Շնորհիւ սփիւռքահայ մասնագէտներու ու անոնց նեցուկ կանգնած հաւատաւոր նուիրատուներու՝ հարիւրաւոր հայորդիներ հոգեկան զարթօնք կ’ապրին

Հինգշաբթի՝ 5 Մայիս 2022-ին, Լաւալի «Centre Armenie»-ի մէջ, բացառիկ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ  AMAQ-ի կազմակերպած յատուկ դրամահաւաքի ձեռնարկը ներկայութեամբ՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանի, Քեպէքի մօտ ՀՀ Պատուոյ Հիպատոս Տիար Լեւոն Աֆէեանի, գաղութի զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատաւոր ազգայիններու, ուր ներկայ գտնուելով իրենց զօրակցութիւնն ու մասնակցութիւնը ունեցան AMAQ-ի որդեգրած Post Traumatic Growth (Յետ Traumatic աճի) ծրագրին սատարելու, ի նպաստ Արցախեան պատերազմի արդիւնքէն տուժած հոգեկան խանգարում ունեցող զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, որդեկորոյս մայրերուն եւ այրի կանանց անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու:

Վերեւ յիշուած ծրագրին եւ ձեռնարկի առնչութեամբ, հետաքրքրական եւ ազգօգուտ հանդիպում մը ունեցաւ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթը՝ հոգեբան Պելինտա Գոստանեան-Եագուպեանի եւ հոգեբոյժ Ռիթա Սուլահեան-Գույումճեանի հետ:

Այս հանդիպումը, վերոյիշեալ զոյգ անձնաւորութիւններուն հետ, եղաւ. շատ տեղեկագրական:

Հարց.- Նախ խորին շնորհակալութիւն, որ ընդառաջեցիք մեր այսօրուայ հանդիպումին.

Պատ.- Շնորհակալութիւնը փոխադարձ է:

 

Հարց.- Սկսելու համար՝ կարելի՞ է մեզի տեղեկութիւններ տայիք AMAQ-ի մասին, որպէսզի մեր սիրելի ընթերցողները աւելի մօտէն ճանչնան զայն:

Պատ.- AMAQ (Association médical arménienne du Quebec) գոյութիւն ունի Քեպէքի մէջ 45 տարիներէ ի վեր: Անոր հիմնադիրներէն եղած են Տօքթ. Տէմիրճեանն ու Տօքթ. Անդրանիկ Պէնօհանեանը: Իսկ հոգեբանական բաժինը սկսաւ յատկապէս արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, երբ մարդիկ մօտեցան մեզի ըսելով որ կրնա՞ք հոգեբանական բաժին մը կազմել, որպէսզի օգնէք, ուստի այդտեղ սկսանք մտածել եւ քայլեր առնել այդ ուղղութեամբ: Տեղին է յիշել, որ AMAQ-ը  մաս կը կազմէ Armenian Medical international Community-ին եւ ան երկար տարիներէ ի վեր աշխոյժ կերպով կը գործէ Քեպէքի մէջ տարեկան զանազան ձեռնարկներով, ըլլան ատոնք դասախօսական շարքեր՝ յատուկ մասնագէտներու կողմէ, ուր կը փորձէ օգտակար դառնալ հանրութեան յատկապէս Քեպէքի մէջ: Ուստի, կրնանք ըսել, որ AMAQ-ը  սկսաւ տեղական, ապա ընդլայնեցաւ եւ յատկապէս արցախեան վերջին պատերազմի ժամանակ աւելի կարիքը շեշտուեցաւ, որ իր գործունէութիւնը կեդրոնացնէ նաեւ Հայաստանի մէջ: Գալով  Post Traumatic Growth  ծրագրին՝ նախ սկիզբ առաւ որպէս միտք եւ առաջարկ Տօքթ. հոգեբոյժ Ռիթա Սուլահեանին կողմէ եւ ինք այդ գաղափարը ներկայացուց զիս (Դոկտ. հոգեբան Պելինտա) քանի որ ես կը զբաղեցնեմ AMAQ-ի փոխնախագահի պաշտօնը , ապա այս բոլորին հիման վրայ AMAQ-ը  Օգոստոս 2021-ին՝ փափաքեցաւ քայլ մը աւելի առնել Հայաստանի զինուորներու հոգեկան կարիքներուն օգտակար ըլլալու համար եւ ինք որդեգրեց սոյն ծրագիրը:

Հարկ է յիշել, որ Ղարաբաղեան վերջին պատերազմի օրերուն, Հայաստանի մեր՝ (AMAQ)-ի աշխատանքին իր ներդրումը ունեցած է Գանատահայ Տօքթ. Ռաֆայէլ Վարդազարմեանը (emergentologist), Հայաստանի մէջ իր կամաւոր աշխատանքով, ուր ան իր մասնագիտութեամբ emergency room-երու մէջ փրկած է բազմաթիւ կեանքեր, նաեւ օգտակար եղած է ՝ դեղորայք, գործիքներ, դրամահաւաք կամ շտապ-ինքնաշարժ (Ambulance) հայթայթելով:

 

Հարց.- Կարելի՞ է մանրամասնել ձեր նոր հոգեբանական առաքելութիւնը:  

Պատ.- Ուրեմն կարելէ է ըսել, որ մեր աշխատանքը աւելի զգալի դարձաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, եւ սկսանք կազմակերպել բանախօսութիւններ՝ մասնագէտներու կողմէ, Zoom-ով հանդիպումներ, եւայլն…: Ես (Հոգեբոյժ Ռիթա) երկրաշարժէն ետք անընդհատ կապ պահած եմ Հայաստանի հետ. օրինակ՝ աւագ հոգեբան Խաչատուր Գասպարեանը, որ այժմ Հայաստանի մեր գործընկերն է, ինչպէս նաեւ հոգեբան Անի Ազիզեանը՝ Երեւան. որուն հետ հարցազրոյց ալ ըրած ենք:

 

Հարց.- Իսկ ծրագրի հանգրուաններուն մասին կրնա՞ք խօսիլ:

Պատ.- Ծրագիրը չորս մասերէ կը բաղկանայ:

ա) Զինուորներու բուժում:

բ) Այրիներու ու որդեկորոյս մայրերու խմբային բուժումներ:

գ) Հանրային գիտակցութեան բարձրացում (public awarness), որ իր մէջ կը պարփակէ՝ ռատիոյի հաղորդումներ (Հայաստան, Արցախ, Վանաձոր եւ համալսարաններու աշակերտութեան):

դ) բոլոր բուժման տուեալները հաւաքելով՝ հրատարակել գիտահետազօտական համաշխարհային պարբերականներու մէջ:

 

Հոս պէտք է յիշել, որ Յետ Traumatic աճի  գաղափարի «միտք բանի»ն հետեւեալն է՝ ուր Trauma (Հոգեկան ցնցում) ապրած անձը ոչ թէ ապրի իր կորուստով այլ իր ապագան կերտէ իր ունեցածով: Օրինակի համար, երբ անհատը իր անդամներէն մին կը կորսնցնէ (ձեռք, ոտք), ոչ թէ աւելի նահանջող (resilient) կը դառնայ, այլ իր կորուստին իմաստ տալով կ’իմաստաւորէ իր կեանքը, եւ ոչ թէ իր կորուստը կը բնորոշէ իր ապագայի կեանքը. Եւ այսպիսով՝ նախկին վիճակէն ալ աւելի զօրացած կը զգայ եւ խորապէս կարժեւորէ ընկերային յարաբերութիւնները, կ’իմաստաւորէ կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեանը եւ իր զօրացած հոգիով աւելի օգտակար կրնայ դառնալ, թէ ինքզինքին եւ թէ ուրիշներուն: Այն անձը որ Յետ Traumatic աճի  բուժման ընթացքին կը հետեւի, վստահաբար կեանքի զարթօնք կ’ապրի: 

 

Հարց.- Կրնա՞ք անդրադառնալ օրուան ձեռնարկին մասին:

Պատ.- Նախ՝ Տօքթ. Ռաֆայէլ Վարդազարմեան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ պատերազմի ընթացքին իր  տարած աշխատանքի մասին վիրաւոր զինուորներու բուժման: Ան այդ օրերուն՝ ազատել փորձեց մարդիկ ֆիզիքապէս, իսկ այսօր մենք Յետ Traumatic աճի ծրագրով կը փորձենք վերականգնել հոգեպէս:

 

 

Հարց.- Արդեօ՞ք ունէիք պատգամ մը կամ վերջին խօսք մը Քէպէքի հայ գաղութին:

Պատ.- Պատգամ չունինք, սակայն ունինք այն հաւատքն ու համոզումը, որ Գանատահայ գաղութը ընդհանրապէս ու Քէպէքի գաղութը մասնաւորաբար, իր առատաձեռնութեամբ, միշտ նեցուկ պիտի կենայ մեր այս գործին:

Թէքէեանն ալ իր « Sponsor a Teacher» ով, թէեւ տարբեր անկիւնէ դիտուած, սակայն, ունի նո’յն  տեսլականը հետապնդող աշխատանքը:

* * *

Ձեռքի ջերմ սեղմումով ու լաւագոյն մաղթանքներով բաժնուեցանք հոգեբան Պելինտա Գոստանեան-Եագուպեանէն եւ հոգեբոյժ Ռիթա Սուլահեան-Գույումճեանէն մեզի հետ տանելով ամենանուիրական տպաւորութիւնները: Ճիշդ է թէ կորսնցուցած ենք հազարաւոր անփոխարինելի հերոսներ, սակայն սեղմեցինք ձեռքերը այն նուիրեալ բժիշկներուն որոնք իրենց գիտութեամբ ու մանաւանդ ազգային նուիրումով ուխտած են ու կը փորձեն փրկել, դարձեալ անփոխարինելի՝ վերադարձող հերոսներու բնականոն կեանքի պայմանները, կերտելու համար առողջ սերունդ մը առողջ հայրենիքի մը մէջ:

 

Ըսինք կը փորձե՞ն:

Ո’չ:

Կը յաջողի՛ն:

 

 

Հարցազրոյցը վարեցին

Պրն. Աւետիս Պագգալեան      եւ    Պրն. Պերճ Գոգորեան