ԽՈՐ ՎԻՇՏՈՎ ԵՒ ԿՍԿԻԾՈՎ ԿԸ ԳՈՒԺԵՆՔ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ՝ ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԽՈՒՐ ԼՈՒՐԸ

Ուրբաթ՝ 19 Օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան՝ Մոնթրէալի St-Mary’s հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութենէ ետք առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ գանատահայ ազգային դէմքերէն՝ նուիրեալ կրթական մշակ Տիկ. Վարդուհի Պալեան:

Հանգուցեալ՝ Տիկ. Վարդուհի Պալեան, բացառաբար նուիրեալ, հաւատաւոր, գործօն եւ ղեկավար դէմքերէն մէկն էր Մոնթրէալահայ գաղութին՝ յատկապէս որպէս անդամ Մոնթրէալի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Էօժէն Բաբազեան ակումբին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան: Ան մեր գաղութի կերտման աշխատանքին մասնակից եղած է առաջին իսկ օրերէն, յատկապէս որպէս Հ.Բ.Ը.Միութեան Ալեք Մանուկեան վարժարանի երեսուն տարիներու օրինակելի տնօրէնուհին:

Հանգուցեալ՝ Տիկ. Վարդուհի Պալեանի բոլոր ճանչցողները բարձր կը գնահատեն անոր ազգանուէր, կրթական, մշակութային եւ միութենական ոլորտներուն մէջ թողած մեծ աւանդն ու գործունէութիւնը: Մեր յաջորդական թիւերով պիտի լայնօրէն անդրադառնանք, Տիկ. Պալեանի կեանքին ու գործունէութեան:

Վստահաբար, մոնթրէալահայ գաղութը ամբողջ, երախտագիտութեան մեծ պարտք ունի հանգուցեալ Վարդուհի Պալեանին:

Այս տխուր առիթով՝ Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Մոնթրէալի Ռ.Ա.Կ. Էօժէն Բաբազեան վարչութիւնը եւ «ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթի խմբագրութիւնն ու անձնակազմը, իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն՝ Մարալ եւ Արա, նաեւ թոռան Քլօէ՝ Պալեաններուն, ինչպէս նաեւ իրենց սգակիր բոլոր պարագաներուն, գաղափարի ընկերներուն եւ համայն Մոնթրէալահայութեան:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: