«Կիւլպէնկեան»-ի Հայերէն-Անգլերէն կայքէջը՝ համացանցի վրայ

Արեւմտահայերէնի եւ մշակոյթի կենսունակութիւնը կը կազմէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի գործունէութեան կորիզը։ Մեր կայքէջը պարտի արտացոլել այս մօտեցումը, ներկայացնելով հայերէնը իբրեւ ստեղծագործութեան, արհեստավարժ գործունէութեան եւ հաղորդակցութեան լեզու։ Ամիսներու պատրաստութենէ ետք, մեր երկլեզու կայքէջը արդէն թողարկուած է՝ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋ «Հիմնական էջ – Armenian Communities (gulbenkian.pt)»:

Հայերէն կայքէջի պատրաստութեան համար աշխատեցանք եւ դիմեցինք ծրագրաւորողներու, տառանկարողներու, թարգմանիչներու, խմբագիրներու եւ պատկերազարդողներու։ Մեր նպատակն էր ունենալ հայերէն կայքէջ մը, որ չի զիջիր անգլերէնին եւ ունի նոյն առաւելութիւններն ու յատկանիշները։

Կը յուսանք, որ մեր կայքէջի հայերէն տարբերակը ունենայ բազմաթիւ այցելուներ։

 

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունք