Արցախի շրջափակման հարցով Գանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսացկութիւնները արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովի արտահերթ նիստ կը պահանջեն

Յառաջիկայ օրերուն Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներ տեղի պիտի ունենան Բերձորի միջանցքի փակման վերաբերեալ: «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Գանատայի համայնքներու պալատի անդամ Կառնեթ Ճենուիս:

«Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի պահպանողական անդամները կ’աշխատին այլ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու հետ` շտապ լսումներ հրաւիրելու Արցախի Լաչինի միջանցքի շրջափակման վերաբերեալ», «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է երեսփոխանը:

Կառնեթ Ճենուիս իր գրառման կցած է մէկ այլ երեսփոխանի` Սթեֆան Պերժերոնի գրառումը, ըստ որուն, «Քէպէքի դաշինք» կուսակցութեան անդամներու նախաձեռնութեամբ եւ պահպանողականներու ու նոր դեմոկրատներու աջակցութեամբ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ «Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքի փակման վերաբերեալ» քննարկում տեղի պիտի ունենայ: