Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծուխի Կազմաւորման 94-րդ Տարեդարձի Սուրբ Պատարագ եւ Տօնակատարութիւն

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Եկեղեցւոյ Ծուխի Կազմաւորման  94-րդ Ամեակի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ

Կիրակի՝ 4 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, եկեղեցւոյս ծուխի կազմաւորման 94-րդ տարեդարձի առթիւ, Սուրբ եւ Անմահ պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց գանատահայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան իրեն առընթերակայ ունենալով, եկեղեցւոյս հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. թանաշեան: Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին բրշ. Սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ: Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կատարուեցաւ եկեղեցւոյս դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ բրշ. Շահէ Սրկ. Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի:

Սուրբ Պատարագի արարողութեան ներկայ էին՝ Ս. Էջմիածնի միաբաններէն Գերշ. Տ. Արարատ Եպս. Գալթագճեան, թեմիս փոխ-առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հոգ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան եւ Անկլիգան եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն՝ Արժ. Տէր Հարոլտ Քհնյ. Նահապետեան:

Պատարագիչ Առաջնորդ՝ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյս տարեդարձի ուրախ առթիւ, հաղորդական ոճով իր սրտի խօսքը ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն Դեկտեմբեր 7, 1988-ին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն, եկեղեցւոյս վախճանեալ հոգեւորականներուն, նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամ-անդամուհիներուն, բարերարներու, կնքահայրերուն ինչպէս նաեւ բարեպաշտ հաւատացեալներու պարագաներուն հոգիներուն ի հանգիստ:

Եկեղեցւոյ Ծուխի Կազմաւորման  94-րդ Ամեակի Տօնակատարութիւն

Կիրակի՝ 4 Դեկտեմբեր 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 2.00-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» Սրահին մէջ ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ նշուեցաւ ծուխի կազմաւորման  94-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, ձեռնարկը կը հովանաւորէր թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան:

Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավարուհի Տիկ. Սեդա Քէշիշեան. ապա Առաջնորդ՝ Աբգար  Սրբազան կատարեց սեղաններու օրհնութիւն:

Սոյն ճաշկերոյթին Առաջնորդ Սրբազան հօր կողքին ներկայ էին, Ս. Էջմիածնի միաբաններէն, Գերշ. Տ. Արարատ Եպս. Գալթագճեան, թեմիս փոխ առաջնորդ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. եւ երէցկին Նայիրա Զարգարեան, եկեղեցւոյս հովիւի օգնական, Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. եւ երէցկին Մակի Թանաշեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Հոգ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, Թեմական Խորհուրդի փոխ ատենապետ Պրն. Պետրոս Չինչինեան, եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի եւ Տիկ. Երջանիկ Պետրոսեան, Օնթարիօ Նահանգի երեսփոխան Պրն. Արիս Պապիկեան, «Պապայեան» Հիմնարկի ներկայացուցիչներ գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու եկեղեցիներու, Ծխական Խորհուրդի նախկին անդամներու, կնքահայրերու, բարերարներու եւ համայնքի զաւակներ:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պրն. Յովհաննէս Մուպայետ (ջութակ) Պրն. Մհեր Մինասեան (մեներգիչ) եւ պրն. Վարուժ Ստեփանեան (Արուեստագէտ-կատակերիչ- Standup Comedy), ներկաները մեծ հաճոյքով վայելեցին բոլոր կատարումները:

Եկեղեցւոյս վերջին շրջանի յիշատակելի դրուագներ ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրումը հետաքրքրութեամբ դիտուեցաւ:

Ողջոյնի եւ եկեղեցւոյ 94-րդ տարեդարձի, շնորհաւորական ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի Պետրոսեան, «Պապայեան» Հիմնարկի ներկայացուցիչ՝ Քնար Պասմաճեան, իր սրտի խօսքէն ետք փոխանցեց հիմնարկի նիւթական նուէրը:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Գերշ. Տ. Արարատ Սրբազան, Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան Պրն. Արիս Պապիկեան փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները եւ յանձնեց շնորհաւորական նամակը:

Տեղի ունեցաւ 94-ամեակի կարկանդակի հատումը, Սրբազան Հօր Տէր Հօր եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներու փոխադարձ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ:

Եկեղեցւոյս վաստակաշատ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամն ու սրտի խօսքը, անգամ մը եւս մէջբերելով 94-ամեայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ունեցած դերն ու կարեւորութիւնը թորոնթոհայ համայնքին համար, անոր ձեռք բերած հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային նուաճումներուն ընդմէջէն: Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ հովիւներուն, Թեմական եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ քարտուղարութեան, գրասենեակի կամաւոր աշխատողներուն, եկեղեցւոյս հոգատարին եւ բոլոր հովանաւորներուն ու ներկաներուն:

Ապա յատուկ գնահատագրեր յանձնուեցան ձեռամբ Սրբազան Հօր եւ Տէր Հօր, իրենց գործունէութեամբ յատկանշուող անհատներուն՝ Տիկ. Շաքէ Սոսոյեան «Տարուայ կին»-ը, Տիար Պետրոս Չինչինեան «Տարուայ մարդ»-ը, երիտասարդ սերունդէն պարգեւատրուեցան օրդ. Անի Պապայեան եւ պրն. Երուանդ Չոփուրեան իբրեւ «Տարուայ երիտասարդուհի եւ երիտասարդ», «Տարուայ օրինակելի ընտանիք» գնահատագրին արժանացան, Տիկ. Շաքէ Պասմաճեան եւ դուստրերը դոկտ. Իզապէլ, Տիկ. Քնար եւ Տիկ. Սիլվա Պասմաճեան:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը Առաջնորդարանի առաջին կարգի «Ս. Խաչ» շքանշանով պատուեց երեսփոխան՝ Արիս Պապիկեանը:

Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ բարձրագոյն «Ս. Խաչ» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Տիկ. Լուիզա Քէրիմ, իր երկար տարիներու արդիւնաւէտ գործունէութեան համար: Յանուն Ծխական Խորհուրդի՝ Ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի Պետրոսեան, Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քահանային յանձնեց, Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին խորհրդանշող ոսկեայ մետայլ մը: Տէր Հօր Քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակի առթիւ: Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքով: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտին խօսքին ընդմէջէն շնորհաւորեց պարգեւեալները, խրախուսեց համայնքի զաւակները զօրավիգ կանգնելու Հայ Եկեղեցւոյ:

Սրբազան Հայրը ըստ արժանւոյն գնահատեց Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի գործունէութիւնը: Նմանապէս, Սրբազան Հայրը գնահատեց Ծխական Խորհուրդի գործունէութիւնը եկեղեցւոյ, ծուխին եւ համայնքին նկատմամբ:

Ուրախ եւ գոհ մթնոլորտի մէջ ընթացած ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով:

Վարձքը կատար բոլորին: