Ֆրանչիսկոս Պապին ներումի հայցը Գանատայի բնիկներէն

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խոնարհաբար ներողութիւն կը խնդրեմ բազմաթիւ քրիստոնեաներու կողմէ բնիկ ժողովուրդներու դէմ գործուած չարիքին համար: Այսօր այստեղ եմ՝ յիշելու անցեալը, լալու ձեր հետ, լուռ նայելու հողին, աղօթելու շիրիմներու վրայ»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գանատա առաքելական ճամբորդութեան առաջին փուլը նուիրուած էր Métis, Inuit և First Nations բնիկ ժողովուրդներուն և ճիշտ անոնց ալ ուղղուած էր Պապին առաջին ելոյթը՝ Maskwacis քաղաքի Bear Park Pow-Wow Grounds-ին մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ Գանատայի Վարչապետը։

«Կը սպասէի ձեր մօտ ըլլալ»։ Այսպէս սկսաւ իր խօսքը Ֆրանչիսկոսը՝ ըսելով, որ «ցաւալիօրէն յիշատակուող այս վայրէն է, որ կ’ուզէր ընթացք տալ իր «ապաշխարութեան ուխտագնացութեանը»՝ «որպէսզի ձեզի անձամբ ըսեմ, որ վշտահար եմ, որպէսզի աղերսեմ Աստուծոյ ներողամտութիւնը, բժշկութիւնը և հաշտութիւնը, որպէսզի յայտնեմ իմ մօտիկութիւնս, աղօթեմ ձեզի հետ և ձեզի համար» յարեց Ան։

Բնիկ մանուկներուն կրած տառապանքներուն խորհրդանիշ ոտնամանները

Յիշելով չորս ամիս առաջ Վատիկանի մէջ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումը՝ Սրբազան Պապը տեղեկացուց, որ վերջիններս իրեն երկու զոյգ ոտնաման (մոկասին) նուիրած էին՝ ի նշան բնիկ մանուկներու կրած տառապանքներուն՝ յատկապէս անոնց, որ այլևս երբեք տուն չեն վերադարձած, և խնդրած էին զանոնք վերադարձնել Գանատա այցին ընթացքին: Ֆրանչիսկոս հաւաստիացուց, որ իր ելոյթի աւարտին կը վերադարձնէ «զայրոյթի և ամօթի խորհրդանիշ» հանդիսացող այդ ոտնամանները, որոնք մէկ կողմէ ծանր յիշողութիւններ կ’արթնցնեն, վիշտ կը սերմանեն և կոչ են քայլեր ձեռնարկելու` իւրաքանչիւր երեխայի հետ սիրով, պատուով և յարգանքով վերաբերուելու համար, իսկ միւս կողմէն՝ կը վկայեն միասին ճանապարհ կտրելու ցանկութեան մասին. «միասին քալելու, միասին աղօթելու, միասին աշխատելու, որպէսզի անցեալի տառապանքները` իրենց տեղը զիջին արդարութեան, բժշկութեան և հաշտեցման ապագային»:

Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց, որ ճիշդ այդ նպատակով է որ իր ուխտագնացութեան առաջին փուլը սկսաւ այս տարածքէն: Անյիշելի ժամանակներէն ի վեր բնիկ ժողովուրդներու ներկայութիւնը տեսած այդ խօսող տարածքը թոյլ կու տայ վերականգնել յիշողութիւնը, ըսաւ Պապը, շեշտը դնելով յիշողութեան վրայ:

 

Վերականգնել յիշողութիւնը

Շարունակելով իր միտքը Սրբազան Պապը ըսաւ. «Եղբայրներ և քոյրեր, դուք հազարաւոր տարիներ ապրած էք այս հողին վրայ, ձեր ապրելակերպով յարգած էք այս նոյն հողը, զայն ժառանգելով անցած սերունդներէն պահպանած էք ապագային համար՝ անոր հետ վերաբերելով որպէս Արարիչի կողմէ ընծայ, որ պէտք է կիսել միւսներուն հետ: … Բոլոր կենդանի էակներու միջեւ աշխոյժ փոխկապուածութեան մէջ սիրած էք այն ամէնը ինչ գոյութիւն ունի։ …Այդպիսով, դուք սորված էք դաստիարակել ընտանիքի և համայնքի զգացումը և սերունդներու միջև ձևաւորած էք ամուր կապեր՝ յարգելով տարեցները և հոգ տանելով փոքրերուն: Որքա՜ն լաւ սովորութիւններ և ուսմունքներ, որոնք կենտրոնացած են ուրիշներու հանդէպ ուշադրութեան և ճշմարտութեան հանդէպ սիրոյ, քաջութեան և յարգանքի, խոնարհութեան և ազնուութեան, կեանքի իմաստութեան վրայ»:

 

Յիշողութիւնը անհրաժեշտ է…մոռացութիւնը կը տանի դէպի անտարբերութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապը այնուհետեւ նկատեց, որ այդ տարածքին վրայ ձեւաւորուած սկզբնական քայլերուն յաջորդած են ցաւօք այլ քայլեր և իր ապրումները կիսեց կապուած մասնաւորապէս գիշերօթիկ դպրոցներու մանուկներուն կրած տառապանքներու առնչութեամբ, ընդգծելով, որ վայրը, ուր կը գտնուին այդ պահուն ցաւի խուլ ճիչ կը հնչեցնէ իր մէջ։ Ֆրանչիսկոսը այդ համատեքստին մէջ խօսեցաւ յիշողութեան կարեւորութեան մասին, ընդգծելով, որ՝ որքան ալ ծանր ըլլայ՝ յիշողութիւնը անհրաժեշտ է, «քանի որ մոռացութիւնը կը տանի դէպի անտարբերութիւն» և՝ մէջբերելով Էլի Վիզելի խօսքերը, թէ «սիրոյ հակառակը ատելութիւնը չէ, այլ անտարբերութիւնն է… կեանքի հակառակը մահը չէ, այլ անտարբերութիւնը կեանքի կամ մահուան նկատմամբ», եզրայանգեց. «Գիշերօթիկ դպրոցներու մէջ տեղի ունեցած աւերիչ փորձառութիւններու յիշողութիւնը վերականգնելը կը խարանէ, կը վրդովեցնէ, կը վշտացնէ, բայց անհրաժեշտ է»։

 

Ապաշխարութեան ուխտագնացութեան առաջին քայլը ի սրտէ ներողութիւն խնդրելն է

Անհրաժեշտ է յիշել, թէ ինչպէս ձուլման և ազատականացման քաղաքականութիւնները, որ կը տարածուէին նաև գիշերօթիկ դպրոցներու մէջ, կործանարար եղած են բնիկ ժողովուրդներուն համար: «Եւրոպացի գաղթաբնակներու ժամանումով հնարաւորութիւն ստեղծուած էր մշակոյթներու, աւանդոյթներու և հոգևորութեան միջև արդիւնաւէտ համագործակցութիւն զարգացնելու, սակայն մեծամասամբ այդպէս չէ եղած», ըսաւ Պապը նկատել տալով` թէ` «բնիկներու պատմութիւնները կը փաստեն, որ ձուլման քաղաքականութիւնները կանոնաւոր կերպով անտեսեցին բնիկ ժողովուրդները, իսկ պարտադիր գիշերօթիկ դպրոցական համակարգը վարկաբեկեց և ջնջեց անոնց լեզուներն ու մշակոյթները՝ երեխաներուն ենթարկելով ֆիզիկական, բանաւոր, հոգեբանական և հոգևոր բռնութեան:

 

Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն այդ «արիւնոտ յիշողութիւնը» իր հետ կիսելու համար և ընդգծեց, որ իր այս ապաշխարութեան ուխտագնացութեան առաջին քայլը ի սրտէ ներողութիւն խնդրելն է՝ գերտէրութիւններու գաղութատիրական մտածելակերպին աջակցած շատ քրիստոնեաներու՝ բնիկ ժողովուրդներուն ճնշման ենթարկելու բոլոր արարքներուն համար և, յատկապէս, մշակութային ոչնչացման և տուեալ ժամանակի կառավարութիւններու բռնի ձուլման ծրագիրներուն Եկեղեցւոյ և կղերական համայնքներու բազմաթիւ անդամներու համագործակցութեան կամ անտարբերութեան համար։

«Այս զայրացուցիչ չարիքի դէմ Եկեղեցին ծունկի կու գայ Աստուծոյ առջեւ և ներում կը հայցէ իր զաւակներուն մեղքերուն համար (հմմտ. Յովհաննէս Պօղոս Բ Incarnationis mysterium [29 November 1998], 11: AAS 91 [1999], 140)», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին խօսքերը՝ ու շեշտեց. «Ես կցանկանայի վերահաստատել այդ մէկը ամօթով և յստակ կերպով. խոնարհաբար ներողութիւն կը խնդրեմ բազմաթիւ քրիստոնեաներու կողմէ բնիկ ժողովուրդներուն դէմ գործած չարիքին համար»:

Ներումը մեկնակէտ

Անդրադառնալով ապա բնիկներու ներկայացուցիչներուն կողմէ արտայայտուած այն գաղափարին թէ ներումը վերջակէտ չէ, Քահանայապետը շեշտեց, որ լիովին համաձայն է, և կը համարէ, որ ան մեկնակէտ է՝ իրականացնելու անցեալի վերաբերեալ ճշմարտութեան հետազօտութիւն և օգնելու` գիշերօթիկ դպրոցներու վերապրածներուն հասցուած վնասը բուժելու նոր ուղիներ սկսելու համար:

Ան նկատեց, որ «չնայած քրիստոնէական բարեգործութեան առկայութեան և մանուկներուն նուիրուածութեան օրինակելի ոչ քիչ դէպքերու՝ գիշերօթիկ դպրոցներու հետ կապուած քաղաքականութեան ընդհանուր հետևանքները աղէտալի եղած են» և մաղթեց, որ այդ տարածքներու քրիստոնեաներն ու հասարակութիւնը զարգանան բնիկ ժողովուրդների ինքնութիւնն ու փորձառութիւնը ընդունելու և յարգելու կարողութեամբ՝ վստահեցնելով, որ իր կողմէ կը շարունակէ խրախուսել կաթողիկէներու յանձնառութիւնը բնիկ ժողովուրդներու հանդէպ, ինչպէս ըրած է տարբեր առիթներով և վայրերուն մէջ, տարբեր հանդիպումներու ընթացքին, տարբեր կոչերու և նաև առաքելական յորդորի միջոցաւ:

 

Յիշել անցեալը, լալ, աղօթել

Սրբազան Պապը մինչ ելոյթի աւարտը կրկին անգամ շեշտեց, որ այս առաջին փուլի ընթացքին իր ցանկութիւնն էր տեղ տալ յիշողութեան. «Այսօր այստեղ եմ՝ յիշելու անցեալը, լալու ձեզ հետ, լուռ նայելու հողին, աղօթելու շիրիմներու վրայ։ Թող լռութիւնը օգնէ բոլորիս ինքնագիտակցութեան մէջ փոխադրելու ցաւը: Լռութիւն։ Եւ աղօթք. Չարի դէմ՝ աղօթենք բարութեան Տիրոջը. մահուան դէմ՝ աղօթենք կեանքի Աստուծոյն»:

«Տէր Յիսուս Քրիստոսը վերածնունդի, յարութեան վայր դարձուց գերեզմանը, որտեղէն սկսաւ նոր կեանքի և համընդհանուր հաշտութեան պատմութիւնը», շեշտեց ի վերջոյ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ ճառը աւարտեց ըսելով, որ «մեր ջանքերը բաւարար չեն բուժելու և հաշտեցնելու համար, ու թէ կարիքը ունինք Աստուծոյ Շնորհքին, Սուրբ Հոգւոյն հեզ և ուժեղ իմաստութեան եւ Մխիթարողի քնքշութեան»: Թող Ան ըլլայ սրտերու ակնկալիքները իրականացնողը։ Թող Ան ըլլայ մեր ձեռքէն բռնողը։ Թող Ան ըլլայ Ան որ մեզ միասին քալել կու տայ»։

 

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան