Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեան եւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին վիրաւորուած զինուոր Արթուր Յովհաննիսեան, Երկուշաբթի՝ 31 Հոկտեմբեր, 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին այցելեցին Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի, ու հանդիպում ունեցան եկեղեցւոյ Հովիւի Օգնական Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի, պատգամաւորներու եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներու հետ:
Յիշենք, թէ Արթուրը որ վիրաւորուած էր պատերազմի ընթացքին, մասնագիտական բժշկական օգնութիւն կը ստանայ Մոնթրեալ մէջ, սոյն նախաձեռնութիւնը իրականացուած է Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի եւ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդութեան եւ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի աջակցութեամբ:
Մ.Բ.Մ