Ուքրանիոյ պատերազմը… Պաղտատի վիրաւոր պատուհանէն

Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան մասին գրելը յանձնառութիւն կը  պահանջէ։

Խօսքը միայն անաչառ ըլլալու, հարցերը բոլոր անկիւններէն ներկայացնելու, խնդիրները ճիշդ դատելու եւ աւելին «արդար» եզրակացութիւններու հանգումը չէ։

Կայ անձնական վկայութիւն, կայ անցեալ, կայ խոցուած ըլլալու իրականութիւն ու կայ մանաւանդ Մերձաւոր Արեւելքի ջուրերէն անցած ըլլալու իրաւացի փաստ։

Ու ատոր համար է նաեւ, որ ցանկացած գրութիւն, որ պիտի խօսի այսօրուան պատերազմին մասին, կրնայ չըլլալ արդարացի, կամ առնուազն ամբողջական արդարութեան կշռաքարերէն զրկուած մտորում։

Հարցը այն չէ, որ ո՞վ է ճիշդ կամ ո՞վ սխալ։ Կամ որ կողմն է աւելի խոցելի կամ, որ կողմն է ի վերջոյ որ յաղթանակ պիտի կերտէ այլ անկէ անդին, թէ ինչ եզրակայանգումներու պիտի առաջնորդէ այս ցաւոտ պատերազմը։

Պիտի բերէ՞ խաղաղութեան նոր ժամանակ, պիտի բանայ մեր առջեւ աւելի արեւոտ պատուհաններ, կամ թէ պիտի դառնայ սովորական եւ փոքր կշիռներով, զուտ ներանձնական (ներ ռուսական աւելին) զարգացում ու երթայ մոռցուի պատմութեան փոշիներուն մէջ։

Ամէն պարագայի, վկայութեան խնդիրը, որուն կ՚ակնարկեմ, անմիջական կապ ունի Մերձաւոր Արեւելեան տարիներուս, մանկութեանս, վաղ պատանեկութեանս, ու երիտասարդութեանս հետ։

Պէյրութ, Պաղտատ ու անկէ առաջ ալ վիրաւոր Երուսաղէմ ահա այս դրուածքները, կամ այս «վէրքեր»ն են որ կը խանգարեն արդար կշիռներով առաջ երթալ։

Արդարութիւնը կը սիրենք, բայց ճշմարտութիւնը աւելի պէտք է սիրենք, իսկ այս պարագային ճշմարտութիւնը կը մեռնի, որովհետեւ ան պատերազմի առաջին զոհն է։

Ճիշդ է նաեւ, որ պատերազմները միայն քաոս կը բերեն, ու աւելի տխուրն այս բոլորին մէջ այն է, որ այսօրուան աշխարհի ազդեցիկ առաջնորդները, ոչ երէկ, ոչ ալ այսօր բան մը սորվեցան, կամ բառ մը քաղեցին անցեալի ճշմարտութիւններէն։

Ի դէպ այս օրերուն աշխարհը «կը նշէ» Ամերիկայի դէպի Իրաք կատարած ներխուժումին 30-րդ տարին ու ներքեւը տրուած մտորումներուն պէտք է անպայման այդ պրիսմակէն ալ նայիլ։

 

 

Քիեւ եւՔիեւէն անդին

Ո՞վ կը սպասէր այս պատերազմը, կամ նոյնիսկ ո՞վ կ՚ակնկալէր, որ Մոսկուայի դէմ եղած հազար ու մի տեսակի ճնշումները, սպառնալիքները, մեծ-մեծ խօսիլները ծակուած ապակեայ պատուհանի ապակիին նման մէկ ռոպէի մէջ փշուր- փշուր պիտի ըլլային եւ պատճառ ըլլային, որ հարիւր-հազարաւոր ռուսաստանեան բանակը ետ տուն դառնայ…

 

Ուշագրաւ տեսութեան մը մասին խօսեցաւ լիբանանցի վերլուծաբան Միխայիլ Աուատ, որ նշեց, թէ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի նման երկիրներ դրածոյ, կամ «ցանուած» երկիրներ չեն, այլ ունին հզօր անցեալ ու միշտ ալ այդ անցեալին վրայ հենելով մը, որ կարգի կը դնեն իրենց գործերը։

Ռուսաստանի այս պատերազմը խորքին մէջ, միայն Ուքրանիոյ սահմանային հատուածները, Տոնպասի «Տոնէթցք» եւ «Լուկանսք» շրջաններուն մէջ ապրող եւ ինքնութեամբ իրենք զիրենք ռուսազգի համարող քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելը չէր, այլ աւելին։

Աւելին, որովհետեւ այն ինչ, որ այսօր կը գծուի Ուքրանիոյ մեծ տեսարանին վրայ, այն պիտի ըլլայ նոր ուղեգիծ մը ամբողջ աշխարհին համար։

Սուրիայէն մինչեւ Եմէն, մինչեւ Իրան, մինչեւ Լիբանան, բայց մանաւանդ մինչեւ կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներ, որոնք այսօր անուժ են, կերպով մը «անօգնական» կը փորձեն ամէն գնով ՆԱԹՕ-ի մէջ եղող «ներքին կրակ»ը վառ ու արծարծ պահել։

Արեւմուտքի հետ մեր ունեցած «պատմութիւն»ը, մեր կեանքի էջերը, մեր, մօտիկ ու հեռու անցեալը, մեր հագուստ-կապուստը, եւ նոյնիսկ մեր ուտելիքներու մշակոյթը կամ մեծ առումով փոխ-կապուածութիւնը նորութիւն մը չեն։

Այդ «աւազան»ին մէջ լողացինք, ատով աճեցանք, ատով հմայուեցանք եւ շատ շատերու նման մեզմէ շատերուն համար Ամերիկան կոչուեցաւ «Աւետեաց երկիր»։

Մեր բարեկամներէն շատեր ստիպուած եղան «լքել» իրենց ծննդավայրը, հեռանալ մեզմէ, ստեղծել ու «մեծարել» նոր կեանքը, գուցէ գովաբանել իրենց ապրածն ու տեսածը եւ անշուշտ հպարտանալ այդ «վարդագոյն» կեանքով։

Տարուեցանք այդ երանգներով, դիտեցինք ու զմայլեցանք, երազեցինք ու մանաւանդ սպասեցինք, որ այդ «ամերիկեան երազ»ը մեզի ալ հասնի, որ մենք ալ մեր կարգին շունչ մը քաշենք, պատառ մը հանգիստ հաց կրծենք ու երկարենք մեր ոտքերը նստասենեակի հեռատեսիլին դիմաց եւ անշուշտ երազենք, որ մեր նախագահը, մեր վարչապետը, մեր կուսակալը եւ թաղային հեղինակութիւնը խօսի ու բարբառէ «վարդագոյն» ժողովրդավարութեան լեզուով։

Խաբուած էի՞նք գուցէ, այո՛ անշուշտ որ խաբուած էինք։

Յետոյ օրերը թաւալեցան, մենք «կուլ տուած» էինք սուտ ազատութեան դեղահապերը, վստահ էինք, որ մեր հանգիստ օրերը պիտի երկարին, ծովուն հետ խօսելու պէս ըրինք, մեր անցեալը դրինք մեր երեխաներուն յատկացուած փոքրիկ նստարաններուն տակը եւ սպասեցինք …։

Սպասումը մէկ կեանք գծեց, սպասումը նոր կեանք գծեց, որուն առաջին հրէշները մեր տան դիմաց կանգնեցան եւ ըսին, որ իրենք իսկական արագիլներ են։

Երկինքներէն արիւն հոսեցաւ, կազի եւ նաւթի խողովակները մէկ մէկ պայթեցան, ճանապարհները խաչուեցան իրար վրայ, թաւալք եղաւ, մեր կեանքն էր այդ, որ թաւալուն եւ ընդգծուած կերպով հալեցուց մեզ իր մեծ «հալոց»ին մէջ։

Հիմա հարց պիտի տաք, ինչ առնչութիւն այս ծանր երազին (որ նաեւ մեր ապրած օրերէն մաս մըն էր) եւ այսօրուան դէպքերուն միջեւ։

Հոն է՞ր արդեօք այդ կարծր հարցումներու սենեակին մէջ, հոն է՞ր, որ զգացինք, որ մեր խաբկանքը պիտի տանջէ մեզ։ Հալէպի մէջ տանջանք էր ու մահ, Պէյրութը ծուարած էր իր ցաւերուն մէջ, Իրաքը եւ Պաղտատ ծնած հօրքուրս կ՚արտասուէին ամէն գարնան իսկ «արաբական գարնան» մեծ սուտը մինչեւ հիմա կը շարունակէր իր մահացու կարմիր ընթացքը։

Մայիսի մըն էր, եղանակը տօթ եւ խեղդահար, նստած էի մեծ սենեակի սեղանին, անոր ծածկոցին իրաքցի մեծ բանաստեղծներու գիրքերու տրցակը կար ու կար նաեւ Պաղտատէն Պէյրութ հասած արմաւի կարմիր տուփը։

Արմաւները կոկիկ-կոկիկ շարուած էին քով- քովի, մէջէն հատ մը վերցուցի, խածի, կամաց-կամաց ծամեցի, բայց անկէ եկող արեան- պժգալի արեան համն էր, որ կոկորդս խեղդեց։

Արաբական երազն էր, որ կը հալածէր զիս, ու ահա այսօր այսքան մեծ քանդումներէն, մեծ տարաժամերէն ետք, երբ այդ ափերուն վրայ ցաւն ու կորուստը սաւանի պէս կը տարածուին ամէն այգի, ես կամաց-կամաց իմ արաբ ընկերներուս հետ, նորէն ապրելու, նորէն ծնելու, նոր ծնունդով մը մէջտեղ գալու վազքին ետին եմ։

Ի՜նչ կապ պիտի հարց տաք, ի՞նչ կապ, եթէ աշխարհը չի հասկնար տրամագիծը մեծ ապրումներուն եւ սկիզբը մեծ երկանց, որ օր մեզ դէպի ազատութիւնը պիտի տանի։

Սուտ էի՞ն արդեօք այդ ստորնացնող խոստումները, սուտ էր արեւմուտքը իր մեծ խաղերով եւ մենք, իբրեւ զոհերը այդ սուտերուն ինչ հայեացքով պիտի նայէինք այսօրուան զարգացումներուն։

Մեր լեզուն, մեր աղօթքները, մեր կրօնները, հաւատալիքները ճիշդ է, հեռու էինք Մեծ Հիւսիսի տրամաբանութիւնէն եւ Արեւելքը, որուն արգանդը դեռ արիւնոտ էր ու մահաբեր, մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասէր իր փրկութեան։

Այսօր նոր խաչմերուկներու ծայրին, դիտարկելով մեծ ու հզօր պայթումները, վերլուծելու պէս ընելով, անթարթ, ժամեր դիտելով, կապոյտ պաստառներէն նայելու արագ արագ վազող տողերուն, հիմա երբ նոր սկիզբ մը պիտի գրուի, նոր աշխարհ մը ծնունդ պիտի առնէ, եւ բոլոր վախերը մէկդի պիտի նետուին, հիմա այսօր այս պատերազմի առաջին օրը, յստակ է արդէն, որ երկունքի մէջ եղած այս մարդկութիւնը նոր փուլի մը պիտի վազէ։

Նախ փրկելու մեր պատիւը, մեզ հանելու այն մեծ սուտէն, որ մեզ հալածեց մինչեւ Հայաստան, որուն պրէնտը, իբրեւ թէ ուշացած ժողովրդավարութեան փուճ խաբկանքն է։

Հիմա, մինչեւ ուր որ կ՚ուզէք եւ բոլոր անարդարուած ժողովուրդներուն համար, բոլոր նահատակներուն, բոլոր արդարներուն համար, բոլոր անտեսուածներուն եւ բոլոր կիրակի օրուայ բանաստեղծներուն համար այս պատերազմը որպէս բալասան…

Այս պատերազմը, որպէս նոր սկիզբ, որուն ընթացքը կ՚անցնի եւ մեզ կը տանի դէպի աւելի հեռուն, Քիեւէն անդին գուցէ, դէպի բոլոր խաղերուն արեւմուտքը ու մանաւանդ, դէպի հոն ուր Երուսաղէմի մեծ աղօթքները կան, դէպի մեր փրկութիւնը, մեր վեհութիւնը եւ մեր արդարութիւնը։

Այս պատերազմը, սկիզբն է բոլոր ընթացքներուն, Քիեւին համար գուցէ, բայց հաստատ Քիեւէն շատ աւելի անդին…

 

 Սագօ Արեան