Սուրիոյ մէջ շուրջ 13.5 միլիոն մարդ մարդասիրական օգնութեան եւ պաշտպանութեան կարիք ունի: Այս մասին Հոկտեմբեր 30-ին նշած է ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով գրասենեակի պաշտօնական ներկայացուցիչ Հենս Լարքէն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
«Օգնութեան եւ պաշտպանութեան կարիք ունեցողներէն աւելի քան 6 միլիոնը երեխաներ են»,- նշած է ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը` ընդգծելով, որ տասը ամիս առաջ այդ թիւը կը կազմէր 1.2 միլիոն, եւ ատկէ ետք կարիքաւորներուն թիւը կտրուկ բարձրացած է:
Անոր խօսքով` Սուրիոյ մէջ մօտ 6.5 միլիոն մարդ գաղթականներ են երկրին մէջ: Աւելի քան 4.2 միլիոն սուրիացիներ լքած են իրենց երկիրը` դառնալով փախստականներ:
«Աւելի քան 11 միլիոն մարդ Սուրիոյ մէջ առողջապահական օգնութեան կարիք ունի, իսկ շուրջ ինը միլիոնը հնարաւորութիւն չունին սնունդի հիմնական կարիքները հոգալու համար»,- նշած է Լարքէն` աւելցնելով, որ կարիքաւորներուն օգնութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւնը չափազանց սահմանափակ է, քանի որ 4.5 միլիոն մարդ կը գտնուի այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր դժուար է մուտք գործել:
Գրասենեակին տեղեկացմամբ, 393 հազար 700 սուրիացիներ կը բնակին շրջափակուած տարածքներու մէջ: Այս տարի անոնցմէ օգնութիւն ստացած է միայն 0.5 տոկոսը, եւս 3.6 տոկոսը առողջապահական օգնութիւն ստացած է: