Հայաստանի տնտեսական իրավիճակի կայունացման ուղղուած եռամեայ բարեփոխումներու ծրագիրի նպատակով՝ Եւրասիական զարգացման դրամատունը (ԵԱԶԴ) Հայաստանին 300 միլիոն տոլարի վարկ պիտի տրամադրէ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան յայտնած է Եւրասիական զարգացման դրամատան վարչութեան նախագահ Տմիթրի Փանքին:
«Այս պահուն մաքրոտնտեսական քայլերը ամբողջութեամբ համաձայնեցուած են Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ: Նախագիծը արժանացած է բոլոր փորձագիտական խորհուրդներու հաւանութեան ու Կայունութեան եւ զարգացման եւրասիական հիմնադրամի խորհուրդի դիտարկման տակ է: Պաշտօնական որոշումէն ետք պիտի համաձայնեցուին վարկի տրամադրման պայմանները, որուն պիտի հետեւի վարկի համաձայնագրի հաստատումը հայկական կողմէն: Բացառուած չէ, որ առաջին վճարումը` 100 միլիոն տոլարի չափով, պիտի տրամադրուի արդէն այս տարուան վերջը: Յետագայ երկու վճարումները պիտի հաշուարկուին 2016-2017 թուականներուն համար»,- տեղեկացուցած է Փանքին:
Անոր խօսքով` դրամատունը վարկը կը տրամադրէ 20 տարիով, 10 տարի արտօնեալ ժամկէտով, 2 տոկոս տարեկան տոկոսադրոյքով: