Հայկական արտադրութեան «Ամերիկացի» ֆիլմի անդրանիկ ներկայացումով Յուլիս 10-ին, Երեւանի՝ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ, սկիզբ առաւ 19-րդ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
«Ամերիկացի» ֆիլմի բեմադրիչ եւ սենարի հեղինակ Մայքլ Գուրջեան, որ «Էմմի» եւ «Ոսկէ կլոպուս» մրցանակներու դափնեկիր է, յայտնեց՝ թէ երջանիկ է, որ Հայաստան կը գտնուի։ Ան նշեց, որ իր ֆիլմը կը պատմէ տղու մը մասին, որ փրկուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն՝ կորսնցնելով ընտանիքը, եւ որ կը փորձէ գտնել իր արմատները:
Բեմադրիչը, որ կ՝ապրի ԱՄՆ, նաեւ խոստովանեցաւ, որ համավարակի ընթացքին եղած է Հայաստան եւ շատ վայրերու մէջ ըլլալու հնարաւորութիւն չէ ունեցած, սակայն շատ լաւ կը ճանչնայ Երեւանի կեդրոնը: Այս այցին ընթացքին կը փորձէ իւրովի բացայայտել Հայաստանը, քանի որ կը պատրաստուի աշխատիլ հայկական այլ նախագիծի մը վրայ եւս:
Երեկոյի ընթացքին փառատօնի պատուաւոր «Փարաջանովեան թալեր» մրցանակ յանձնուեցաւ սպանացի բեմադրիչ Ալպերթ Սեռային եւ օսկարակիր բեմադրիչ Թերի Ճորճին։ Թերի Ճորճը երրորդ անգամ ըլլալով կը գտնուի Հայաստան, 19-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ի պատուաւոր հիւրն է եւ «Լիամեթրաժ ֆիլմերու մրցոյթ»-ի ժիւրիի նախագահը: Ան մեր երկիր առաջին անգամ եկած է «Խոստումը» ֆիլմին առնչուող աշխատանքներ իրականացնելու համար, յետոյ՝ ֆիլմի անդրանիկ ներկայացման։
«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան յիշեց իր ուսուցիչներէն մէկը, որ ժամանակին ըսած է՝ փառատօնը կարելի է յաջողած համարել, եթէ անիկա կ՝ընդգրկէ լաւագոյն ֆիլմերը, կը հրաւիրէ լաւագոյն ժիւրին, կ՝ունենայ լաւագոյն հանդիսատեսը: Խաչատրեան համոզուած է, որ «Ոսկէ ծիրան»-ը ունի այդ երեք բաղադրիչները:
Նշենք, որ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 19-րդ փառատօնը կ՝իրականացուի Յուլիս 10-17: Փառատօնին կը ցուցադրուի շուրջ հարիւր ֆիլմ: Յատուկ փառատօնին մասնակցելու համար Հայաստան եկած են շարք մը պատուաւոր հիւրեր, որոնցմէ են սպանացի բեմադրիչ, Լոգառնոյի փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր, Կաննի փառատօնի մրցանակակիր Ալպերթ Սեռան, Եւրոպական շարժանկարի առաջնակարգ արտադրող, 35-էն աւելի փառատօններու մրցանակակիր, Կաննի կրկնակի մրցանակակիր ֆիլմերու արտադրող Ֆիլիփ Պոպերը, DAU բազմածրագիր մարդաբանական շարժանկարի նախագիծի հեղինակ Իլիա Խրժանովսգին եւ այլք։
Փառատօնը յարգանքի տուրք պիտի մատուցանէ շարժանկարի անուանի գործիչներ Եուրի Երզնկեանի, Լաերտ Վաղարշեանի, Ալէն Ռենէի, Փիեռ Փաոլօ Փազոլինիի յոբելեաններուն. Պիտի ցուցադրուին հեղինակներու քանի մը ֆիլմեր ինչպէս փառատօնի օրերուն, այնպէս ալ փառատօնէն ետք: Ֆիլմերը պիտի ցուցադրուին վերականգնուած տարբերակներով: Իսկ Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ պիտի բացուին Եուրի Երզնկեանի, Լաերտ Վաղարշեանի աստղերը: