ՍՈՒՐԲ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ի յիշատակ Երջանկայիշատակ Հայրապետին
Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին
(1908-1994)
Թեմին Առաջնորդը (1943-1955)
1941 թուին Ռումանիոյ Թեմին առաջնորդ Յուսիկ Արքեպիսկոպոս Զոհրապեան վախճանած էր եւ բոլորին աչքը կեդրոնացած երիտասարդ մտաւորական ուսուցիչ, Պուքարեստ ծնած ու բարձրագոյն ուսում ստացած Լեւոն Կարապետ Պալճեանին վրայ։ Թեմի խնդրանքին ընդառաջելով ու անսալով իր ներքին կոչումին ի Քրիստոս, Լեւոն Պալճեան Համաշխարհային Բ Պատերազմի արհաւիրքին ընդմէջէն, ռմբակոծուած ու վիրաւոր Եւրոպայի ամենէն վտանգաւոր եւ քանդուած ուղիներէն, քահանայի մը ընկերակցութեամբ, տաժանելի ճամբորդութեամբ, Պուքարեստէն Աթէնք պիտի հասնէր ստանալու համար Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականի կարգը մերձաւորագոյն Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ Կարապետ Արքեպիսկոպոս Մազլմեանի ձեռամբ, Աթէնքի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ 1943 Սեպտեմբեր 29-30 օրերուն՝ ստանալով իր նոր ՎԱԶԳԷՆ հոգեւորականի անունը։
Թեմակալ Առաջնորդի տասներկու տարիներու բարւոք իր ծառայութենէն ետք, չորս տարի անց, երբ արդէն 1951 թուին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր իր նախորդին՝ Գէորգ Զ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, Վազգէն Եպիսկոպոս Պալճեան կ՛ընտրուէր Ազգընտիր Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց։ Թեմակալ Առաջնորդ Վազգէն Եպիսկոպոս իր բարերար ու շինարար դրոշմը դրեր էր իր շատ սիրելի Սուրբ Հրեշտակապետաց գեղակերտ եկեղեցւոյ վերջին շրջանի պատմութեան մէջ։
Ռումանահայ Թեմը
Այս տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ռումանահայ գաղութի 620-ամեակը։ Ուղիղ 240 տարիներ առաջ, 1781 թուին կը կառուցուէր Սուրբ Հրեշտակապետաց առաջնորդանիստ եկեղեցին եւ նոյն տարին սկիզբ կ՛առնէր Ռումանահայ Թեմը, իր «գեղեցիկ, քարաշէն եւ փառաւոր կառոյցով»։ Սակայն տարիներու ընթացքին եկեղեցւոյ շէնքը հինցած ըլլալով արդէն նեղ կուգար հետզհետէ աճող հայ համայնքին համար եւ յատկապէս 19-րդ դարու վերջերը համիտեան կոտորածներու հետեւանքով «հայերու թարմ հոսանք մը խուժեր էր Պուքարեստ» եւ հայմայնքին դիմագիծը կերպարանափոխուեր էր։ Նորեկներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէին Ռոտոսթոցիներն ու Կեմախցիները, որոնք տեղացի ռումանահայերու կողքին երկրորդական դիրքերու վրայ կը մնային, որքան ատեն որ ազգային գործերու մենաշնորհը տեղացիներուն վրայ կը կեդրոնանար։
Եկւորները սակայն ձեռք առին կրթական գործը որ լքուած էր։ Անոնք աշակերտներ հաւաքեցին եւ հայ դպրոցը ծաղկեցուցին, մանաւանդ երբ 1908-ի Օսմանեան սահմանադրութեամբ առիթ տրուեցաւ հայերուն հաստատուելու Ռումանիա՝ յատկապէս մայրաքաղաք Պուքարեստ։ Միասնաբար նոր եկեցեցւոյ հիմնարկէքը կատարեցին հին եկեղեցւոյ տեղը ուր էր հին եկեղեցին 1781 թուին։ Այս անգամ 130 տարիներ ետք 1911 թուի Յուլիսին կատարեցին այժմու գեղակերտ եկեղեցւոյ հիմնարկէքը։ Գլխաւոր նուիրատուն կը յիշուի տիկին Տուտուքա Պըյըգլեան, իսկ ճարտարապետը՝ «մի ոմն յազգէն Րումենաց Սարգիս կամ Չերքեզ անուն», որպէս պատաս-խանատու յատակագիծի պատրաստութեան։ Ճարտարապետը նկատի ունեցած է թէ՛ Էջմիածնի Մայր Տաճարը եւ թէ՛ Անիի Մայր Եկեղեցին։
Ներկայ եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարած են երկու քահանայ հայրեր՝ Տէր Յարութիւն Անդրէասեան եւ Տէր Ղեւոնդ Միքայէլեան։ Ներկայիս հայկական հարազատ ոճով Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցին կանգնած հարուստ քանդակներով «պատկառելի շէնքն» է որ չորս տարիէն կառուցուած է, եւ 1915-ի սեպտեմբերին, «հայ ժողովուրդի մարտիրոսագրութեան տարին», ինչպէս գրուած է, օծուած ձեռամբ Ադրիանուպոլսոյ Առաջնորդ, Արմաշական միջին սերունդէն, Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեանի, յետագային նահատակ Առաջնորդը Ամերիկահայ Թեմին։
Միացեալ Զոյգ Թեմերը
1922 թուականին շուրջ 20,000 հայեր կ՛ապրէին Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքարեստի եւ շրջակայ Կոստանցա, Գալաց, Եաշա եւ Ռոման քաղաքներուն մէջ։ Հինէն երկու թեմեր կից եղած են՝ Ռումանիոյ եւ Բեսարաբիոյ, եւ այդ պատճառով ալ որոշ բարդութիւններ գոյացած են իրարու միջեւ, միշտ սակայն հնագոյն Պուքարեստի թեմը աւելի հաստատ գաղութ մը ըլլալուն՝ առաջնորդողի դերը Ռումանահայ թեմը կատարած է։ Ի վերջոյ սակայն 1812 թուի մայիսին Պուքարեստի մէջ կնքուած հաշտութեան պայմանագրով Բեսարաբիոյ թեմը Ռուս կայսրութեան ենթակայ եղաւ, եւ նոյն տարին Քիշնեւի մէջ հաստատուեցաւ Բեսարաբիոյ առաջնորդական թեմը, որուն վերջին Առաջնորդն էր Ներսէս Արքեպիսկոպոս Խուդավերդեան որ պաշտօնի վրայ մնաց մինչեւ 1917 թուականը։
Գէորգ Ե Սուրէնեանց Կաթողիկոսի (1911-1930) օրով տեղի ունեցաւ երկու թեմերուն վերջնական միացումը 1920 դեկտեմբերին, երբ Մայր Աթոռի լիազօր ներկայացուցիչ Յուսիկ Ծ Վարդապետ Զոհրապեան կարողացաւ վերահաստատել Ռումանիոյ միացեալ թեմը Պուքարեստի Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հովանիին տակ։ Տարի մը ետք Ռումանիոյ պետական հրովարտակով թեմը ճանչցուեցաւ, եւ Զոհրապեան Ծ Վարդապետ Մայր Աթոռի մէջ 1922 թուի փետրուարին եպիսկոպոս ձեռնադրուելով հաստատուեցաւ որպէս թեմակալ Առաջնորդ Ռումանիոյ համայնքին, «որն աւելի քան 500 տարուայ ընդմիջումից յետոյ ունենում էր իր պետականօրէն վաւերացուած եւ հոգեւոր իշխանութիւնների կողմից ճանաչուած ղեկավարը՝ յանձին Յուսիկ Եպիսկոպոս Զոհրապեանի»։
Կրթական եւ Մշակութային Ձեռնարկներ
Ռումանիոյ Թեմը ինքնուրոյն վիճակի վերածելու միտումով Պուքարեստի մէջ դպրոցական ծրագիր մշակուեցաւ եւ Միսաքեան Ազգային Վարժարանը հիմնուեցաւ եօթնամեայ ուսումնական ծրագրով։ Շուտով 1926-ին վարժարանին երկյարկանի շէնքը կառուցուեցաւ բարերարուհի Մարիամ Քեսիմեանի ծախքով եւ վարժարանը անուանեցին Միսաքեան-Քեսիմեան Վարժարան։ 1932 թուին վարժարանի աշակերտութեան թիւը հասած էր 405-ի՝ 16 ուսուցիչներով, որոնց կարգին էր 1929-էն սկսեալ համալսարանաւարտ եւ Պուքարեստ ծնած Լեւոն Կարապետ Պալճեան, որ պիտի յաջորդէր Յուսիկ Արքեպիսկոպոս Զոհրապեանին որպէս Առաջնորդ Ռումանիոյ Թեմին, եւ յետագային դառնար Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա Կաթողիկոսը (1955-1994)։
Արքայական Օրինագիծ եւ Ճանաչում
Թեմակալ Առաջնորդ Յուսիկ Եպիսկոպոսի դիրքը աւելի կը զօրանար երբ 1928-ի ապրիլ ամսուն Ռումանիոյ Թագաւորութեան «Դաւանանքի Մասին» կոչուած օրինագիծը կը հրատարակուէր՝ թեմը ճանչնալով որպէս Հայ Լուսաւորչական Եկեղեցի՝ որպէս հնագոյն պատմական եկեղեցիներէն մին, միւս դաւանանքներուն նկատմամբ հաւասար իրաւունքով։
Առաջնորդ Յուսիկ Եպիսկոպոս 1925 թուի սեպտեմբերին կը գրէր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ. Տ. Գէորգ Ե Սուրէնեանց Կաթողիկոսին Թեմի ներքին դժուարութեանց մասին, յատկապէս «Թեմիս քահանայութեան մեծագոյն մասին որ թերուս, կիսագրակարդաց ըլլալով անհամապատասխան իւր բարձր կոչմանը»։ Գործի վրայ եղող քահանաները, ըստ տեղեկագրին, Անատոլուէն գաղթեր էին ու կը գործէին «իբրեւ վարձկան, այլ ոչ ընտրեալ հովիւ», խնդրելով Կաթողիկոսէն Հայրապետական Կոնդակով որոշ հրահանգներ եւ արտօնութիւններ ստանալ քահանաները խրատելու, յանդիմանելու եւ նոյնիսկ պատժելու։
Իր իրաւասու դիրքերէն մղուած Առաջնորդը կը կրկնէր իր դժգոհութիւնը երկու նամակներ գրելով Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նախանդամ Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեանին յոյս յայտնելով որ շուտով թեմական կանոնագրութիւն մը մշակուէր աւելի հսկելու համար թեմի ներքին կարգ ու սարքին վրայ։ Ան կ՛առաջարկէր կա՛մ Պուքարեստի մէջ հոգեւոր կրթարան մը բանալ, եւ կամ սաներ ընտրելով Երուսաղէմ ղրկել քահանայից պատրաստութեան համար։
Ռումանահայ Թեմի Կանոնագրութիւնը
1931 յուլիս 31-ի հրամանագրով Ռումանիոյ Նախարարական Խորհուրդը, Նիկոլա Եորկայի նախագահութեամբ, կը հաստատէր Թեմին Կանոնագրութիւնը, թեմը ճանչնալով որպէս «Լուսաւորչական հայերի հոգեւոր կենտրոն ընդունելով եպիսկոպոսական աթոռը»։ Ըստ Կանոնագրութեան, թեմը կը բաղկանար երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող 22 համայնքներէն՝ Յուսիկ Եպիսկոպոս Զոհրապեան ճանչնալով Առաջնորդ Թեմին որ «իր հաւատարմութեան երդումը կ՛ընէր Վեհապետին առջեւ եւ ի ներկայութեան գահաժառանգ իշխանին ու վարչապետին»։ Կանոնագրութիւնը կը շեշտէր թէ «Թեմը կը գտնուի Էջմիածնի դաւանական եւ կանոնական իրաւասութեան տակ՝ ինքնավար կերպով մատակարարելով իր գործերը»։
Կանոնագրութեամբ հաստատուած եւ պետական ճանաչում ստացած Ռումանահայ Թեմին յաջորդ Առաջնորդը Վազգէն Եպիսկոպոս Պալճեան կը ժառանգէր կազմակերպեալ եւ պետական-կանոնական հիմունքի վրայ հաստատուն թեմը ու զայն կը վարէր 12 տարիներ ամենալուրջ խոհեմութեամբ եւ մնայուն արդիւնքներով իր ռումաներէն լեզուի բարձր գիտութեամբ ու համալսարանական ուսմամբ, երկար տարիներ ծառայելէ ետք հայ վարժարանին որպէս ուսուցիչ եւ հայ մշակութային համայնքին որպէս գործօն անդամ։