Յարութիւն Դերձակեան
«Սինֆոնիա Թորոնթօ»-ն Գանատայի ամենալաւ սենեկային նուագախումբերէն մէկն է, որուն հիմնադիրը եւ տնօրէնը եղած է նախկին Պոլսահայ, Մխիթարեանի սան, հանրածանօթ խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Նուրհան Արման, որ Գանատայի մէջ մեծ համբաւ կը վայելէ։ Նուրհան Արմանի մականին տակ Տարեկան զանազան համերգներ եւ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին, այս ծիրէն ներս 2022-23 տարեշրջանի վերջին համերգը տեղի ունեցաւ 9 Դեկտեմբեր 2022 Ուրբաթ երեկոյ « Ժէյն Մալլէթ » Թատերասրահին մէջ, մենակատարութեամբ՝ Թորոնթոհայ համայնքի խոստմնալից երիտասարդուհիներէն օփերայի երգչուհի քօլօրաթիւր սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնարի, ան քանիցս հայ եւ օտար դասական երգերով ու արիաներով, ինչպէս նաեւ զանազան օփերաներու մէջ հանդէս գալով բոլորին անվերապահ գնահատանքին արժանացած է։
Յայտագիրը սկսելէ առաջ, խմբավար՝ Պրն. Արման օրուայ կտորներու հեղինակներուն մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց։
Յայտագիրը սկսաւ Ժոզեֆ Հայտնի ( 1732-1809 ) Է Ֆլէթ Մէյճր քառեակի, Օփըս 33, թիւ 2 «կատակը» կտորով։ Հայտն ճանչցուած է որպէս «Լարային քառեակի հայր», ան ստեղծագործած է մօտ 70 քառեակներ, որոնք ընդօրինակուած են զանազան երաժիշտներու կողմէ, ներառեալ Մոցարթը։ Երեք մասերէ բաղկացած այս գեղեցիկ կտորին նուագախումբի մշակումը կատարուած էր Նուրհան Արմանի կողմէ։
Ապա հանդէս եկաւ յայտնի երգչուհի Լին Անոյշ Իշնար, ան Սինֆոնիա Թորոնթօ սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ, յաջորդաբար մեկնաբանեց երեք կտորներ։
Կ. Վէրտիի (1813-1901) «Ավէ Մարիա» կտորը, հանրահռչակուած Տանթէի կողմէ, հիմնուած է Վէրտիի իտալական տարբերակին Վրայ, որը յարմարցուած է Տանթէի երկար բանաստեղծութեան, որ կը պարունակէ հաւատքի արտայայտութիւններ։
Լուտվիկ վան Պէթհովէնի (1770-1827) Տեսարան եւ արիա «Ո՝չ մի վրդովիր-մի մտահոգուիր», արիային այս կտորը կը պատմէ սիրոյ մասին։
Ալեքսանտըր Զեմլինսքիի (1871-1942) «Մայիսի ծաղիկները ծաղկեցան ամէն տեղ» կտորը կրքոտ եւ վրդովուած սիրոյ մասին էր։ Երգի աւարտին երգչուհին երաժշտասէրներու բուռն գնահատանքի ծափահարութիւններով ողջունուեցան։
Միջնարարէն ետք Սինֆոնիա Թորոնթօ սենեկային նուագախումբը հանդէս եկաւ՝
Էնտրիու Պարֆուրի (1967- ) նորածին մանուկ Փիոթրիին երազանքը կտորով։ Հեղինակը ներշնչուած եւ յօրինած էր, Չայքովսքիի եկեղեցւոյ բանաստեղծական հմայնքին, հաւատարիմ մնալով ինք վայելած էր Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ երաժշտութիւնն ու պատարագները։
Յաջորդին Լարային քառեակ «Օփըս 95» Լուտվիկ վան Պէթհովէնի (1770-1827) «Սերիոսօ» կտորը մեկնաբանուեցաւ։ Պէթհովէն այս կտորը գրած է 1810 թուականին, որ չորս մասերէ կը բաղկանայ։ Երաժշտութիւնը արտացոլածումն էր իր խոր յուսահատութեան անձնական կեանքի եւ նաեւ ունեցած սիրոյ կապի ձախողութեան։ Նուագախումբի տարբերակը կը պատկանի Նուրհան Արմանի։
Պէթհովէնի այս հոյակապ կտորը գլուխ գործոց մըն էր, վաստակաւոր խմբավար Նուրհան Արմանի բարձր ղեկավարութեամբ ու նուագախումբի անգերազանց մեկնաբանութեամբ աննախնդաց ոգեւորութիւն ստեղծեց սրահին մէջ, խմբավարը քանիցս բեմ հրաւիրուելով թէ ինք եւ թէ նուագախումբը արժանացան ներկաներու որոտընդոստ ծափահարութիւններուն։
Երաժշտասէրներ ձեռնարկի աւարտին ակամայ մեկնեցան սրահէն։