«Մանկական Եւրոտեսիլ 2022» երգի մրցոյթին՝ Ֆրանսան յաղթեց իսկ Հայաստանը գրաւեց 2-րդ դիրքը

«Մանկական Եւրոտեսիլ 2022» երգի միջազգային մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 11-ին Երեւանի մէջ` Կարեն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, յաղթեց Ֆրանսայի պատուիրակ Լիսանտրօն` «Oh Maman» երգով:

Ըստ մրցոյթի քուէարկութեան կարգին` մասնակից երկիրը առցանց քուէարկութեան միջոցով կրնար ձայն տալ նաեւ իր պատուիրակին: Քուէարկութիւնը մեկնարկած էր Դեկտեմբեր 9-էն jesc.tv կայքով, ուր հնարաւոր էր դիտել բոլոր մասնակիցներու ելոյթներուն նախնական տարբերակները:

Քուէարկութիւնը աւարտեցաւ մրցոյթին օրը` ներկայացումէն անմիջապէս առաջ: Այն վերսկսաւ մրցոյթի ընթացքին` բոլոր ելոյթներէն յետոյ: Քուէարկութիւնը տեւեց 15 վայրկեան: Հեռուստադիտողի քուէն վերածուեցաւ միաւորներու` դառնալով մրցոյթի արդիւնքին մէկ մասը, միւս մասը ձեւաւորուեցաւ դատական կազմի գնահատականի հիման վրայ: