«Հայաստան» հիմնադրամը կոչ կ’ուղղէ մասնակցելու 5 եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքները տուներով ապահովելու գործին

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 26-ին եւ պիտի կրէ «Մեր տունը» խորագիրը: Հիմնադրամը կոչ կ՛ուղղէ մասնակցելու 5 եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքները տուներով ապահովելու գործին:

Այս առնչութեամբ Հիմնադրամին տարածած կոչին մէջ կ՛ըսուի.

«Մասնակցիր «Հայաստան» հիմնադրամի «Մեր տունը» խորագիրով համահայկական դրամահաւաքին եւ քու ներդրումդ ունեցիր 5 եւ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքները տուներով ապահովելու գործին:

«Կրնաք կատարել նուիրատուութիւն` -այցելելով Հայփոսթի որեւէ բաժանմունք /Նոյեմբեր 1-էն 30/,

«– նուիրաբերելով 500 ՀՀ դրամ` SMS ուղարկելով 8000 կարճ համարին, կամ զանգահարելով 090008000 /Վիվասել-ՄՏՍ, Պիլայն, Օրանժ Արմենիա, Եուքոմ, Ռոսթելեքոմ//Նոյեմբեր 1-էն 30/:

«– այցելելով Հիմնադրամի գործադիր վարչութիւն /ամբողջ տարին/,

– Ձեր դրամատունէն փոխանցում կատարելով Հիմնադրամի` ՀՀ Կեդրոնական դրամատան հաշուեհամարին 103003215672 (ՀՀ դրամ), 103003615673 (ԱՄՆ տոլար) /ամբողջ տարին/,

«– առցանց` https://donate.himnadram.org /ամբողջ տարին/»: