Նոյեմբեր 1, 2015 Կիրակի օր կէսօրին Հայաստանի ՌԱԿի 23րդ Պատգամաւորական Ժողովի աւարտին, Կուսակցութեան Լոռի մարզային շրջանակի գրասենեակի դիմաց Տիգրան Մեծ պողոտայի 44րդ հասցէի վրայ կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը Մեծ Եղեռնի նուիրուած յուշարձանին, իսկ գրասենեակի մէջ՝ վանաձորցի գեղանկարիչ Սամուէլ Ղարիպեանի ստեղծագործութիւններուն անհատական ցուցահանդէսին: Արարողութիւններուն մասնակցեցան բացի հայաստանաբնակ Ռամկավար Ազատական կուսակցականներէն, արտասահմանէն եկած մեծ թիւով ղեկավար դէմքեր՝ Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան ափերու զոյգ շրջանակներէն, Գանատայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Յունաստանէն: Մասնակից դարձան նաեւ հայրենի գրողներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ եւ այլ մտաւորականներ, զինուորականներ, ինչպէս նաեւ՝ լոռեցի հայորդիներ:
Հանդէսը վարեց դերասան, «Լոռու արուեստագէտներ» հաղորդաշարի հեղինակ Իվան Անտոնեանը: Հայրական իր խօսքը ուղղեց Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ բարձրօրէն գնահատեց ՌԱԿի Լոռիի մարզի շրջանակի ատենապետ եւ ողբացեալ արուեստագէտին եղբօր՝ Սէյրան Ղարիպեանի նախաձեռնութիւնը: Յուշարձանի բացման պատիւը տրուեցաւ Ս. Ղարիպեանին ու Լոռիի փոխ մարզպետ Տիգրան Բադոյեանին: Այնուհետեւ Ի. Անտոնեան ներկայացուց յուշակոթողին խորհրդանշական իմաստը ըստ ստեղծագործ քանդակագործին, որու մտայղացումն է եղած ամբողջութեամբ: Մանաւա՛նդ սուրը, որ կը խորհրդանշէ տակաւին վերջ չգտած մեր ազատագրական պայքարը:
Պաշտօնական իրենց խօսքը փոխանցեցին «Ազգ» թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան ըսելով. «Այս յուշակոթողը հերթական անգամ գալիս է մեզ վկայելու, որ պիտի յիշենք մեր անմեղ զոհերին, լինենք պահանջատէր եւ դրսեւորելով ազգային յամառութիւն ու կամք, միշտ պիտի առաջ գնանք: Այս բազմաբովանդակ յուշարձանը միտումնաւոր ցածր է նախատեսուած, որպէսզի բոլոր անցորդները նայելիս խոնարհուեն մեր անմեղ զոհերի յիշատակի առաջ»: Ինչպէս նաեւ՝ ՌԱԿ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեան, որ կարեւորութեամբ ընդգծեց յուշարձանի բովանդակութիւնը, խորհրդանիշներու գաղափարը, որովհետեւ սուրն ու բազուկն են միայն որ կը կերտեն ազատ ու անկախ Հայաստանը:
Այնուհետեւ խօսք առին ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, թատերագիր Սամուէլ Խալաթեանը, Հայաստանի Գրողներու Միութեան Լոռիի մարզային բաժանմունքի նախագահ Մանուէլ Միկոյեանը եւ Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան Լոռիի մարզային բաժանմունքի նախագահ, գեղանկարիչ Փափազ Ալոյեանը:
Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, ներկաները ՌԱԿի մարզային գրասենեակին մէջ դիտեցին Սամուէլ Ղարիպեանի գեղանկարները: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 33 ստեղծագործութիւններ: Խօսք առաւ Հայ Նկարիչներու կեդրոնի նախագահ Խաչիկ Աբրահամեանը, որ իր կարգին տուաւ ծանօթութիւններ եւ անձնական յուշեր վաղամեռիկ գեղանկարիչին մասին: Սէյրան Ղարիպեան իր եղբօր «Հաղարծին» իւղաներկ կտաւը նուիրեց Առաջնորդ Սեպուհ Սրբազանին: Խօսք առաւ նաեւ ԹՄՄի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեան, Մոնթրէալէն:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ ջերմ ընկերական երկխօսութեան մթնոլորտի մէջ:
ՌԱԿ Մամլոյ Դիւան 2015