Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի դէմ զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու սկսած են

Երեքշաբթի՝ 13 Սեպտեմբեր 2022-ին, ժամը 00:05-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, հրետանային միջոցներու, ականանետերու եւ ԱԹՍ-ներու կիրառմամբ բուռն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի միեւնոյն ժամանակ քանի մը հատուածի մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Մասնաւորապէս` հրետակոծման ենթարկուած են Սոթքի, Վարդենիսի, Գորիսի, Կապանի, Արտանիշի եւ Իշխանասարի ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերը: Հարուածներ հասցուած են նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն:

«Կէս գիշերին Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը յարձակողական գործողութիւններ է ձեռնարկել Հայաստանի Հանրապետութեան չորս ուղղութիւններով, եւ Ատրպէյճանը փորձում է դա ներկայացնել որպէս ի պատասխան իբր հայկական կողմի սադրանքների: Սակայն այդ տեղեկատուութիւնը բացարձակ կեղծ է եւ չի համապատասխանում իրականութեանը», Ազգային Ժողովին հերթական նիստին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` ներկայացնելով իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին:

Ստեղծուած կացութիւնը կը մնայ լարուած: Թշնամին` յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ճամբով կը փորձէ դիրքային յառաջխաղացք ապահովել` սակայն Հայաստանի զինուած ուժերը ամբողջ կարողականութեամբ կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները:

Առաջին օրը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արամ Թորոսեան նշած էր, որ հայկական կողմի կորուստներուն մասին տուեալները կը ճշդուին, իսկ առաւօտեան Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ հայկական կողմը ունի առնուազն 49 զոհեր, որոնց կարգին` քաղաքացիներ կան: Պատերազմին երկրորդ օրը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանի աւարտին նշեց, որ ատրպէյճանական յարձակումին հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն թիւը հասած է՝ 105-ի։ Ան նաեւ խօսած է Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած հարցերուն մասին` յայտնելով, որ պէտք է ուղղուիլ անոնց լուծման:

«Ես իմ վրայ վերցուցած եմ պատասխանատուութիւն` ուղղուելու ծանր որոշումներու` յանուն խաղաղութեան: Բայց «ծանր որոշումները» չեն նշանակեր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն հակասող որոշումներ: Մենք այդ որոշումներուն պիտի երթանք երաշխաւորելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, տեւական կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը:

«Մենք չենք կրնար այսօր վերնագիրներու տակ գրել «խաղաղութեան պայմանագիր», տակը ստորագրել, որմէ 6 ամիս ետք պատերազմը կրկին սկսի:

«Մենք կ’ուզենք ստորագրել թուղթ մը, որուն հետեւանքով մեզ բազմաթիւ մարդիկ պիտի քննադատեն, բազմաթիւ մարդիկ պիտի հայհոյեն, բազմաթիւ մարդիկ դաւաճան պիտի ըսեն, նոյնիսկ ժողովուրդը կրնայ որոշել մեզ իշխանութենէ հեռացնել, նորէն գոհ ու շնորհակալ կ’ըլլանք, որ ատոր շնորհիւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 29.800 քառ. քմ տարածքով ստանայ տեւական խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն:

«Ես շատ յստակ կ’ըսեմ` այն որոշումը, որ սա պիտի ապահովէ, ես այդ որոշումը, շատ յստակ կ’ըսեմ, պիտի ստորագրեմ: Ու ինծի չի հետաքրքրեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յետոյ ինծի հետ, ինծի կը հետաքրքրէ այն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ», ըսած է ան:

Փաշինեանի այս յայտարարութենէն ետք հազարաւոր հայորդիներ ինքնաբուխ կերպով փողոց իջան եւ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջեցին:
Մինչեւ կէս գիշերէն ետք բողոքող ցուցարարները ողողած էին Երեւանի Բաղրամեան պողոտան եւ Ազգային ժողովին դիմաց:
Համախմբումներ ստեղծուած էին նաեւ հանրապետութեան միւս շրջաններուն մէջ:

Նշենք նաեւ, որ վարչապետին` նոր փաստաթուղթ ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութենէն ետք, Ստեփանակերտի մէջ նաեւ սկսաւ եւ մինչեւ ուշ գիշեր շարունակուեցաւ բազմամարդ հանրահաւաք մը, որ յաջորդ օրը եւս շարունակուեցաւ։ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ տեղի ունեցող հանրահաւաքին կը մասնակցէին հարիւրաւոր քաղաքացիներ, անոնց կը միանար Ստեփանակերտի համալսարաններու եւ դպրոցներու ուսանողութիւնն ու ուսուցչական անձնակազմը:

Տեղին է յիշել, որ պատերազմի առաջին իսկ օրէն եղան միջազգային անդրադարձներ` Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին մասին, որոնցմէ կարելի է նշել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը.

«Ծայրայեղ մտահոգութիւն կը յայտնենք այս տարուան 13 Սեպտեմբերի գիշերը հայ-ատրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներու մէջ կացութեան կտրուկ սրման նկատմամբ:

«Կողմերուն կոչ կ’ուղղենք զերծ մնալու կացութեան հետագայ սրումէն, զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ խստօրէն պահպանելու զինադադարը` համաձայն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020-ի, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն:

«Մենք սերտ կապի մէջ ենք Պաքուի եւ Երեւանի հետ: Հայաստանի ղեկավարութենէն ստացուած է դիմում` գոյութիւն ունեցող երկկողմանի համաձայնագիրներուն համապատասխան եւ ՀԱՊԿ-ի միջոցով կացութեան լուծման աջակցելու խնդրանքով:

«Կ’ակնկալենք, որ Ռուսիոյ միջնորդութեան շնորհիւ այս տարուան 13 Սեպտեմբերին Մոսկուայի ժամանակացոյցով ժամը 9:00-ին զինադադարի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը պիտի գործադրուի ամբողջութեամբ:

«Առաջուան պէս կը մեկնինք անկէ, որ վիճելի խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական ճամբով, իսկ սահմանային հարցերու շուրջ` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման երկկողմանի յանձնախումբի աշխատանքի ծիրին մէջ»:

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինադադար ձեռք բերուած է:

Անոր համաձայն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ զինադադարը ձեռք բերուած է Ռուսիոյ ջանքերուն շնորհիւ, ներառեալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի զրոյցէն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքէն ետք:

Ըստ Քարասինի, երկու երկիրներու սահմանին վրայ տիրող կացութեան առնչութեամբ տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելու, որովհետեւ Երեւանը դիմած է ՀԱՊԿ-ին:

Ֆրանսա Ատրպէյճանին կոչ կ’ուղղէ` վերադառնալու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ զինադադարի պահպանման, նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի կը հրաւիրէ` քննարկելու համար Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կացութեան սրումը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի կայացած նիստին անդամները թեր արտայայտուեցան Պաքուի եւ Երեւանի շուտափոյթ զինադադարին` նշելով, որ կը պատրաստեն խորհուրդի յայտարարութիւնը մամուլին համար: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, այս մասին լրագրողներուն յայտնեց ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզեան:

«Բոլորը միակամ թեր արտայայտուեցան շուտափոյթ զինադադարին եւ իրավիճակի լուծման` քաղաքական-դիւանագիտական ուղիով: