Գանատան հիւպատոսութիւն պիտի բանայ Երեւանի մէջ: «Սա կենսական առաջընթաց է Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն բանալու ճանապարհին եւ առանցքային է կամրջելու համար կապերը մեր ժողովուրդներու միջեւ, որոնք կը ծառայեն որպէս մեր բարեկամութեան հիմքը»,- Թուիթըրի իր միքրոպլոկին մէջ գրած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին։
Global Affairs Canada-ն նոյնպէս յայտարարած է, որ պաշտօնապէս Հայաստանի մէջ Օթթաուան հիւպատոսութիւն կը բանայ՝ պատուաւոր հիւպատոս Վարդգէս Աւագեանի գլխաւորութեամբ։ Այս մասին Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպան Էլիսոն ԼըՔլերը յայտարարած է Երեւանի մէջ, ուր տարբեր միջոցառումներով նշուած է Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը։
Նոր հիւպատոսութիւնը հանրութեան համար բաց պիտի ըլլայ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 15-էն: Այն կ’առաջարկէ հիմնական հիւպատոսական ծառայութիւններ Հայաստանի մէջ ապրող, ուսանող, աշխատող եւ ճանապարհորդող գանատացիներուն, ներառեալ շտապ հիւպատոսական օգնութիւնն ու անձնագրային եւ քաղաքացիական ծառայութիւնները: