Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւր Ամեակի Գանատայի Մարմնին կողմէ
« George Weston Recital Hall » ի շքեղ համերգասրահին մէջ, որ ձայնային սարքաւորումի տեսակէտէ Հիւսիսային Ամերիկայի լաւագոյն սրահներէն մէկն է, 7 Նոյեմբեր 2015 Շաբաթ երեկոյ, « Անմոռուկ – Forget me not » բնաբանով կազմակերպուած ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ յայտնի խմբավար Նուրհան Արմանի մականին ներքեւ « Սինֆոնիա Թորոնթօ » լարային սենեկային նուագախումբը, աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան եւ երիտասարդ ջութակահար Նունէ Մելիքեան։
Ներկայ էին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վսեմաշուք՝ Տիար Արմէն Եկանեան ու իր կողակիցը, Թորոնթոյի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ, նախկին յոյն երեսփոխան Ճիմ Քարիճիեանիս, հոգեւոր հայրեր, քաղաքական կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու հոգաբարձուներու, ազգային վարչութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ցեղասպանութենէ վերապրողներէն 100 տարեկան Տիկ. Էօժենի Գոգորեան Երկանեան, ինչպէս նաեւ երաժշտասէրներու ընտրեալ հասարակութիւն մը որոնք այս երեկոյ համախմբուած եւ մէկ սիրտ եղած, գրաւած էին սրահին մէջ իրենց աթոռները։
Հայոց ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Օնթարիոյի յանձնախումբի եւ Մշակութային յանձնախումբի անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ շնորհալի երիտասարդուհիներէն Լին Անոյշ Իշնար, որ յայտնեց թէ «Անմոռուկ» Դասական երաժշտական երեկոն ձօնուած է 1.5 միլիոն սրբադասուած անմեղ նահատակներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի հանճարին, որուն ստեղծագործ միտքն ու հոգին դադրեցաւ արարելէ։ Երեկոն ձօնուած է միաժամանակ հայ ազգի գոյատեւող ոգիին եւ վերածնունդին։ Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ի յարգանս սրբադասուած նահատակներու հոգիներուն։
Օրուայ պատգամաբեր շարժանկարի եւ Թատրոնի մրցանակակիր հանրածանօթ դերասանուհի՝ Արսինէ Խանճեան, իր երկար զեկուցումին մէջ ներկայացուց ցեղասպանութիւններու ուրացման հանգրուանները ամենուրեք, հրաւէր ուղղեց որ ժողովրդավարական հիմերու վրայ հենելով կանխարգելուին ապագայ եղեռնները ու վերջ տրուի անտարբերութեան։
Յայտագիրը սկսելէ առաջ խմբավար Նուրհան Արման ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ բացատրութիւններ տուաւ առաջին մասին մէջ ներկայացուելիք կտորներու մասին։
Նախկին Պոլսահայ խմբավար Նուրհան Արման մեծ համբաւ կը վայելէ Գանատայի տարածքին։ Օտար մամուլի ու հեռատեսիլի հաղորդումներու մէջ իր մասին երաժշտական քննադատները բարձր գովասանքով կ՚արտայայտուին։ Պր. Արման Գանատայի կողքին Ամերիկա Միացեալ նահանգներու, Հարաւային Ամերիկայի, Եւրոպայի զանազան երկիրներու, ի մէջ այլոց Ռուսաստանի, Ուկրանիայի, Հայաստանի, ինչպէս նաեւ հարաւային Քորէայի մէջ յայտնի նուագախումբերը ղեկավարած եւ իր նուագախումբով Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ նուագահանդէսներ սարքած է։ Խմբավարը 1998 թուականին իր սենեկային լարային նուագախումբը « Սինֆոնիա Թորոնթօ » ն հիմնած է եւ այդ թուականէն ի վեր որպէս Գանատայի լաւագոյն սենեկային նուագախումբ, կանոնաւոր կերպով նուագահանդէսներ սարքելով մեծ յաջողութեամբ իր առաքելութիւնը կը շարունակէ։
Յայտագիրը սկսաւ Եդուարդ Միրզոյեանի կողմէ 1988 ին, իր մտերիմ ընկեր եւ գործընկեր Արամ Խաչատուրեանի մահուան 10 րդ. Տարելիցին առիթով յօրինուած, Poem-Epitaphia « Դամբանագիր » կտորով, որ մեկնաբանուեցաւ խմբավարութեամբ՝ Նուրհան Արմանի « Սինֆոնիա Թորոնթօ » նուագախումբի կողմէ։
Ապա Նուագախումբը մեկնաբանեց Ալեքսանտր Յարութիւնեանի կողմէ, 1988 ին Հայաստանի երկրաշարժի գործած աւերէն յետոյ, ջութակի եւ լարային նուագախումբի համար գրուած երաժշտական ստեղծագործութիւնը։ Այս քոնչերթոյին նուագախումբի կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ երիտասարդ ջութակահար՝ Նունէ Մելիքեան։ Նունէն ծնած է Սիպերիոյ մէջ, իր երաժշտական ուսումը ստացած է նախ Մոսկուա ապա շարունակած է Գանատայի եւ Նիւ Եորքի մէջ ստանալով մագիստրոսի աստիճան։ Նունէն բացառիկ ընդունակ, ապագայ խոստացող իր սերունդին մէջ ընտրեալ ջութակահարներէն մին է։
Concerto for Violin and String Orchestra – Այս կտորը կը բաղկանայ չորս մասերէ։
Andante sostenuto ։ առաջին շարժումը տրամաթիք եւ զգացական բաժին մըն է, ջութակին երգողական որակը ցոյց կու տայ, կարծես թէ ջութակը կ՚երգէ։
Allegretto scherzando։ երկրորդ շարժումը հետեւանքն է ուրախ, սրամիտ, երբեմն քմահաճ, պարի մը նման քաղցր մեղեդի մըն է։
Adagio recitativo ։ երրորդ շարժումը հարուստ ներդաշնակութիւններով լեցուն է։
Allegro molto։ չորրորդ շարժումը արագ, ուժեղ, գեղեցիկ մեղեդիներով ջութակին եւ նուագախումբին միջեւ հաճելի կապ մը կը ստեղծէ։
Աւարտին բոլոր արուեստագէտները երաժշտասէրներու բարձր գնահատանքին արժանացան։
Նունէ Մելիքեան որպէս պիսի կտոր նուագեց Կոմիտասի « Ծիրանի ծառ » ը։
Միջնարարէն ետք, խմբավարը կրկին հանդէս գալով ներկայացուելիք կտորներու մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Յայտագրի այս բաժնին մէջ վայելեցինք աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի սոփրանօ Յասմիկ Պապեանը։
Յասմիկ Պապեան եղած է արեւմտեան ու հայ դասական երաժշտութեան ընտրելագոյն մեկնաբանը։ Ան աշխարհի ամենահեղինակաւոր օփերայի բեմերու եւ համերգային սրահներու վրայ հանդէս եկած ու կարեւոր դերեր ստանձնած է նշանաւոր օփերաներու մէջ, պատիւ բերելով հայ ազգին ու մայր հայրենիքին։ Յասմիկ Պապեան ծնած է Հայաստան, աւարտած է Կոմիտասի անուան Պետական երաժշտանոցը նախ որպէս ջութակահար ապա որպէս երգչուհի։ Օտար հեղինակներու դասական գործերը մեկնաբանելու կողքին, ան կը մեկնաբանէ նաեւ Կոմիտասի, Չուխաճեանի, Կանաչեանի, Տիգրանեանի, Տէրտէրեանի, ստեղծագործութիւնները։
Յասմիկ Պապեան 1991 էն ի վեր հաստատուած է Վիեննա, շուտով դուրս գալով նետուած է միջազգային ասպարէզ։ Միջազգային մամուլը բազմիցս անդրադարձած է իր մասին, նկատելով զինք որպէս աշխարհի օփերայի լաւագոյն ձայներէն մին։
Յասմիկ Պապեան 2004 ին արժանացած է « Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովրդական Արուեստագէտ »ի կոչումին, իսկ 2005 ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. ի ձեռամբ պարգեւատրուած է « Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ » բարձր շքանշանով, որպէս համայն աշխարհի մէջ Հայաստանի մշակութային դեսպան։
Յայտագիրը սկսաւ Տիգրան Մանսուրեանի կողմէ դաշնամուրի եւ լարային նուագախումբի համար յօրինուած կտորներով։ Այս կտորներուն մէջ ներկայացուեցաւ հեղինակաւոր չորս հայ բանաստեղծներու կողմէ գրի առնուած չորս զոյգ բանաստեղծութիւններ։ Յայտնենք որ իւրաքանչիւր զոյգ բանաստեղծութիւն իրար կը լրացնեն եւ կը ստեղծեն յարաբերութիւններ իրենց միջեւ։
Canti Paralleli for Vox- Զուգահեռ երգեր- Տիգրան Մանսուրեան
– Տաղ կորուսեալ սիրելիներուն – Պաղտասար Դպիր ( 1683-1768 )
– Վասն Սիրոյ – Պաղտասար Դպիր
– Ողջակիզուող Կրակ – Եղիշէ Չարենց ( 1897- 1947 )
– Տեսիլածամեր – Եղիշէ Չարենց
– Իմ հոգին – Աւետիք Իսահակեան ( 1875-1957 )
– Լեռների վրայ ձիւնել է – Աւետիք Իսահակեան
– Աշնան երգ – Վահան Տէրեան ( 1885-1920 )
– Իմ խաղաղ երեկոն է հիմա – Վահան Տէրեան
Տաղանդաւոր սոփրանօ Յասմիկ Պապեան յաջորդաբար իր հրապուրիչ ձայնով գեղեցկօրէն մեկնաբանեց յիշեալ կտորները, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝միջազգային դաշնամուրի մրցոյթներու արժանացած Մայքըլ Պերքովսքիի եւ Սինֆոնիա Թորոնթօ նուագախումբի։
Յասմիկ Պապեան որպէս պիսի կտոր երգեց Կոմիտասի ժողովրդական « Կռունկ »ը, ցոյց տալով իր երգելու բացառիկ կարողութիւնը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու բուռն ծափողջոյններուն։
Այնուհետեւ Սինֆոնիա Թորոնթօ նուագախումբը հանդէս գալով նախ մեկնաբանեց Վաչէ Շարաֆեանի Divertissement -Միջնախաղ կտորը, որ հիւսիսային Ամերիկայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ։ Ապա շարունակուեցաւ Արամ խաչատուրեանի քաջածանօթ Masquerade Suit « Դիմակաւոր պարահանդէս »էն վալսով, նուագախումբը բացառիկ գեղեցկութեամբ մեկնաբանեց զայն։ Ժողովուրդին փափաքին ընդառաջելով նուագախումբը յայտագրէ դուրս մեկնաբանեց նաեւ Կոմիտասի « Հաբրբան » եւ «Վաղարշապատի պար » կտորները։
Այս յիշատակելի երեկոյթի վերջաւորութեան մասնակից արուեստագիտուհիները, խմբավարը եւ նուագախումբի բոլոր անդամները ներկաներուն յոտնկայս որոտընդոստ ջերմ ծափահարութիւններով գնահատուեցան, ստանալով գեղեցիկ ծաղկեփունջեր։