Յատուկ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին
Անցնող մայիս ամսուան սկիզբը ընթացք առած ընդդիմադիր պլոքի գործողութիւնները այսօր արդէն մտած են նոր փուլ։
Օրակարգը կը շարունակէ մնալ նոյնը, սակայն աւելի քան պարզ է, որ ընդդիմադիր ճակատը լաւապէս հասկցած է, որ իշխանափոխութեան համար հարկ եղած «զէրօ ժամ»ը կամ Նիկոլ Փաշինեանը քաղաքական հրապարակէն ընդմիշտ հեռացնելու պահը տակաւին չէ հասած իր վերջնաժամկէտին։
Սակայն հակառակ այս «ներքին համոզման» ընդդիմութիւնը ի գին ամէն տեսակի մեծ ու փոքր զոհողութիւններու պիտի փորձէ հրապարակը «վառ» պահել եւ իր համակիրներուն տալ հարկ եղած «ներքին» էնէրժին, շարժումը կամ իշխանափոխութեան պահանջը ընդհանրական օրակարգէն դուրս նետած չըլլալու համար։
Միւս կողմէ աւելի քան յստակ է, որ այնքան ժամանակ, որ նախկին նախագահներ Ռոպէրթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը հրապարակի վրայ կ’երեւան, անոնք «բնազդօրէն» կամ նոյնիսկ առանց ուզելու կ’ամրապնդեն Նիկոլ Փաշինեանի դիրքերը։
Այս առումով ալ աւելի քան ճշմարտացի է, որ Փաշինեանն այսօր աւելի կայուն դիրքեր ունի ներ-քաղաքական իրականութեան մէջ, քան ըսենք ինչ ունէր անցեալ Մայիսին ընթացք առած ցոյցերու ժամանակ։
Ճիշդ է այստեղ չենք խօսիր արտաքին գործօնին մասին, որուն մասին ալ շատ հաւանաբար ընդդիմադիր ճակատի ներկայացուցիչներէն շատ-շատերը չեն ուզեր լսել, սակայն ինչքան ալ անտեսել փորձենք, կամ ինչքան ալ այդ նիւթին շուրջ խուսանաւումներ կատարենք օրակարգը կը շարունակէ մնալ նոյնը։
Այդ օրակարգը կը խօսի այն մասին, որ ցանկացած երկրի պարագային ու հաստատապէս ներկայ ժամանակներու Հայաստանին համար անհնարին է ներ-քաղաքական օրակարգ մը ճամբայ հանել, առանց այդ արտաքին գործօնի առկայութեան կամ «կանաչ լոյս»ին։
Ոչ անպայման կը խօսիմ ռուսական ազդեցիկ կամ ամէնէն ազդեցիկ դերին մասին, այլ այն ներքին համաձայնութեան մասին, որուն ստիպուած պէտք է ըլլան հասած ըլլալ այն ուժերը, որոնք այսօր «կը վարեն» Հայաստանի թղթածրարը։
Անշուշտ ցանկացած ընդդիմութեան պարագային ալ, չի բացառուիր, որ արտաքին ուժերը կամ ազդեցիկ կողմերը պարտադրանքին տակ ըլլան ներքին ուժերուն հետ հաշուի նստելու, սակայն այն ուժը, որ ընդդիմութիւնն ունէր, ու յատկապէս ամէնէն «քրիթիք» պահերուն, կարծես թէ բաւարար չէր, որ արտաքին աշխարհը հեղ մը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն նայելու ու միայն անկէ ետք նոր օրակարգ ձեւաւորելու։
Մեծ հաշուով Փաշինեանէն գոհ են
Ներքին քաղաքական զարգացումներուն զուգահեռ Հարաւային Կովկասի շուրջ կը կատարուին բաւականին ուշագրաւ զարգացումներ։ Շաբաթ չանցնիր, որ եւ Եւրոպական եւ Ռուսաստանեան ներկայացուցիչներ կ՚այցելեն մեր շրջան եւ աշխոյժ բանակցութիւններ կը վարեն պաշտօնական Երեւանի ղեկավարութեան հետ։ Բաց աստի աւելի քան բացայայտ է, որ կայ ներքին մղում մը, թէ որ կողմը պիտի կարողանայ իր կամքը պարտադրել եւ «հնարաւոր» խաղաղութեան մը ճանապարհ մը բանալ։
Այստեղ է նաեւ, որ խորքային տարակարծութիւններու մեծ տոպրակը կը բացուի, որմէ դուրս կու գայ հակոտնեայ շահերու, մօտեցումներու եւ տեսակէտներու ամբողջ տեսարան մը։ Լսելի կը դառնայ մեծագոյն հարցումը, որ ոչ միայն այս ժամանակներու, այլ բոլոր ժամանակներու հարցադրում մըն է։ Ռուսաստան պիտի ընդունի Եւրոպական ընտանիքին կողմէ Հայաստանին համար «յարմարեցուած» կամ Ատրպէյճանի «չափեր»ուն համար նախատեսուած լուծման փաթեթ մը։ Ու ոչ միայն այդ այլ ատկէ շատ աւելի անդին երթալով այդ ձեւաչափը հաշուոյ առած պիտի ըլլայ ռուս-թրքական շահերու ընդհանրական տեսադաշտը։
Այս բոլորին մէջ անշուշտ ամէնէն աւելի գերակշռողը կամ ինքզինք թելադրողը, որ նաեւ ունի ժխտական «հորմոններ» Հայաստան երկրի թոյլ դիրքն է, որ բոլոր կողմերուն համար «տանելի», ընդունելի, եւ օգտագործելի վարկածներու ամբողջական օրինաչափութիւն մըն է։ Ու հոս է նաեւ, որ ազդեցիկ օրէն հիմունք կը դառնայ Փաշինեանի, որպէս «կոտրուած» կամ «պարտուած» ղեկավար մը դառնալու առաջնորդը։
Այդ առումով է նաեւ, որ առանց վարանելու գրեցի, ու առանց վարանելու պէտք է տեսանելի դառնայ, որ այսօր Փաշինեան կը շարունակէ մնալ բոլորին կողմէ «ընդունելի», «տանելի» կերպար մը, որուն հետ ալ այդ ուժերը կը խօսին իրենց ուզած ոճով, իրենց ուզած հիմունքներով ու ամէնակարեւորը իրենց ուզած հաշուարկներով եւ պատկերացումներով։ Ու եթէ այս ճշմարտանման իրականութիւնը (որովհետեւ միշտ ալ հաշուի պէտք է առնել այն տեսակէտը, որ նոյնիսկ ամէնէն շատ աւելի ընդունուած ղեկավարն իսկ կրնայ իյնալ փորձութիւններու գիրկը կամ ալ դառնայ, հանդիսանայ մերժելի կերպար մը) հաշուի առնենք, ապա մեզի համար, բոլորիս համար ալ պարզ ու մէկին հասկնալի պիտի դառնայ, որ այսօր առաջ բերուած փաստարկներուն հիմքով , բացառուած է, որ Հայաստանի հարցերուն մէջ «կուտ ու կորկոտ» ունեցող, շահագրգռութիւն ունեցող կողմեր, փափաքին, ուզեն կամ նոյնիսկ սատարեն, որ Փաշինեան եւ իր իշխանախումբը հեռանան իրենց պաշտօններէն։
Դէպի ամառնային «արձակուրդ»
Եթէ ներկայիս Հայաստանի մէջ տիրող դրութիւնը լոյսին տալ փորձենք անպայման պիտի գանք այն համոզումին, որ ընդդիմութեան կողմէ եղած բողոքի շարժումները հասած են խաղը հանդարտ կանոններով առաջ տանելու փուլին։
Մինչ ԶԼՄ-ներու տարբեր հարթակներ կը գրեն, որ այսօր ընդդիմութեան շարժումը ունի ներքին խնդիրներ, անդին իր գրաւը ժամանակ շահելուն վրայ դրած իշխանութիւնը, կարծես թէ ինչ որ տեղ հասնիլ իր նպատակներուն։
Այդ նպատակը, կապ ունի ոչ միայն ժամանակի գործօնին, ընդդիմութեան յոգնութեան կամ ամառնային արձակուրդի գործօններուն հետ, այլ ընդհանրապէս իշխանութեան կողմէ որդեգրուած կանոնամիջոցներուն հետ, որոնց ալֆան եւ օմեկան կը թելադրեն ամէն բան ընել սպունգի նման ներծծելու համար բողոքի ալիքը։
Ճիշդ, որ «Ֆրանսա»ի հրապարակին վրայ զետեղուած վրանները հանուելէն ետք իսկ ընդդիմադիր շրջանակներ կը շարունակեն բողոքի ելոյթները, բայց կարծէք գոյութիւն ունի «լուռ պայմանաւորուածութիւն» մը, որ առկայ տագնապը նոր սրացումներ պիտի չապրի, առնուազն մինչեւ գալիք աշնան փուլը։
Այդ մէկն անշուշտ պայմանաւորուած չէ միայն այն փաստով, որ յառաջիկայ շաբաթներէն սկսեալ Հայաստանի Ազգային Ժողովը իր ամառնային արձակուրդին պիտի երթայ, այլ նաեւ շրջանային ընդհանուր վիճակներով, որոնց հանգուցալուծումը, կամ ըսենք մասնակի լուծումը կրնան թելադրական պայմաններ ստեղծել նախ Հայաստան- Ատրպէյճան բանակցութիւններուն, ապա նաեւ սահմանագծման ու սահմանազատման օրակարգերուն, ու անկէ ետք ալ Ղարաբաղեան հիմնահարցի յաւելեալ յստակեցման։
Այս բոլորը անշուշտ յաւելեալ ժամանակ եւ յաւելեալ յստակեցում կը պահանջեն ու այդ սպասողականութեան ընդհանուր լոյսին տակ, մեծ հաշուով բացառուած պիտի ըլլայ, որ Երեւանի մէջ նոր լարումներ, անհնազանդութեան ցնցիչ քայլեր տեսնուին։
Չի բացառուիր, որ ընդդիմութիւնը շարունակէ իր գործողութիւնները, բայց ինչպէս նախօրօք ալ արտայայտուած եմ, այսօր ալ կրկնելու գնով կ՚ըսեմ, որ ներքին դաշտին մէջ ինչ որ փոփոխութիւններ առաջացնելու համար շատ բան կախեալ է արտաքին «կանաչ լոյս»երէն ու այդ արտաքին այո ներկայ պահուն մեծ հաշուով երեւելի չէ հորիզոնին վրայ։
Սագօ Արեան