Ոգեւոր ձեռնարկ Թորոնթոյի մէջ
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ( Հ.Հ.Հ.) Թորոնթոյի մասնաճիւղը անցնող երկու տարիներուն, Քորոնա համաճարակի սահմանափակումներու պատճառով, չկրցաւ համախմբել եւ կազմակերպել տարեկան հանգանակային ճաշկերոյթը։ Ուրախ ենք ըսելու որ այս տարի Թորոնթոյի հիմնադրամը իր հիմնադրութեան 30 ամեակի առիթով կազմակերպեց համագաղութային հանգանակային ճաշկերոյթը, որ իրականացաւ 30 Հոկտեմբեր 2022 Կիրակի, յետ միջօրէին Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։ Հիմնադրամը իր հիմնադրութեան թուականէն մինչեւ օրս ազգանուէր եւ մարդասիրական աշխատանք կը տանի Արցախի վերաշինութեան ու զարգացման աշխատանքներուն, իր մեծ ներդրումը բերելով գիւղերու մէջ մեծ ու փոքր զանազան օգտակար ծրագիրներ իրականացնելով։
Երեկոյթը սկսաւ վերջին տարիներուն Արցախի եւ Հայաստանի մէջ զոհուած զինուորներու յիշատակին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն պահուելով։ Այնուհետեւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային քայլերգները երգուեցաւ, մեկնաբանութեամբ՝ մեներգչուհի սոփրանօ Աթենա Պապաեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թալին Արթինեան Քըլըպոզեանի։
Բացման խօսքով հանդէս եկան օրուայ հանդիսավարներ՝ Թէնի Նիկողոսեան եւ Մարիամ Մեսրոպ, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով վարեցին օրուայ հանդիսութիւնը։ Օր. Նիկողոսեան ներկաները ողջունելէ ետք, պատուոյ հիւրերը մէկ առ մէկ ներկայացուց։ Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Գանատայի մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ վսեմաշուք՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, քաղաքիս մէջ գործող հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, օրուայ պատգամաբեր դաշնակահար Սերուժ Գրաճեան՛, քաղաքական կուսակցութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ սրահը լեցնող հիմնադրամի սատարող բարերարներու եւ համակիրներու ընտրեալ բազմութիւն մը։
Հանդիսավար Օր. Մեսրոպ հակիրճ տողերով ներկայացուց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը, բեմ հրաւիրեց զինք որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ։
Յարգելի Դեսպանը, կազմակերպիչները, բարերարներն ու ներկաները ողջունելէ ետք ուրախութիւնը յայտնեց Համահայկական Հիմնադրամին 30 տարիներու անխոնջ աշխատանքները բարձր գնահատելով։ «Արցախը եւ Հայաստանը մէկ հայրենիք է, անոնց կարիքները հոգալ մեր բոլորին պարտականութիւնն է։ «Միշտ հայրենիքին հետ» կարգախօսով միասնական եւ ամուր եղէք, հաւատացէք որ եթէ միասնական ենք ամուր, խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագան մերն է։»
Թորոնթոյի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 30-րդ. ամեակի տարեդարձին առիթով մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ ձեռամբ՝ դեսպանի, Սերուժ Գրաճեանի եւ Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի կատարուեցաւ կարկանդակի հատումը։
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Վարդան Ծ. Վարդապետ Դաշճեանի եւ միասնաբար ներկաներու։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ երիտասարդ արուեստագէտներ՝ Սեւակ Յարութիւնեան, Թորոս Մայտոսեան, Նուէր Ղազարեան եւ Լեւոն Քարակիւլեան գեղեցկօրէն մեկնաբանեցին «Հորովել» եւ «Իմ Արցախ» կտորները։ Յաջորդին Սոփրանօ Աթենա Պապայեան իր հրապուրիչ ձայնով մեներգեց «Կռունկ» ժողովրդական երգը։ Բոլոր արուեստագէտները ողջունուեցան ջերմ ծափահարութիւններով։
Ճաշի տեւողութեան ընթացքին սրահին մէջ զետեղուած երեք մեծ պաստառներու վրայ, համայն աշխարհի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամներուն 2020-2021 տարիներուն կատարած գործունէութիւնները եւ աշխատանքները ցուցադրուեցան։
Հանդիսավար Օր. Նիկողոսեան համառօտ տողերով ներկայացուց Հիմնադրամի Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը եւ զինք հրաւիրեց որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ։
Թորոնթոյի Հ. Հ. Հիմնադրամի երկարամեայ ժրաջան ու անխոնջ Ատենապետ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան հանդէս եկաւ, հիմնադրամի վարչութեան անունով, ներկաները ողջունելով հանգամանօրէն սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ, Թորոնթոյի մասնաճիւղին 2021 էն մինչեւ այսօր կատարած գործունէութեան մասին։
Պրն. Մկրտիչեան յատկապէս նշեց ըսելով՝ Թորոնթոն Արցախի Իւանեան գիւղին մէջ անտուն մնացած ընտանիքներուն համար կառուցեց 34 առանձնատուներ, ինչպէս նաեւ նուիրեց 12 շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ։ Արմաւիրի Նալպանտեան գիւղին մէջ բուժ կեդրոնի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ, ներկայիս աւարտելու վրայ է Երեւանի Նորք շրջանի տարեց քաղաքացիներու շէնքի վերանորոգումը։ Հիմնադրամը այս տարի իր առաքելութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի Վարդենիս քաղաքին մէջ 60 աշակերտի համար մանկապարտէզի մը շինարարութիւնը կատարելով։ Թորոնթոյի հիմնադրամը իր 30 տարուայ գործունութեան ընթացքին մինչեւ այսօր իրականացուցած է 147 մեծ ու փոքր ծրագիրներ։
Պրն. Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք տարիներու ընթացքին սիրայօժար եւ կամաւոր կերպով կը սատարեն Թորոնթոյի հիմնադրամի գործունէութեան։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային բարերար Նալպանտեան ընտանիքին, Տէր եւ Տիկին Մարանճեաններուն, լուսահոգի Պոլսահայեր Պերճ Սրկ. Լիւլէճեան եւ Յարութիւն Եսայանին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլին, հայատառ մամուլէն «Թորոնթոհայ» ամսաթերթին, «Լուսաբաց» շաբաթաթերթին, Մոնթրէալի «ԱՊԱԳԱՅ» եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին, որոնք երկար տարիներէ ի վեր իրենց սուղ սիւնակները սիրայօժար կը տրամադրեն հիմնադրամի ձեռնարկներուն։
Ատենապետը վերը նշուած ծրագիրներու շինարարական աշխատանքներու նկարները ցուցադրելէ վերջ, նիւթական բոլոր ծախսերու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան յատկապէս նշեց թէ՝ հիմնադրամին շինարարական կիզակէտը յառաջիկայ տարի մեծամասնութեամբ գիւղերը պիտի ըլլան եւ այս օրուայ դրամահաւաքը պիտի յատկացուի 4 – 5 գիւղերու մէջ բուժ կեդրոններ կառուցելու գործին, որուն իւրաքանչիւրը պիտի արժէ 115.000 ամերիկեան տոլար։
Այնուհետեւ Պրն. Մկրտիչեան համառօտ կերպով ներկայացուց օրուայ պատուոյ հիւր պատգամաբեր՝ երաժիշտ, երաժշտագէտ, յօրինող, «Ճունօ»-ի մրցանակակիր, ինչպէս նաեւ «Կրեմի» մրցանակի թեկնածու Թորոնթոհայ տաղանդաւոր դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանը։
Պրն. Գրաճեան ներկաները ողջունելէ ետք յայտնեց թէ՝« ցաւալիօրէն տեղի ունեցաւ 44 օրուայ պատերազմը, մէկ կողմէ անդարձ կորուստներ, քանդում, զոհեր, վիշտ եւ արցունքներ, միւս կողմէ 44 օրերը եղան յոյսի, հաւատքի, միութեան եւ յաղթանակի տեսլականի օրեր։ Այդ օրերուն մարդիկ որոնք մոռցած էին իրենց հայութիւնը, յանկարծ կանգնեցան միասին, որովհետեւ իրենց մէջ եռաց հայու արիւնը եւ անարդարութեան դէմ պայքարի տենչը։ Այս ահաւոր կորուստը հայը հայուն թշնամի դարձուց, մեր միութիւնը ջլատեց եւ մենք դարձանք սեւ ճերմակ, փոխանակ մնալու կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն։
Ունեցանք կորուստներ, ունեցանք դժուարին օրեր։ Վահան թէքէեան կ’ըսէ «կարենալու համար ապրիլ այսուհետեւ օդի, ջուրի, հացի նման այսօր մենք պէտք ունինք նաեւ հպարտութեան»։ Ինծի համար հայրենասիրութեան ներշնչումի, ազգասիրութեան, հայասիրութեան տիպարը դարձած է մեր ամէնուն սիրելի Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որուն մէջ կը տեսնեմ անսակարկ նուիրում եւ անսահման սէր, ամէն ինչի որ հայկական է, ունի խօսքը գործի վերածելու տաղանդ եւ անսահման կորով։»
«Այսօր հայաստան հիմնադրամի թորոնթոյի մասնաճիւղը ուր մեր եկեղեցիները, բարեսիրական, մշակութային, քաղաքական կազմակերպութիւնները կը միանան այս սուրբ գործին շուրջ եւ մեզի կը ներշնչեն վստահութիւն եւ թափանցկութիւն եւ նաեւ անաչառ հաշուետուութիւն։ Մենք պէտք է զօրանանք եւ իրար զօրացնենք։ Մեր ամենամեծ բանաստեղծը կ’ըսէ, «Ով հայ ժողովուրդ քու միակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժի մէջ է»։ Սերուժ Գրաճեանի այս զեկուցումը ներկաներուն յոտնկայս բուռն ծափողջութիւններուն արժանի դարձաւ։
Ատենապետ Պրն. Մկրտիչեանի ձեռամբ հիմնադրամի անունով հիւր բանախօսին նկարահան Հրայր Խաչերեանի աշխարհի բոլոր պատմական խաչքարերու նկարներու հաւաքածոյ գիրքը նուիրեց։
Հիմնադրամի փոխ ատենապետուհի Տիկ. Հուրի Նաճարեան, երկար տարիներու իր անսակարկ աշխատանքին առ ի գնահատանք, Մկրտիչ Մկրտիչեանին հիմնադրամի վարչութեան անդամներու անունով, նկարահան Հրայր Խաչերեանի «Արցախ» անուն նկարներու հաւաքածոյի գիրքը նուիրեց։
Այնուհետեւ անակնկալ մը կար, դաշնակահար Սերուժ Գրաճեան «Զարթիր Լաօ» կտորը անգերազանց պոռթկումներով մեկնաբանեց, որը աննախնդաց ոգեւորութիւն մը ստեղծեց սրահին մէջ, արժանացաւ ներկաներու որոտընդոստ ծափահարութիւններուն։
«ՄԻՇՏ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԵՏ» բնաբանով նուիրահաւաք կատարուեցաւ։ Մինչ այդ սոյն ծրագրին նպաստելու համար տեղի ունեցաւ նաեւ լուռ աճուրդ։
Երեկոն իր աւարտին հասաւ ատենապետին շնորհակալութեան խօսքերով, այս առթիւ ուրախութեամբ յայտարարեց թէ՝այս գիշերուայ հաւաքոյթէն գոհացուցիչ գումար մը գոյացած է 760.100 գանատական տոլար։ Ձեռնարկը հասաւ իր նպատակին, ուրախացնելով թէ՜ կազմակերպիչները եւ թէ հիմնադրամին սատար հանդիսացող նուիրատուները։