Լաչինի տագնապ, Արցախի ճակատագիր եւ Ռուբէն Վարդանեանի «վարկած»

Արցախի հարցը դէպի նոր փուլ

Արցախեան ծանր առօրեան կը շարունակուի իր մոխրագոյն ստուերը նետել համահայկական մեծ օրակարգին վրայ։ Հայութիւնը իր բազմապիսի թեւերով ու հատուածներով ոչ միայն ուշի-ուշով կը հետեւի զարգացումներուն, այլ իր կարելիութեան որոշակի մէկ մասը ի մի բերելով կը փորձէ նաեւ միջազգային օրակարգ տանիլ Արցախի հարցը։

Փաստ է անշուշտ, որ յատկապէս Ուքրանիոյ մէջ ընթացող պատերազմը դարձած է համաշխարհային մեծ ընտանիքի մտահոգութեանց հիմնաւոր առանցքը։ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած ու դեռ ալ շարունակուող աղէտալի պատերազմը հասարակութիւնները կիսած են երկուքի։ Երկու ճամբարները կը պայքարին իրար դէմ ու յստակ է նաեւ, որ բոլոր այն ուժերը, որ մինչեւ հիմա դժգոհ էին Միացեալ Նահանգներու քայլերէն, արտաքին քաղաքականութեան սխալ շեշտերէն ու վարքէն եկած են այն եզրակացութեան, որ հասած է ժամանակը փոխելու այս աշխարհը։

Տարբեր հանգամանքներու բերումով Ռուսիոյ սրտին խօսող եւ նոր կազմուելիք այդ պլոքը հասկնալի պատճառներով կը յապաղի։

Հնդկաստան կը փորձէ հնարաւորինս հեռու մնալ այդ լեղի բաժակէն, նոյնը եւ քիչ մը աւելի ճարպկօրէն կ’ընէ Չինաստան եւ այս երկու հզօրներու կողմէ տարուած խաղը Փութինի Մոսկուան կը ձգէ առանձինն այս բաւականին տարողունակ զարգացումներուն դիմաց։

Ու ճիշդ այս փուլին է, որ Արցախեան խնդիրը, այս անգամը քիչ մը աւելի մտահոգիչ հարթութեամբ հրապարակ կը հանուի, իր հետ բերելով բազմապիսի հարցադրումներ։

Հարցադրումներ կապուած, ոչ միայն Ռուսաստանի «սխալ» դերակատարութեան, նաւթային շահերու, ճանապարհային հանգոյցներու մասին, այլ ամէն գնով Արցախը հայաթափման մեծ վտանգին առջեւ դնելու Պաքուի բռնատէրին նկրտումներուն մասին։

Էական հարցումը, որ կը հնչէ բոլորին կողմէ այն է, որ արդեօք Արցախը պիտի կարողանայ դէմ դնել այդ նկրտումներուն, արդեօք Արցախցիք պիտի կարողանան ճակատաբաց կերպով դուրս գալ այս բարդ փուլէն։

Պատասխանին մասին մենք ըսելիքներ կրնանք ունենալ, սակայն աւելի քան յստակ է, որ ինչպէս երէկ այսօր եւս այս հարցումներուն հիմնաւոր եւ իսկական պատասխան տուողները դարձեալ պիտի ըլլան իրենք՝արցախցիները։

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ Լաչինի միջանցքին միջոցաւ ստեղծուած այս տագնապը նոր փուլ մը պիտի բանայ Հայաստան-Ատրպէյճան տագնապի մեծ պրիսմակին մէջ, ու մեզի փոխադրէ բաւականին նոր ժամանակաշրջան մը։

Հայաստանի ձեռքերը այս փուլին կարճ են ու կարծէք (ամենատարբեր հիմքերով եւ պատճառներով) պաշտօնական Երեւանը անցած է դիտողի դերի մը, որուն համար այսօր շատ աւելի էական է դիտարկել Թեհրանի շարժումները, կամ Եւրոպացի դէտերու շրջան գալը, քան անկեղծ երկխօսութիւն մը Մոսկուայի հետ։

Իր կարգին աւելի քան յստակ է, որ Մոսկուա կը պատժէ Երեւանը, առանց խորապէս մտածելու այս վարքին հեռաւոր ազդեցութիւններուն մասին, ու պահ մը մոռնալով, որ նոյն Մոսկուան ինչքան ամեհի քայլեր կատարեց իրեն համար վստահելի դարձած Փաշինեանը պահելու իշխանութեան աթոռին։

Այս մօտեցումը անշուշտ ցոյց կու տայ, որ Մոսկուային համար այսօր «հայկական խնդիր» կոչուածը այդքան ալ կարեւոր հարց մը չէ, եւ ասոր վրայ հիմնուելով կարող են ըսել, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հանդէպ եղած ռուսական «ժեստեր»ը կարծէք թէ ներուժը ունին կարճաժամկէտ կտրուածքի վրայ ապահովել Հարաւային Կովկասի «մեծ անդորր»ը, որ անշուշտ կը բխի Վ. Փութինի ընդհանրական շահերէն։

Այլ խօսքով մէկ կողմէ խուսանաւել Հայաստանի հետ, միւս կողմէ գործակցիլ Պաքուի եւ Անգարայի հետ, անգամ նկատելով, որ այս քայլերը կրնան Երեւանին մղել առաջ տանելու շատ աւելի անսպասելի քայլերու ու նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը դարձնելով Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան մէկ նոր թատերաբեմին։

Ամէն պարագայի բեկումնային փուլը կը թուի, թէ մեր դիմացն է ու աւելի քան յստակ է, որ ներկայ «գործառոյթ»ով, որը մեր աչքերուն կը ներկայանայ Լաչինի Միջանցքի ժամանակաւոր փակումով, Ալիեւ կը փորձէ իր մօտ եղող բոլոր քարտերը ի ցոյց տալ նաեւ համոզում մը առաջ բերելով, որ ներկայ պահուն, կամ ամիսներուն ռազմական նոր գործողութիւն մը իրականացնելու ամենատարբեր սենարներն ու ձեւաչափերը դեռ բացառուած են։

Ռուբէն Վարդանեանի մասին եւ ոչ միայն

Լաչինի տագնապէն անմիջապէս ետք Հայաստանի վերլուծական շրջանակներ որոշակիօրէն արդարացի խնդիր մը առաջ քաշեցին։ Այդ հարցադրումը ոչ միայն Ռուբէն Վարդանեան  ներկայ փուլի գործունէութեան մասին էր, այլ յատկապէս եւ մասնաւորաբար կուզէր գծել շրջանակը  նշուած անունին  ընդհանուր ծրագիրներուն, հետեւաբար նաեւ մէջտեղ նետելով «որո՞ւ կը ծառայէ Ռուբէն Վարդանեան»ը կարեւոր հարցադրումը։

Այն պարագային, որ այս անունը շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ոչ միայն կարողացաւ Արցախի քաղաքական տինամիքներուն գլխաւոր առանցքը դառնալ, այլ նաեւ տեղ մըն ալ փորձելով իր ստուերը նետել Երեւանի ներ-քաղաքական խմորումներուն մէջ։

Ճիշդ է, որ երկրորդ պարագային գործառոյթը կ’ընթանար ու դեռ ալ կ’ընթանայ շատ դանդաղ հունով մը, բայց եւ այնպէս աւելի քան յստակ է, որ Արցախի խնդրի այս փուլի «հանգուցալուծում»էն ետք Վարդանեան իր հայեացքները պիտի ուղղէ դէպի Երեւան։

Ամէն պարագայի աւելի քան յստակ է, որ Վարդանեանի «հայկական խաղ»ին մէջ մտնելը եւ այս մակարդակի մտնելը իրմէ պիտի պահանջէ մեծ գիներ, որուն հիմնական վճարողը կրնայ Արցախի ժողովուրդը ըլլալ։

Գուցէ կան հաւասարակշռող ուժեր, որոնք սատար են Վարդանեանին, բայց անոր յայտարարութիւնները, կեցուածքները եւ  Հայաստանի ոչ ռուսամէտ շրջանակներու երեսին նետած խօսքերը մեզի կը յուշեն, որ այս բոլորին տակ կայ ծածկագիր- ծրագիր մը, որուն անգամ առաջին շերտերը դեռ բոլորիս համար հասանելի չեն։

Աւարտելու համար նիւթը աւելի քան պարզ է, որ Հայաստանի իշխանութեան բազմաթիւ խոցելի մօտեցումներու կողքին Արցախի հանդէպ, Արցախի ներ-քաղաքական զարգացումներուն հանդէպ պաշտօնական Երեւանի «անտարբեր» մօտեցումները  արդէն երկու տարիէ ի վեր ստեղծած էին որոշակի «վաքիում» մը, որուն մէջ ալ ծիլ նետէք նոյնինքն Ռուբէն Վարդանեանը, որ ունի հայկական գործօն մը դառնալու որոշակի ներուժ, սակայն մինչեւ այս պահը բացառապէս կը շարժի արտաքին ազդակներու եւ գործօններու կռնակ տալով։

 

 Սագօ  Արեան