ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ԱՐՄԷՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԻՆ

Ուրբաթ Սեպտեմբեր 7-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Թորոնթոյի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէս՝ Արմէն Քիւրքճեանի

8-րդ պատմագրական գիրքին, որ կը կրէ «Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Աղթամարի եւ Աղուանից/Գանձասարի Կաթողիկոսութիւնները» խորագիրը:

Ուշագրաւ եւ հաճելի երեւոյթ կարելի է նկատել, թէ նման ձեռնարկի մը ներկաներու թիւը կ’անցնէր յիսունը, պարագայ մը, որ դժուար է տեսնել նման թիւ գրական բնոյթ ունեցող մեր ձեռնարկներուն:

Բացման խօսքը կատարեց Նոր Սերունդի վարչականներէն տիկին Սօնա Չորպաճեան-Անուշեան՝ հմտօրէն եւ բծախնդրութեամբ ներկայացնելով հեղինակին երկարամեայ ներդրումը թորոնթօհայ կեանքին մէջ որպէս դպրոցակերտ, եկեղեցանուէր եւ խմբագիր ազգային մը՝ անոր պատմագրական 8 գիրքերու վաստակաշատ գործի արտադրութեան կողքին: Ապա ան հրաւիրեց պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեանը, երկարամեայ նուիրեալ եւ գործունեայ ատենապետը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին, որպէսզի իր զեկոյցով ներկայացնէ գիրքը:

Պրն. Մկրտիչեան կէս ժամէ աւելի, ներկաներուն ճարտարօրէն փոխանցեց գիրքին բովանդակութենէն հատուածներ, յաճախ վերլուծումներ ընելով եւ ականատեսի վկայութիւններ տալով պատմական վայրերու մասին:

Հեղինակը՝ Արմէն Քիւրքճեան, յետ զեկուցաբերի ներկայացումին խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կազմակերպած շնորհանդէսին համար, ապա իր երախտագիտութիւնը՝ պրն. Մկրտիչեանին, որ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան ձեռնարկի աշխատանքին հետ առնչուող իր բազմազբաղութենէն ժամանակ գտաւ ընդառաջելու իր խնդրանքին, որ գիրքը ներկայացնէ:

Ապա, ըստ սովորութեան, գիրքը «մկրտուեցաւ» գինիով:

Եղաւ գիրքի վաճառք եւ մակագրում հեղինակին կողմէ, որուն հասոյթը յատկացուեցաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան՝ հեղինակին փափաքով:

Ձեռնարկի աւարտին եղաւ հիւրասիրութիւն՝ Նոր Սերունդի տիկնանց կողմէ:

 

ԹՂԹԱԿԻՑ