Լաչինի տագնապը դէպի ո՞ւր. Հարցադրումներ տագնապին մէջ

 Լաչինի տագնապը  շրջանային պրիսմակով   դիտուած

Քաղաքական մեծ պատուհանէն դիտուած աւելի քան ակներեւ սկսած է դառնալ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ արդէն ամիսներէ ի վեր աճ գրանցող լարուածութիւնը «վերաշարադրուեցաւ» ու դարձաւ մարդկային մեծ տագնապ։

Ատրպէյճանցիք իրենց «ներկայացուցած» խաղը տարին բոլորովին այլ ուղղութեամբ եւ փակեցին Արցախը Հայաստանին կապող միակ ցամաքային ճանապարհը։

Գուցէ շատեր կը խորհէին, որ Ատրպէյճանի հետ ընթացող խօսակցութիւնները ի վերջոյ խնդիրը «հանգիստ» տեղ մը կը տանին, սակայն մեզմէ շատ քիչեր կը մտածէին, որ Ատրպէյճան այդքան ուժ ունի, արար աշխարհի աչքերուն առջեւ նման քայլ մը առնելու ու այդ կերպ ալ պատանդ առման «գործողութիւն» մը իրականացնելու աւելի քան 120 հազար արցախցիները դարձնելով իսկական պատանդ։

Ստեղծուած տագնապը անշուշտ ունի շրջանային ուղղութիւններ, որուն մէջ ալ որոշադրող եւ որոշում տուող մի քանի կողմեր կան։

Հայկական կողմը, որ իր մաշկին վրայ կ’ապրի այս ամբողջ ցաւը մեծ հաշուով գետնի վրայ բան մը փոխելու ներուժը չունի։

Ցաւալի է, բայց փաստ։

Հայկական կողմէն բացի խաղի հիմնական կողմը, Ատրպէյճանն է, որուն շահերը այս պահուն նոյնացած են մասնաւորապէս Մեծն Բրիտանիոյ հետ, որ Արցախի մէջ ու նաեւ Սիւնիքի տարբեր տեղանքներուն մէջ ունի «հանքային շահեր»։

Միւս կողմէ կը տեսնենք Ռուսաստանի բաւական թուլացած դիրքը, որ կը ստիպէ վերջինին վարուիլ մեծ համբերութեամբ, հեռու մնալով ու շրջանը հեռու պահելով ռազմական ցանկացած ընդհարումէ։

Կան անշուշտ Իրանն ու Թուրքիան, որ խաղին կը հետեւին դիտողի դիրքերէ, իսկ Ֆրանսան, որ «մեծբերան» յայտարարութիւններ կը կատրէ այդ դերը կը կատարէ միայն ու միայն «հոգեկան» նեցուկ մը տալով հայերուն։

Խորհուրդ մը կայ, որ այս բոլորը կը հանգուցէ իրար եւ այդ «խորհուրդ-խորհին»-ը շահերու խնդիրն է, որ կը խաչուի մէկ կողմէ Պաքուի եւ միւս կողմէ ալ շրջանին մէջ տարբեր փուլերու տնտեսական մակարդակի շահեր հետապնդող Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ։

Ամէն պարագայի այս բացուած փուլը, բոլոր առումներով Արցախի եւ անոր հերոսական ժողովուրդին համբերութիւնը չափող փուլ մը պիտի ըլլայ ու շատ հաւանական է, որ Պաքուի կողմէ այս ճնշող գործողութիւնները կրկնուին ունենալով մէկ նպատակ, որն է դատարկել Արցախը իր բնիկ եւ իրաւատէր բնակիչներէն։

Ամէն  պարագայի  տակ  ներկայ  պահուն արդէն իսկ  յստակ ու պարզ դարձած է, որ  Պաքու  պիտի շարունակէ այս վարքը  այնքան ժամանակ, որ Հայաստանի դաշնակից  կողմը, որ շրջանին մէջ  «օրկանական» ներկայութիւն ունի՝  իր խաղաղապահ զօրքերով,  չէ հակազդած նման  քայլի մը եւ իրերը իրենց անունով չէ կոչած։

Լաչինի  տագնապը  եւ  «ներքին» պայքարները

Միւս կողմէ  Լաչինի ճանապարհի փակումէն   տաս  օր անց  պարզ կ’երեւի, որ այս տագնապը խորքին մէջ Ատրպէյճան-Հայաստան «կիսատ» մնացած խօսակցութեան հետեւանքով առկայ «պարապ»-ը լեցնելու փորձ մըն է։ Ճիշդ է, որ Պաքուն է այս «խնդիր»-ը առաջադրողը, սակայն աւելի քան վստահ պէտք է ըլլալ, որ այս խաղին մէջ, կարեւոր ներկայութիւն ունի Մոսկուան։ Եթէ պահ մը, մէկդի դնենք այդ մօտեցումը տեղ մը արդէն արար-աշխարհին պարզ կը դառնայ, որ խաղաղապահ առաքելութեան համար իր զօրքերէն հատուած մը Արցախի հողերուն վրայ տեղադրած Մոսկուան սկսած է անզօր դառնալ։

Քիչ մը ետ երթալով այստեղ հարկ է փակագիծ մը բանալ յիշեցնելու համար այդ մեծ խանդավառութիւնը, որն ամբողջ հայութիւնը ունեցաւ, երբ 2020 թուականի պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք Ռուսիա զօրքեր ուղարկեց դէպի Արցախ։

Այդ խանդավառութեան մէջ, կար նաեւ մեծ յոյս (մանաւանդ անոնց կողմէ, որ կը հաւատային, որ ատրպէյճանեան ուժերուն կողմէ գրաւուած Շուշին եւ Հադրութը դարձեալ եւ ռուսական «միջամտութեամբ» պիտի անցնին հայոց ձեռքը), որ գետնի վրայ ինչ որ պատկեր պիտի փոխուի եւ Ռուսաստան «հնարք» մը պիտի կատարէ եւ ստեղծուած կացութիւնը շրջէ։

Ժամանակի ընթացքին «մարեցաւ» այդ խանդավառութիւնը, իսկ այսօր առկայ պատկերը ցոյց կու տայ աւելի տագնապալի վիճակ մը, որ կը խօսի Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան «մահուան» մասին։

Այո՛, առանց մեր մատներու ետին պահուըտելու յստակ է արդէն, որ նոյնիսկ մարդասիրական միակ անցքի փակումին դիմաց ձեռնածալ կանգնած խաղաղապահներու մօտեցումը եւ անոնց դէմ իբրեւ թէ «բնապահպանական նպատակներ»-ով միջանցքը փակած ատրպէյճանցիներու ծաղրն ու նուաստացումը նախ եւ առաջ կրակոց է Ռուսաստանի ուղղութեամբ։

Ի հարկէ, կրակոցի տեսակներ ալ կան ու անձնապէս չեմ բացառեր, որ մղուած ըլլալով իր արտաքին մեծ շահերէն ու իյնալով «մենք մեծ տէրութիւն ենք, հետեւաբար «գոմբլէքսներ» չունինք» թակարդին մէջ, Ռուսաստան ինքն է որ կը համաձայնի այս վիճակին։

Վիճակը անշուշտ երկար ժամանակի վրայ իր ազդեցութիւնը ունեցող վիճակ մը պիտի ըլլայ եւ Արցախի մասին վերլուծող կամ Ատրպէյճան-Հայաստան խնդրին հետեւողներուն համար պիտի ստեղծէ այնպիսի վերլուծութիւն մը, ըստ որուն Ռուսաստանի նախկին «համաձայնեցնող» դերը հասած է իր աւարտին։

Ճիշդ է, որ Ռուսաստան տակաւին իր ձեռքին ունի քանի մը «բանալիներ», որոնց մէկ ծայրը կրնայ հասնիլ մինչեւ Սուրիա, բայց եւ այնպէս այդ բոլորը մեզի համար առաջնային չեն։ Առաջնային չեն, որովհետեւ մենք ունինք մարդասիրական լուրջ հիմնախնդիր եւ մեր հայրենակիցները դարձած են անզօր Պաքուի կողմէ գործի դրուած կեղծ պատրուակներուն դիմաց։

Անոնք պաշարուած են ու նաեւ այդ առժամեայ պաշարումը, կրնայ ապագայի համար միտուած քայլ մը ըլլալ, որուն հիմնական առանցքը կը դառնայ Արցախը ամբողջութեամբ հայաթափելու դրոյթին շուրջ։

Այստեղ ալ կը պարզուի, որ ընթացող այս խաղին դէմ պայքարելու հիմնական օղակը Արցախի բնակչութիւնն է։ Տեսակ, որ ունակ է մեծ պայքարի եւ առանց այդ ժողովուրդին մասին գունաւոր ածականներ տալու մեզի բոլորիս համար յստակ է, որ արցախցիք դիւրին-դիւրին տեղի տուող կամ նահանջող տեսակ մը չեն։ Անոնք ունին երկարամեայ փորձ ու շատ լաւ կը հասկնան, որ այս ամբողջին տակ կան աշխարհաքաղաքական մեծ շահեր, ուր կը բախին, կը խաչաձեւուին մինչեւ անգամ Սիւնիքի հարցով իրար հետ հակասութիւններու մէջ յայտնուած շրջանային տարբեր ուժ-ներկայութիւններու շահերն ու մօտեցումները։

Այս բոլորէն անդին, ոչ մխիթարական պատկեր մը կը տիրէ ներ-հայկական օրակարգին մէջ, ուր ընդհանուր առմամբ զուտ քաղաքական հաշիւներով (իշխանութիւնը պահելու կամ միւս կողմէ ալ իշխանութիւնը «գրաւելու» իմաստով) Լաչինի խնդիրը լաւագոյնս շահարկումի կը մատնուի բոլորին կողմէ։

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ներքին լսարանին ուղղուած եւ ցած-անկումնային ձայնով եղող յայտարարութիւնները, առնուազն ցոյց կու տան, որ անոնք շատ բան ընելիք չունին Արցախի համար, իսկ միւս կողմէ ընդդիմութեան ընդհանուր կեցուածքը ցոյց կու տան, որ անոնք եւս աւելի նպատակայարմար կը համարեն այս փուլին հանդէս գալ պարզապէս դիտողի դերով։

Ընդդիմութիւնը, որուն բնական նպատակը իշխանափոխութիւնը յաջողցնել է, այս փուլին կարծես ունի ներքին համոզում, որ ոչ միայն այդ մէկուն համար արտաքին ուժերու, բայց մանաւանդ Ռուսաստանի «կանաչ լոյս»-ը չկայ, այլ նաեւ գոյութիւն ունի այն վարկածը, որ ներկայ եւ մի քանի «անհաւասար» հատուածներու բաժնուած ընդդիմութիւնը խորապէս համոզուած է, որ ներկայ փուլին իրենք մէկ առաջնորդի շուրջ բոլորուելու բաւարար կամքը չունին։

Ինչ խօսք, որ Լաչինի հարցը կրնար այն մեծագոյն լծակը դառնալ, որ այդ ուժերը մէկ մարդու նման փողոց իջնէին եւ իրենց պահանջները դնէին, կամ ալ «խելքը գլուխ»ը հաւաքելով ու ծանր ընտրանքի առջեւ գտնուելով բանակցութեան նստէին Փաշինեանին հետ։

Ընդդիմութեան մօտեցումները բնականաբար աւելիով վարկազրկումի ընդհանուր ընթացքի մը մասին կը խօսին ու եթէ անոնց համար «քիչ մըն ալ սպասենք»-ի մօտեցումը փրկութեան օղակի կը նմանի, ապա այդ վարկածը աւելի քան վիրաւորական է Հայաստանի լայն հանրութեան համար, որուն կարեւոր տոկոսը այսօր իրողապէս մտահոգ է Արցախի ճակատագրով։

Ինչպէս դիմատետրի էջիս ալ գրեցի այսօր Հայաստանի մէջ կը պակսի պահուան ծանրութիւնը իրողապէս նժարի դնող քաղաքական ուժ, որ կրնայ Լաչինի հարցը միացնող օղակի վերածել ու առաջ նայիլ։

Թոյլ իշխանութեան խնդիրը կայ, սակայն անոր թուլութիւնը աւելիով հունաւորող եւ անոր դէմ ներքին պայքար տանող ընդդիմութեան մօտեցումներն ալ բնականաբար լուծում չեն կրնայ բերել այսօրուայ ծանր իրականութեան։

Ու այս առումով ալ տասը ակնոցի կարիք չկայ, որ ներկայ փուլին Փաշինեանը ունի միջազգային ու նաեւ ռուսական մեծ նեցուկ, որուն շնորհիւ ու ճամբով ալ անդրդուելիօրէն պիտի շարունակէ իր գործը։

Կան մարդիկ, կան ընկերներ, որոնք երէկ ալ կը հաւատային,որ Հայաստանի մէջ օրակարգ փոխելու համար կարիքը կայ ներքին ներուժի, բայց անոնք վրիպած են ու դեռ ալ կը շարունակեն շփոթի մէջ պահել մեր ժողովուրդը։

Իրականութիւնը սակայն այլ է, ու աւելի քան յստակ, որ Հայաստանի նման փոքր երկիրներու պարագային, ցանկացած փոփոխութեան, ցանկացած օրակագրի ճշդումին համար նախ եւ առաջ կարեւոր են արտաքին մղումները եւ ինչու չէ նաեւ արտաքին ուժերու համաձայնութիւնները։

Այնպէս, որ ներկայ փուլը պարզապէս սպասողականութեան փուլն է եւ այս փուլին գլխաւոր խօսքը՝ Արցախի հերոսական ժողովուրդինն է։

 

Սագօ Արեան