէջ աշխատած ենք իրար հետ։ Յոյս ունիմ, որ ապագային եւս այդպէս կ’ըլլայ։

– Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն յետոյ Ալիեւ կը շարունակէ պնդել, թէ Մինսքի խումբը սպառած է եւ պիտանի չէ, քանի որ հակամարտութիւնը, ըստ անոր, գոյութիւն չունի այլեւս։ Ի՞նչ կը կարծէք, արդեօ՞ք Մինսքի խումբի մանտաթը այլեւս անհրաժեշտ չէ։

Կը կարծեմ, որ Մինսքի խումբը դեռ դերակատարութիւն  ունի։ Եթէ ոչ, ապա Մինսքի խումբն ու համանախագահները, ուրեմն միջազգային հանրութեան մէկ այլ հատուած պէտք է նման պատասխանատուութիւն ստանձնէ։ Ես չեմ կարծեր, որ այդ բացառապէս Ռուսաստանի ձեռքը պէտք է ըլլայ եւ կը կարծեմ, որ հակամարտութեան կողմերը առկայ խնդիրներու ուղղութեամբ աշխատելու համար միջազգային հանրութեան աջակցութեան կարիքը ունին։ Եթէ նոր մեքենայ ստեղծելու ցանկութիւն կայ, եւ ես այդ շատ լաւ կը հասկնամ, ուրեմն այն ստեղծուելու պարագային պէտք է Մինսքի խումբի նման ըլլայ։

– Ալիեւ նաեւ կը յայտարարէ, որ Մինսքի խումբի գործունէութիւնը նախորդ տարիներու ընթացքին անօգուտ եղած է հակամարտութիւնը կարգաւորելու հարցով։ Ձեր կարծիքով՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործադրած ջանքերը ի՞նչ կարեւորութիւն ունեցած են բանակցային գործընթացին մէջ։

Իմ կարծիքով, Մինսքի խումբի համանախագահները կրցած են ապահովել քննարկումներու շարունակականութիւնը եւ աւելի վաղ խուսափիլ լուրջ հակամարտութենէ։ Ինչպէս պարզուեցաւ, այսքան տարի անց նոր հակամարտութիւնը պատահական չեղաւ, բայց ռազմական գործողութիւններէն յետոյ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը կարեւոր է։ Ես կը հաւատամ, որ Մինսքի խումբը կը շարունակէ դերակատարում ունենալ։

– Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Պրիւքսէլի մէջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են սկսելու խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նախապատրաստական աշխատանքները։ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշէլի տարածած յայտարարութեամբ՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի մասին բառ մ’իսկ չկար։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով ալ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան չեղեալ յայտարարած են Մինսքի խումբի համանախագահութեան հիմնարկը եւ այլեւս չեն ցանկար համագործակցիլ Ռուսաստանի հետ այդ ձեւաչափով։ Սա կը նշանակէ, որ Մինսքի խումբը ընդհանրապէս դու՞րս կը մղուի գործընթացէն։

Հաշուի առնելով Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջեւ առկայ լարուածութիւնը՝ զարմանալի չէ, որ Մինսքի խումբը գործընկերային եւ համագործակցային ձեւով չի կրնար հիմա աշխատիլ։ Այդ չի նշանակեր, որ այն ապագային դեր պիտի չի խաղայ, ես կը հաւատամ, որ այն կրնայ գործել։ Կը կարծեմ, որ այժմ կրնայ դեր խաղալ Եւրոպական խորհուրդը կամ մէկ այլ կառոյց։ Եւրոպական խորհուրդը կը ցանկայ նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը վերցնել։ Ես կ’ողջունեմ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է։ Այդ եւս կրնայ հաւասարապէս արդիւնաւէտ աշխատիլ։ Բայց իմ կարծիքով՝ կարեւոր է, որ այս հարցով միջազգային հանրութեան միջնորդութիւն ըլլայ։

– Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը արդէն աւելի քան մէկ ամիս է լարուած է, բայց Մինսքի խումբի համանախագահները ոչ մէկ յայտարարութիւն տարածած են մինչեւ օրս։ Ընդհանուր առմամբ, Մինսքի խումբը պատերազմէն յետոյ շատ կրաւորական կը գործէ։ Չէ՞ք կարծեր, որ նախորդ մէկուկէս տարուայ ընթացքին ձեւաչափը իր ողջ ներուժով չէ գործած։

Ըստ էութեան, հակամարտութեան կողմերուն կը վերադառնանք։ Եթէ կողմերը չեն ցանկար, որ Մինսքի խումբը ըլլայ, այն չի կրնար արդիւնաւէտ աշխատիլ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պէտք է որոշեն՝ արդեօ՞ք Մինսքի խումբը կրնայ դեռ դերակատարում ունենալ, եթէ այո, ուրեմն ինչ պէտք է ըլլայ այդ։ Ես կը հաւատամ, որ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը կրնան այդ դերակատարումը ունենալ։ Մենք չենք ուզեր, որ շատ այլ հարցերու պատճառով Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը մոռցուի, միջազգային հանրութիւնն ալ այլեւս ուշադրութիւն չդարձնէ անոր եւ ոչ ալ Ռուսաստանը հակամարտութեան միակ միջնորդը դառնայ, այդ նոյնպէս ցաւալի կ’ըլլայ։ Ես կը հաւատամ, որ Մինսքի խումբը կը շարունակէ դեր խաղալ, եւ կը հաւատամ, որ այս հարցը հետագային եւս պէտք է քննարկուի ԵԱՀԿ-ի ծիրէն ներս՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ։

– Ատրպէյճան կ’ուզէ, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու բանակցութիւնները տեղի ունենան իր ներկայացուցած 5 սկզբունքներու հիման վրայ, որոնք հիմնականին մէկը միւսի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանաչելուն կը վերաբերին։ Այնտեղ ոչ մէկ բառ կայ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու մասին։ Որքանո՞վ այս սենարը կը համապատասխանէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման այն տեսլականին, որուն տարիներ շարունակ ձգտած են համանախագահները։

Կը կարծեմ, որ կը վերադառնաք այն հիմնարար սկզբունքներուն, որոնք առկայ եղած են որոշակի ժամանակ։ Անոնք դեռ երկարատեւ խաղաղութեան հիմքը կը կազմեն։ Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը անոր կարեւոր մէկ մասն է, եւ, ինչպէս ես կը հասկնամ, Արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարուած է ճիշդ այսպիսի քննարկումներ ունենալ այն հարցի վերաբերեալ, թէ ուրկէ կ’անցնին սահմանները։ Բայց միայն այս հարցերը չեն, որոնք լուծման կարիք ունին։ Կարգավիճակի հարցը կը շարունակէ չկարգաւորուած մնալ, եւ այն պէտք է քննարկումներուն մաս կազմէ։ Ոգեւորիչ է տեսնել, որ կողմերը կը հաղորդակցին իրարու հետ, Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը հանդիպեցան, Արտաքին գործոց նախարարները խումբ ստեղծած են, որպէսզի սկսին այս բանակցութիւնները։ Շատ հարցեր պիտի ըլլան օրակարգին վրայ․ խօսքը միայն տարածքային ամբողջականութեան մասին չէ, խօսքը նաեւ միջոցներու եւ հաղորդակցութեան ուղիներու մասին է։ Հայկական կողմին համար, ի հարկէ, խօսքը կարգավիճակի մասին է։

– Ատրպէյճան կը պնդէ, որ Հայաստան պէտք է հրաժարի իր նկատմամբ տարածքային պահանջներէն, այդ կերպ ձգտելով հակամարտութիւնը որպէս տարածքային խնդիր ներկայացնել, մինչդեռ հայկական կողմը կը պնդէ, որ սա ոչ թէ տարածքի, այլ իրենց պատմական հայրենիքին մէջ ապրող հայերու ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրն է։ Պաշտօնավարման տարիներուն ինչպէ՞ս էր հակամարտութեան էութեան մասին ձեր անձնական պատկերացումը։

Այս հակամարտութիւնը միշտ ալ շատ բարդ պիտի ըլլայ կարգաւորել, քանի որ տարածքային ամբողջականութեան եւ կարգավիճակի հարցերու միջեւ տեւական բնական լարուածութիւն գոյութիւն ունի։ Բայց եթէ խօսքը տեւական խաղաղութիւն հաստատելու մասին է, բոլորն ալ գիտեն, որ պէտք է առկայ բոլոր հարցերը դրուին բանակցային սեղանին, եւ ոչ թէ միայն տարածքային ամբողջականութեան հարցը։ Ես կը հաւատամ, որ Ատրպէյճանն ալ միշտ հասկցած է ասիկա, հասկցած են, որ բազմաթիւ հարցեր կան, որոնք պէտք է լուծուին։ Մենք չենք ուզեր, որ այդ հարցերը մարտադաշտին վրայ կարգաւորուին․ անոնք պէտք է լուծուին բանակցութիւններու միջոցով։ Բանակցութիւնները հեշտ պիտի չըլլան ու ժամանակ կը պահանջեն, շատ հարցեր կան, որոնց վրայ պէտք է աշխատիլ, բայց այդ պէտք է կատարուի երկու կողմերուն համար ալ երկարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու նպատակով։

Սագօ Արեան