Արտիոմ Տոնոյեան. «Մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ արդէն կը հասկնան, որ Ալիեւ պատերազմի կը դիմէ իր իշխանութիւնը պահելու համար»

«ԱՊԱԳԱՅ»ի հարցումներուն կը պատասխանէ ԵՊՀ իրանագիտութեան ամպիոնի դասախօս՝ Արտիոմ Տօնոյեան

 

 

 

 

 

 

 

 

Պրն. Տոնոյեան անցնող 13 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին դէմ եղած յարձակումէն ետք տարբեր հարթակներու վրայ խօսակցութիւններ ծաւալեցան այն մասին, որ այդ երկրի հասարակութեան մէջ բողոքի ալիք մը կը հասուննայ։ Բողոք՝ Ալիեւի պատերազմական քաղաքականութեան, քայլերուն եւ առհասարակ հռետորաբանութեան դէմ։ Ինչքանո՞վ ճիշդ են այդ խօսակցութիւնները եւ կա՞յ այդպիսի բան։

 

Անցած 30 տարիներուն, թերեւս, առաջին անգամ ըլլալով Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ՀՀ-ի դէմ իրականացուած բացայայտ յարձակումի պատճառով առերեսուեցաւ լուրջ հասարակական բողոքի ու դժգոհութեան ալիքի հետ իր երկրի ներսը։ Կան կարեւոր պատճառներ, որոնցմէ կ՚առանձնացնեմ հետեւեալները՝

 

  1. ՀՀ-ի դէմ իրականացուած յարձակումի հետեւանքով Ատրպէյճանը ունեցաւ շօշափելի մարդկային կորուստներ, որ սառ ջուր էր՝ թափուած ատրպէյճանական հանրութեան գլխուն, որ յոյս ունէր, թէ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ այլեւս պիտի չլսէ մարտական պայմաններու բերումով մարդկային կորուստներու մասին։ Արցախեան վերջին պատերազմէն յետոյ առաջին անգամ ըլլալով այդ երկրի լայն հանրութիւնը հասկցաւ, որ պատերազմը չէ աւարտած ու ամենացաւալին իրենց համար այն գիտակցութիւնն էր, որ պատերազմը չ’աւարտիր իրենց երկրի քաղաքական ղեկավարութեան կամայականութիւններու հետեւանքով։

 

  1. Ընկերային ցանցերու ատրպէյճանցի օգտատէրերու, ԶԼՄ եւ մետիա տիրոյթի աշխոյժ վերլուծաբաններու եւ քաղաքագէտներու արձագանգներէն դատելով՝ Ատրպէյճանի մէջ առկայ է դժգոհութիւն նաեւ այն պատճառով, որ իրենց ունեցած մարտական կորուստները եղած են ոչ թէ Արցախի բռնագրաւումը աւարտին հասցնելու, այլ ՀՀ-ի ինքնիշխան տարածքի դէմ ձեռնարկուած յարձակումի հետեւանքով։ Այս ամէնէն ստացուող տպաւորութիւնը այն է, որ եթէ Ատրպէյճանի հասարակութիւնը պատրաստ եղած է հանդուրժելու իրենց իշխանութիւններու սադրած ռազմական գործողութիւնները Արցախի տարածքին, ուրեմն նոյն տրամադրուածութեամբ չի մօտենար խնդրին ու ստեղծուած իրավիճակին ՀՀ-ի դէմ իրականացուող բացայայտ յարձակումի պարագային։

 

  1. Առնուազն 250-300 սպաննուածներ, որոնք կը յուղարկաւորուէին ոչ թէ Պաքուի, այլ Ատրպէյճանի տարբեր վարչական շրջաններու մէջ, հերթական անգամ սուր կերպով ցոյց տուին բեւեռացուածութեան այն աստիճանը, որ վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին գոյացած է Ատրպէյճանի հասարակական տարբեր շերտերու միջեւ։Մասնաւորապէս՝ մէկ կողմէն Պաքու ապրող միջին, միջինէն բարձր եւ բարձր խաւերու եւ միւս կողմէ Պաքուէն դուրս՝ հիմնական հարաւային, հիւսիսային եւ հարաւ–արեւմտեան վարչական շրջանները ապրող ցած խաւերուն միջեւ։ Սպաննուածներու տուներէն տարածուող տեսահոլովակները, որոնք կ’արտացոլէին այս յարձակումի ժամանակ հայկական զինուժի կողմէ ոչնչացուած ատրպէյճանցիներու ընկերային վիճակը, դարձան լրացուցիչ կռուան՝ հասարակական բողոքի ու դժգոհութիւններու հնարաւոր սուր արտայայտման ճանապարհին։

– Նախքան  2020 թուականի պատերազմի սկիզբը կար կարծիք, որ Պաքուի իշխանութիւնները եւ յատկապէս ինք Ալիեւ խնդիր ունի իր քաղաքական իրավիճակը փրկելու եւ ատոր դիմաց ալ յաճախ կը շահարկէ Ղարաբաղի խնդիրը, որպէսզի կարողանայ ինչ որ քաղաքական միաւորներ կուտակել եւ ներքին լարուածութիւնները «ցրել»։ Ի՞նչ կը խորհիք այդ մասին, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Արցախի աղէտալի պատերազմէն ետք Ալիեւ կարողացաւ իր հասարակութիւնը մղել պատերազմի տեսակ-տեսակ բարդութիւնները անտեսելու եւ բոլորին հաւաստիացնելու, որ իրենք յաղթանակ տարին ու «լուծեցին» Ղարաբաղեան հարցը։

 

Հանրային այն կարծիքը, որու մասին կը նշէք, մինչեւ պատերազմը, Ատրպէյճանի մէջ լայն տարածում ունէր ընդդիմութեան արմատական թեւի, մասնաւորապէս՝ Ժողճակատի (Ժողովրդական ճակատ) աքթիվիստներու եւ մուսաւաթականներու շրջանակին մէջ, նաեւ՝ մինչեւ վերջին պատերազմը համեմատաբար փոքր թիւ կազմող այսպէս կոչուած «պացիֆիստներու» (իմա՝ խաղաղասէրներու) շրջանակին մէջ։ Տարբերութիւնը արմատական ընդդիմութեան եւ «խաղաղասէրներ»ու միջեւ թերեւս այն էր, որ վերջին պատերազմի ժամանակ առաջինները անվերապահօրէն սատարեցին Իլհամ Ալիեւին եւ անոր քաղաքական խումբին՝ ցոյց տալով, որ այս հարթութեան մէջ ոչինչով կը տարբերին գործող իշխանութիւններէն եւ գաղափարապէս հակոտնեայ չեն անոնց։ Մինչդեռ վերջինները, որպէս «խաղաղասէր» ճանչցուածները, պատերազմի ժամանակ ոչ միայն չսատարեցին իշխանութիւններուն կամ հաւատարմութիւն չցուցաբերեցին իշխանութեան սադրած պատերազմին, այլ նաեւ հանդէս եկան քննադատող խօսքով, գրառումներով, նոյնիսկ բողոքի հաւաքներով, որու պատճառով թիրախ դարձան ե′ւ գործող վարչակարգին, ե՛ւ ատրպէյճանական լայն հասարակութեան կողմէ։ Ասոնցմէ մէկ մասը պատերազմի ժամանակ յայտնուեցաւ ժամանակաւոր կալանքի տակ, միւս մասը՝ պարզապէս զգուշացուեցաւ պետական անվտանգութեան ծառայութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ։ Սեպտեմբերի 13–էն ի վեր ահա այդ նոյն խաւն է, որ ամենաաշխոյժն է Ատրպէյճանի մէջ՝ ցոյց տալով, որ Ալիեւի ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակումը ՀՀ ինքնիշխան տարածքի դէմ ապացոյց է անոր՝ երբեւէ խաղաղութիւն չցանկալու եւ պատերազմը՝ որպէս իշխանութիւնը պահելու, սեփական հանրութիւնը ճնշելու եւ ահաբեկելու գործիք օգտագործելու։ Պատահական չէ, որ վերջին 3 շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ կը նկատուի այս թեւի աջակիցներու ու կողմնակիցներու շօշափելի աճ։

 

 

– Ատրպէյճանի ներքին զարգացումներուն հետեւողներէն շատեր յաճախ ակնարկներ կ՚ընեն այն մասին, որ այսօր Պաքուի «քաղաքական կողմնորոշում»ը եւ ուղղութիւնը «կը հովանաւորուին» Անգարայի կողմէ, շեշտելով նաեւ, որ անցեալ փուլերուն իրադրութիւնը այսպիսին չէր եւ Մոսկուա ազդեցութեան կարեւոր լծակներ ունէր Պաքուի հանդէպ։ Ի՞նչ է իրականութիւնը ի վերջոյ եւ ձեր կարծիքով այսօր ինչ գործընթացներ տեղի կ՚ունենան Պաքուի փակ սենեակներուն մէջ։

Կայ երկու ակնյայտ բան, որ կարելի է ամենապարզ դիտարկման շնորհիւ տեսնել, եթէ կ’ապրիս Հայաստանի մէջ ու նաեւ կը հետեւիս ատրպէյճանական ընկերային ցանցերուն եւ յատկապէս ատրպէյճանական վտարանդի մամուլին ու գործիչներուն։ Հայաստանի փորձագիտական դաշտի, քաղաքագէտներու, թեմային ծանօթ մասնագէտներու, նաեւ առհասարակ հայաստանեան հասարակութեան մեծ մասը կը կարծէ, աւելի ճիշդ համոզուած է, որ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ իր յարձակողական քաղաքականութեան, սադրանքներու եւ յարձակումի հարցով կը հովանաւորուի պաշտօնական Անգարայի կողմէ, մինչդեռ Ատրպէյճանի մէջ Իլհամ Ալիեւի գրեթէ բոլոր ընդդիմադիրները, ինչպէս նաեւ վտարանդիութեան պայմաններով գործող աքթիվիստները, քաղաքական գործիչները համոզուած են, որ Իլհամ Ալիեւի՝ Հայաստանի դէմ իրականացուող բացառապէս բոլոր սադրանքներուն եւ յարձակումի տարատեսակ դրսեւորումներուն ետեւը կանգնած է ՌԴ–ն եւ անձամբ այդ երկրի նախագահ՝ Վ. Փութինը։ Ճշմարտութիւնը թերեւս այս երկու արտաքուստ իրար հակադիր մօտեցումներուն մէջ է, քանի որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կ’աշխատի միեւնոյն ժամանակ ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ ՌԴ-ի իշխանութիւններուն հետ։ Եթէ առաջինէն կը ստանայ արտաքին օժանդակութիւն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ու հարթակներու մէջ անհրաժեշտ պաշտպանութիւն, ապա երկրորդէն՝ ՌԴ–էն՝ առնուազն բացարձակ չէզոքութիւն, որ ամբողջովին կը բաւարարէ այս պահուն համեմատաբար թոյլ Հայաստանի դէմ յարձակումի դիմելու եւ այդ մարսելու համար։

 

 

– Շատ խօսուած է Ատրպէյճանի ընդդիմութեան մասին, որ ըստ երեւոյթին այսօր թեւաթափ իրավիճակ մը կը ներկայացնէ։ Ի վերջոյ ի՞նչ պատկեր կը տիրէ ընդդիմութեան պարագային եւ ի՞նչ զարգացումներու սպասել։

Ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը թոյլ եւ ճնշուած էր դեռ մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը, քանի որ տիրապետող բացարձակ բռնապետութեան, քաղաքական բազմակարծութեան ու ազատ խօսքի ու մամուլի ճնշման, քաղաքական բացայայտ հետապնդումներու, ձերբակալութիւններու, բանտերը եւ փողոցները սպանութիւններու պայմաններու տակ, քաղաքականապէս տարբերուող կարծիք ունեցողներու մեծ մասը կա՛մ դարձած էին վտարանդի, կա՛մ բանտերն էին եւ կա՛մ պարտադրուած լուռ։ Սակայն պատերազմէն յետոյ իրավիճակը կարծես ա՛լ աւելի վատացաւ, քանի որ ատրպէյճանական կողմի որոշակի յաջողութիւնները ռազմաճակատին վրայ օրինականացուցին մինչ այդ պահը ոչ օրինաւոր գործիչը եւ հող ապահովեցին ա՛լ աւելի անկաշկանդ եւ երկարաժամկէտ գործունէութեան համար։ Ատրպէյճանի մէջ այս պահուն չկայ այնպիսի կազմակերպուած ընդդիմադիր ուժ, որ ի վիճակի ըլլայ հանրային դժգոհութիւնը ճիշդ ուղղորդելու եւ Ալիեւը իշխանութենէն հեռացնելու։ Թէեւ իմ նշած բոլոր հանգամանքներուն՝ Ատրպէյճանի մէջ կա′յ ե՛ւ որոշակի հանրային դժգոհութիւն, ե′ւ գործող իշխանութիւններէն յոգնածութիւն, կայ ե′ւ գնաճ, կան ե′ւ ընկերային–տնտեսական դժգոհութիւններ, որոնք օր մը, նոյնիսկ առանց լուրջ ու համակարգային կազմակերպման կրնան պայթիլ փողոցին վրայ եւ ապակայունացնել այդ երկրի ներքաղաքական իրավիճակը ։

 

 

– Վերջին հարց: Շատ անգամ լսած ենք այն մասին, որ Ատրպէյճանի մէջ կան ճնշուած փոքրամասնութիւններ, որոնց ամէնէն ցայտուն օրինակը ՝ թալիշներն են։ Այդ մասին ի՞նչ կարող էք ըսել մեր ընթերցողներուն։

44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Ատրպէյճանի տեղաբնիկ ժողովուրդներուն մէջ ամենամեծ թիւով սպաննուածները ունեցած են թալիշները, որոնք միւսներու նկատմամբ ակնյայտ թիւի գերազանցութիւն ունին նաեւ պայմանագրուած զինծառայութեան առումով։ Թալիշաբնակ տարածքներուն մէջ տիրող ակնյայտ ծանր ընկերային–տնտեսական վիճակի եւ գործազրկութեան պայմաններուն պայմանագրային զինծառայութենէն բացի որեւէ այլ բան այս մարդոց չէ առաջարկուած։ Պատերազմէն յետոյ թալիշներու շրջանակին մէջ յոյս կար, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, որպէս մարդկային մեծ թիւով կորուստներու փոխհատուցում, պիտի տայ իրենց որոշակի ազատութիւններ, սեփական լեզուով ռատիօ, հեռուստաընկերութիւն, դպրոց, համալսարան, թերթեր եւ այլն ունենալու հնարաւորութիւն։ Սակայն անցեալ 2 տարիները ցոյց տուին, որ թալիշներու այս յոյսերը ոչ միայն չիրականացան, այլ ճիշդ հակառակը։ Իլհամ Ալիեւ, որպէս «շնորհակալութիւն» պատերազմին թալիշ ժողովուրդի ունեցած մասնակցութեան, նոյեմբեր 9-ին՝ պատերազմի դադրեցման օրը, բանտին մէջ սպաննել տուաւ թալիշ աքթիվիստ եւ գաղափարախօս՝ Ֆախրատտին Ապպասովը, իսկ յետագայ ամիսներու ընթացքին շարունակեց հետապնդումները նաեւ քիչ թէ շատ հանրային աշխուժութիւն ունեցող միւս թալիշներուն նկատմամբ։

 

 Սագօ Արեան