1733-ին Վենետիկի մէջ տպագրուած Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի Աստուածաշունչը վերականգնուած է

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ պարբերաբար կ’իրականացուին վնասուած գիրքերու վերականգնման աշխատանքներ, որոնց շնորհիւ Սուրբ Էջմիածնի մատենադարանի հնատիպ գիրքերը կը փրկուին ֆիզիքական ոչնչացումէ։

«Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ համապատասխան խնամքի եւ հոգատար վերաբերմունքի շնորհիւ, Մայր Աթոռի մատենադարանի՝ 1733 թ․ Վենետիկի մէջ տպագրուած Աստուածաշունչը նորացուած է եւ ստացած նոր կեանք։

Երկու Մատենադարաններու երկարամեայ համագործակցութիւնը շարունակական է. յառաջիկային նոյնպէս կը նախատեսուին համատեղ աշխատանքներ: