Եգիպտահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան Թորոնթոյի Մէջ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Կիրակի, 5 Յունիս, 2022-ին, առաւօտեան, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ կամարներու տակ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց ու իր պատգամը փոխանցեց Եգիպտահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանը:

Գերշ. Աշոտ Սրբազանը, Գանատա ժամանած էր Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հրաւէրով, մասնակցելու Թեմիս 38-րդ Պատգամաւորական ժողովին:

Գերշ. Տ. Աշոտ Սրբազանը մատուցեց Սուրբ Պատարագ, առընթերակայ ունենալով Թեմի փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ աւագ քահանայ Զարգարեանն ու հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի քահանայ Թանաշեանը: Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին բարեշնորհ սարկաւագները, իսկ ներդաշնակօրէն երգեցողութիւնը կատարեց դպրաց դասի երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Տիար Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սոնա Արթինեանի:

Եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, ովքեր եկած էին Սրբազան Հօրմէ օրհնութիւն ստանալու եւ եգիպտահայ գաղութի մեր հայրենակիցներու մասին տեղեկութիւն ունենալու:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահի մէջ, տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիրով ճաշկերոյթ մը՝ նուիրուած եգիպտահայ համայնքին, ի պատիւ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանի: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի:

Գանատայի, Հայաստանի եւ Եգիպտոսի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սալբի Գաճէմեան, ապա, Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Պարէթ Սանթուրճեանը, որ ելոյթ ունեցաւ թմբուկով, խոստումնալից երիտասարդներէն Ռէմի Կըրկէսն ասմունքեց Ժագ Յակոբեանի «Մենք կը շինենք» բանաստեղծութիւնը, ցուցադրուեցաւ «Եգիպտահայութիւնը դարերու ընդմէջէն» տեսերիզը, որ համադրած էր Սալբի Գաճէմեանը, եւ իր ներդրումը ունեցած էր Գեղամ Փափազեանը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ ազգի զաւակ, Օնթարիոյ նահանգի վերընտրեալ խորհրդարանի անդամ Տիար Արիս Պապիկեանը, խօսք առաւ նաեւ Ս. Մարիամ եւ Ս. Սամուէլ Խոստովանահայր Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիներու հովիւ Տ. Ճօն քահանայ Սարգիսը (Pastor of St. Mary and St. Samuel the Confessor Coptic Orthodox Churches), ան իր կարգին ընթերցեց համայն Ղպտաց քահանայապետ Տ. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքի ողջոյնի գիրը, յաջորդաբար իրենց օրհնութիւնն ու սրտի բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին, Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանն ու Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, ապա, Արժ. Տ. Զարեհ աւագ քահանայ Զարգարեանը փոխանցեց իր պատգամը եւ շնորհաւորեց ձեռնարկի յատուկ յանձնախումբի անդամ-անդամուհիներն իրենց տարած աշխատանքի համար, ուր ստեղծուած էր եգիպտական մթնոլորտ մը: Յիշատակի նուէրներ յանձնուեցան Գերշ. Տ. Աշոտ եւ  Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան Հայրերուն:

Ճաշկերոյթն իր աւարտին հասաւ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազանի փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով, որմէ ետք ներկաները առիթ ունեցան մօտիկէն ծանօթանալու Գերշ. Տ. Աշոտ Սրբազանի հետ:

Շնորհաւորելի են կազմակերպիչ յատուկ յանձնախումբի անդամները եւ օգնականները, որոնց բծախնդիր աշխատանքով ձեռնարկը դարձուցին անմոռանալի եւ ստեղծեցին զուարթ մթնոլորտ մը: