Յարութիւն Դերձակեան
Մեծն Բրիտանիոյ նախկին Վարչապետ Սըր Ուինսթըն Չըրչըլի խորհրդանշական լուսանկարը գողցուած է Օթթաուայի « Շաթօ Լորիէ » հիւրանոցէն, փոխարինուելով իր պատճէնով։
Գանատահայ յայտնի լուսանկարիչ Յուսուֆ Քարշի կողմէ 1941թուականին խորհրդարանի մէջ նկարահանուած Չըրչըլի յատկանշական այս լուսանկարը ամենայայտնի գործերէն մէկն է։ Քարշի հաւաքածոն 1998 թուականին ապահով կերպով տեղադրուած էր « Շաթօ Լորիէ » հիւրանոցին մէջ։ « Մռնչող առիւծ » անուանակոչուած Չերչըլի լուսանկարը, այդ շրջանին Մեծն Բրիտանիոյ Վարչապետին Գանատայի խորհրդարանին մէջ երկրորդ աշհարհամարտի մասին ելոյթ ունենալէ ետք, Քարշի կողմէ նկարահանուած էր։Այս դիմանկարը 20 րդ. դարու ամենաշատ վերարտադրուած լուսանկարներէն մէկն է։
Քարշ նկարահանած է՝ Էլիզապեթ Բ Թագուհիի, Ֆիտէլ Գասթրոյի, Նիքիթա Խրուշչեւի, Պէրնարտ Շոյի, Ալպերթ Այնշթայնի եւ Էռնէսթ Հեմինկուէյի նման նշանաւոր անուանի անձեր։
Յուսուֆ Քարշ ծնած է 1908 ին Մարտին-Թուրքիա։ 1915 ի մեծ եղեռնէն ետք ընտանեօք փոխադրուած են Հալէպ։ Ապա Յուսուֆ Քարշ հաստատուած է Գանատա։ Մահացած է 2002 թուականին ԱՄՆ Պոսթըն քաղաքին մէջ։
Անցնող շաբաթավերջին հիւրանոցի մէջ աշխատող պաշտօնեաներ նշմարած են թէ՝ լուսանկարը պատշաճ կերպով կախուած չէ եւ լուսանկարին շրջանակը չհամապատասխաներ հիւրանոցի ընթերցասրահին մէջ կախուած Քարշի միւս գործերու շրջանակներուն հետ։ Յետ քննութեան հիւրանոցի գլխաւոր տնօրէնուհի Ժենեւիէվ Տիւմա երէկ յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնած է թէ՝ մօտաւորապէս ութ ամիսներ առաջ լուսանկարը փոխարինուած էր բնօրինակի պատճէնով։
Սովորութեան համաձայն Չըրչիլ շրթներուն դրած է սիկառը։ Յուսուֆ Քարշ խնդրած է որ ան բերնէն հանէ սիկառը։ Երբ Չըրչիլ մերժած է խնդրանքը, երիտասարդ լուսանկարիչը մօտեցած է անոր եւ « ես ներողութիւն կը խնդրեմ » ըսելով Չըրչիլի բերնէն իր ձեռքով հանած է սիկառը։ Չըրչիլ զայրացած դէմքով կը նայէր Քարշին, երբ այս վերջինի լուսանկարչական Գործիքի ոսպնեակը որսացած է պահը։ « Դուն նոյնիսկ գազազած առիւծը կրնաս հանդարտեցնել՝ լուսանկարելու համար », յետագային ըսած է Ուինթըն Չըրչիլ։
Օթթաուայի ոստիկանութիւնը հետաքննութեան սկսած է այս նիւթի առնչութեամբ։