ՌԱԿ վերականգնումի խորհրդակցական հաւաք

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սփիւռքատարած շրջաններէն գալով, խորհրդակցական աննախընթաց  հաւաք մը կայացաւ Երեւանի մէջ տարւոյս Նոյեմբեր ամսու առաջին օրերուն ընթացքին, քննարկելու շուրջ 15 տարիներէ ի վեր ոչ-գաղափարախօսական այլ զուտ անհատական նկատումներու բերմամբ յառաջացած ցաւալի երկբեղկումը Կուսակցութեան շարքերէն ներս եւ կարելիութիւնները որոնելու, վերացնելու համար բաժանումը:  Անցեալին, զանազան լուրջ փորձեր կատարուած էին այդ ուղղութեամբ, սակայն հակառակ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեանի հաւաստիացումներուն, մնացած էին ապարդիւն:

Գործակցութեամբ Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հանրապետական Վարչութեան եւ զուգահեռաբար անոր Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին, կարելի դարձաւ ութ երկիրներու՝ Միացեալ  Նահանգներ (Արեւելեան եւ Արեւմտեան Շրջանակներ), Գանատա, Անգլիա, Ֆրանսա, Յունաստան, Եգիպտոս, Լիբանան եւ Իրաք, Կուսակցութեան 21 ղեկավար դէմքերու խորհրդակցական ժողովի մը ընթացքին հաւաքուելու, Երեւան, քայլեր առնելու եւ գործնական միջոցներով վերջ տալու համար անիմաստ երկբեղկումին:  Ներկաներուն մաս կը կազմէին նաեւ, այս լուրջ կացութեամբ մտահոգ ներկայի Կեդրոնական Վարչութեան երկու անդամներ:  Ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Վարչութենէն նշանակուած դիտորդ մը:  Այս խորհրդակցական հաւաքը կը կանխէր ներկայ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ յայտարարուած պատգամաւորական ժողովը, որ ծանուցուած էր թէ պիտի գումարուէր Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ որ սակայն ջնջուած էր Հոկտեմբերի կիսուն:

Կուսակցութեան վերականգնումի այս աննախընթաց ժողովներուն մասնակիցները ողջունեցին Պուէնոս Այրէսի ժողովին ջնջումը եւ արտայայտեցին իրենց ընդվզումը անցնող տասնամեակին ընթացքին Կուսակցութեան անգործութեան նկատմամբ:  Ժողովը մասնակիցներէն ընտրեց վեց անդամներէ բաղկացած Բանակցութեան Յանձնախումբ մը յանձինս՝ Երուանդ Ազատեանի, Դոկտ. Հրաչ Գույումճեանի, Յակոբ Վարդիվառեանի, Արտաւազդ Մելքիսէթեանի եւ Տոքթ. Գէորգ Երզնկացեանի, գլխաւորութեամբ Վարդան Նազիրեանի, որոնք պիտի առաջադրեն Մայք Խարապեանի, որ գործակցաբար շուտով գումարուի միացեալ Պատգամաւորական Ժողով մը եւ ընտրուի նոր վարչութիւն մը, որ ընդունելի դառնայ բոլորին:  Կ’ակնկալուի որ այս մասին ընկեր Խարապեան դրական գործակցութիւն կը ցուցաբերէ յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին:  Հակառակ պարագային, Բանակցութեան Յանձնախումբը լիազօրուած պիտի ըլլայ հրաւիրել Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողով մը, ընտրելու համար կեդրոնական վարչութիւնը:

 

ՌԱԿ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Նոյեմբեր 11, 2015